Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/472

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Բազմաթիւ պարագաներու մէջ ժողովուրդը վճարմամբ պիտի ստանայ պարէն ու ո չ թէ ձրիաբար իբր ողորմութիւն:

Ի վերջ բանի, կրնայ ըսուիլ, թէ թէպէտ այս բանակցութիւնները բաւականաչափ հաջողութիւն գտած են, պարտականութիւն է մատնանշել, թէ Արեւելեան Հայաստանի կացութիւնը տակաւին կը մնայ շատ ծանրակշիռ: Փետր. 11-ի յուշագրին կցուած պատճէնէն կը տեսնուի, թէ Ամերիկեան Նպաստի Յանձնաժողովին վեհանձնօրէն խոստացած ամսական 5000 poco ալիւրը եւ ուտեստը շատ փոքր մասը կը կազմէ սնունդի համար հարկաւոր քանակութեան /դուրս ձգելով սերմնացուն/, հայ ազգին գրեթէ կէսին վրայ վերահաս ահաւոր վտանգին առաջքը առնելու համար, մինչդեռ դեռ իրօք ոչինչ եղած է մեր հայրենակիցները պաշտպանելու ժանտախտի կոտորածներէն եւ պատերազմի մշտակայ վտանգներում դէմ: Պէտք չէ, որ հարկ ըլլայ մատնանշել, թէ մեր ժողովուրդին կեանքերը նոյնիսկ աւելի թանկագին են, քան անկախութիւնը, որուն համար կը շարունակեն դխցազնօրէն տառապիլ: Պէտք է յիշել, թէ ամէն տեսակէտով եւ ամէն բանէ աւելի ժողովուրդն է, որ կարետր է ու էական:

Կը յուսամ, որ Համագումարին անդամները, Պատուիրակութիւնը, Հանրապետութեան ներկայացուցիչները կ՛ըմբռնեն իրօք զարհուրելի կացութիւնը եւ կը ձեռնարկեն ընել անյապաղ ինչ որ հարկ է մեր ցեղին գրեթէ բնաջնջման առաջն առնելու համար:

Այս օրս աս է ամէնէն կարեւոր խնդիրը:

Դաշնակցաց դատին մէջ տառապած ու պատերազմած ըլլալով չի կարելի ու պէտք չէ, որ ձգուինք սովամահ ըլլալու:

Դիւանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պ. Մալքոլմի եւ ապա ժողովը կ՛անցնի օրակարգի:

Պ. Թէքէեան հետեւեալ պատճառները կը ներկայացնէ այժմ ընտրութիւնները անկարելի դարձնող: Գլխաւորն այն է, որ հողը չունինք, երկիրը դեռ մեզի չի պատկանիր, որմէ դուրս մեծ մաս մը կայ ժողովուրդին, որ իր կամքը չպիտի կրնայ արտայայտել:

Յետոյ շատ անբնական դրութիւն մը պիտի ըլլար, որ ժողովուրդը հեռու ըլլար իր ընտրած բառլըմանէն:

Երեւանի խորհրդարանին եւ մեր ընելիք ընտրութիւնները նման չպիտի ըլլան, հետեւաբար անոնց միացումը բառլըման չի կրնար կազմել: Ուրիշ պատճառ մըն ալ այն է, որ ժողովուրդին այս սպառած եւ քայքայուած վիճակին մէջ օգտակար չեմ տեսներ պայքարը, որ ամէն ընտրութիւն իր հետ կը բերէ: Գալով միացեալ կառավարութեան խնդրոյն, ես հետեւեալ արգելքները կը տեսնեմ: Թրքահայ կառավարութիւն մը ստեղծելու իրատւնքը չուզուեցաւ մեզի ճանչնալ: Բազմաթիւ արգելքներ յարուցանուցան այդ առթիւ: Ուրեմն, երբ մենք կառավարութիւն ստեղծելու իրատւնք չունինք, ինչպէ՞ս կընանք եղած կառավարութիւն մը ճանչնալ, որ աւելի ծանրակշիռ բան մըն է եւ որով երկու իղծերէն մէկը բոլորովին ջնջած կ՛ըլլանք: Եթէ այս ժողովը իրաւասու է այս խնդիրը լուծելու, այն ժամանակ առաւել եւս իրաւասու է թրքահայ կառավարութիւն ստեղծելու:

Երկու խօսք նաեւ «ապսորպէ» բառին առթիւ, որ ես արտասանած եմ առաջին անգամ եւ այնպիսի առթիւ մը, որ ան երբեք չՒ ունեցած հիմա իրեն տրուած իմաստը: Եթէ Յանձնաժողովին մէջ կ՚առաջարկուէր կառավարութիւն ստեղծել, երբ ան չընդունուեցաւ եւ առաջարկուեցաւ այստեղէն մարդիկ նշանակել եւ ղրկել, եւ երբ այս ալ չընդունուեցաւ եւ առաջարկուեցաւ եղածն ընդունիլ, այն ժամանակ էր, որ ես ըսի, թէ այս միութիւն չէ, այլ ապսորպսիոն է արդարեւ: Բայց ես չյայտնեցի, թէ ան օգտակար է, վնասակար է կամ աննպատակայարմար: Իսկ ես գլխաւոր մէկ արգելքը Կովկասի կառավարութիւնը ճանչնալուն այն կը նկատեմ, որ Հայկական Հարցը ռուսական հարց մը չէ, այլ Դաշնակիցներուն զբաղած եւ միջազգային խնդիր մը: Երբ տանէինք ու զայն բոլորովին միացնէինք ռուսական հարցին ան իր ծանրութենէն շատ