Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/473

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կը կորսնցնէր ինչպէս եւ իր յատկութիւններէն ու ռեֆերանսներէն, որոնք 30 տարիներու չափազանց դաժան փորձութենէ մը յետոյ ստացուած են: Այս վախն է, որ մեզ կը վարանեցնէ միութիւնը յառաջ բերել եղածը պարզապէս ճանչնալով: Իսկ ո՞րն է այն օգուտը եթէ այդ յայտարարութիւնը կատարենք: Պարզապէս մօրալ օգուտ մըն է, որ արդէն ստացած ենք միութեան այն աքթերով, որ կատարուած են մէմորանտումին մէջ երկու նախագահներուն ստորագրութեամբ, միասնաբար կատարած դիմումներովը եւ զայն մեր բաղձանքներուն ամէնէն մեծը ընելով մէմորանտումին մէջ: Իսկ պաշտօնական աքթը նոր բան մը չաւելցնէր այս օգուտին վրայ եւ սակայն կրնայ իր հետը բերել վերը յիշուած ծանրակշիռ վնասները:

Պ. Ֆնտգլեան նախ իր խորին ցաւը կը յայտնէ այն յայտարարութեանց դէմ, որոնք կարգ մը ժողովականներու Կովկասի Հանրապետութեան դէմ անտարբերութիւն կը մեղադրեն: Պ. Ֆնտգլեան կ՚ըսէ, թէ եթէ նոյնիսկ Հայաստան որեւէ մէկ հողամասին վրայ պատկանէր եւ անկախ ըլլար պաշտամունքին առարկան պիտի դառնար: Ասոր իբրեւ փաստ կը բերէ մեր ունեցած գուրգուրանքը կիսանկախ Զէյթունին համար: Այլ տարբերութիւնը պարզապէս թաքթի պատեհակութեան եւ գնահատումի խնդրոյն մէջ կը կայանայ:

Պ. Ֆնտգլեան կը հարցնէ նաեւ որ կարելի չէ՞, որ Ռուսաստանը դառնայ ֆետերաթիֆ պետութիւն մը, եւ ֆետերասիոնը պարտադիր դառնայ ամբողջ Հայաստանին, երկու հարցերը նախապէս միացած ըլլալով: Ասկէ զատ, խնդիրը լոկ մեր ներքին կեանքին հետ կապ չունի, այլ արտաքին աշխարհի, դիւանագիտական աշխարհի հետ կապ ունի: Պէտք է գիտնալ Դաշնակից պետութեանց ներքին մտաւորութիւնը, թէ ինչ վերաբերմունք պիտի ունենան մեր դատին հետ, երբ մեր թրքահայոց արդէն ճանչցուած ել գնահատուած դատը կցոլի ռուսահայոց, երբ Ռուսաստանի խնդրին առայժմ մոտենալ իսկ չեն ուզեր, կը յիշեցներ Լորտ Քրգընի Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարին նամակը նաեւ միլս էմիլի Ռօպբնսինոյ այնքան ցուրտ տպատրութիւն ըրավ, եւ որուն մէջ բացայայտ կըսէր թէ Կովկասը դեռ Aechnigue կերպով թշնամիի գրաւուած երկիր կը նկատուի եւ չկրնար տոյլատրիլ: Թղթակցութեան կամ դրամի առաքում Կովկաս: Բայց Պ. Ֆնտգլեան կառաջարկէ այժմեանէ իսկ սկսիլ ընտրական օրինագիծը պատրաստել ժամանակ չկորսցնելու եւ միացեալ խորհրդարան ու ապա կառավարութիւն ձեռնարկելու համար:

Պ. Մաթիկեան գլխաւորաբար Պ. Թէքէեանի առաջարկութիւնները անհիմն եւ շատ թոյլ կը գտնէ չիրականացննելու համար այնքան մեծ նշանակութիւն ունեցող միացեալ կաոավարութեան գործը: Ամբողջ ժողովուրդը ատոր կը փափաքի, կըսէ Պ. Մաթիկեան, եւ մենք մինչեւ հիմա արդէն զայն ճանչցած չըլլալով մեծ սխալ գործեցինք ու դեռ կուզենք շարունակել այդ սխալին մէջ մնալ: Պ. Մաթիկեան կը վերջացնէ ըսելով, որ պէտք է անմիջապէս ճանչնալ Կովկասեան կառավարութիւնը, ամէն ինչ ընել, որ միւս պետութիւններն ալ ճանչնան եւ դատեն, որ մեր տուած որոշումները կրնան արդինաւորապէս իրականանալ:

Պ. Միքայէլեանը ցոյց կու տայ, որ ճանաչումը արդէն մեմորանտումէն կը բխի: Հետեւաբար, ճանչնալու կամ չճանչնալու պարագային մէջ ալ մեր դատը ռուսական հարցին կցուելու վտանգը նոյնը կը մնայ: Արդ, քանի որ սկզբունքով ընդունած ենք այդ, հետեւողական ըլլալու համար, պէտք չէ վարանինք նաեւ գործադրութեան մէջ: Ընդհակառակը, մենք պէտք է այդ կատարուած իրողութիւն դարձնենք եւ երբ վաղը Ռուսաստանը մեզ տեսնէ միացած, ուժեղ եւ կազմակերպուած, ստիպուած է նկատի առնել: Եւ այդ ամբողջական գաղափարի սկզբունքին համար երկու մասերը իրարու պաշտպան պէտք է կանգնին:

Պ. Միքայէլեան կը վերջացնէ ըսելով, որ աքթը միեւնոյնն է: Մեմորանտումին մէջ սկզբունքով ընդունիլ գաղափարը, ապա ընտրութեանց սկսիլ միայն: Կամ այստեղէն մարդիկ երթան միութիւնը յառաջ բերելու, կամ համամիտ ըլլալ, որ մէկ քանի ամիսէն սկսին ընտրութիւնները: Ուրեմն, այս ժողովը կիսատ ճամբաներ չի