Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/474

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կրնար բռնել, կամ այն է, որ պիտի ժխտէ այս կամ այն ձեւով միացեալ կառավարութիւնը յառաջ բերելու գործը եւ կամ պիտի ընէ այն մեծ աքթը, որ պիտի հաստատէ ստրկութեան 6 դարերէ ի վեր մեր կորսնցուցած դիրքը:

Պ. Չօպանեան Կովկասի Հանրապետութեան պատգամաւորները կը մեղադրէ, որ իրենց հասած օրէն իսկ խնդիրը այս ձեւին մէջ չդրին, որով եւ այն ժամանակ չքննուեցաւ: Ընդհակառակը, անոնք ըսին պարզապէս, որ եկեր են Պատոփրակութեան հետ միասնաբար գործակցելու համար եւ բաժանումը մինչեւ այսօր մնաց ու նուիրագործուեցաւ մեմորանտումի երկու ստորագրութիւններովը, իրենց տեսակցութիւներովը եւ այլն, եւ այսօր այսպիսի մեծ թէզ մը կը դրուի մեջտեղ: Եթէ այս վիճաբանութիւնները պիտի ըլլար, այն օրն է որ պէտք էր տեղի ունենար: Պ. Ահարոնեան կառաջարկէր, որ փափկանկատութեան համար է, որ առաջին օրէն իսկ խնդիրը մէջտեղ չէ դրուած այս ձեւով եւ մեմորանտումը երկուքին կողմէ ստորագրուած է: Բայց այսպիսի ծանրակշիռ խնդրոյ մը մէջ ինչպէ՞ս կարելի է փափկանկատութեան առարկութիւններ ընել: Իսկ գալով բուն խնդրին ես դարձեալ կը կարծեմ, որ միակ ելքն է հաւաքուիլ նորէն այս բանաձեւին շուրջ, որ արտայայտուած բաղձանքներէն ոչ մէկուն ալ դէմ է եւ կը թոյլատրէ ոեւէ մէկուն ալ իրականացումը: Գլխաւոր երկու հակաթէզեր կային, առաջինը այն, որ կը պաշտպանէր ճանչնալ Կովկասի կառավարութիւնը իբրեւ արդէն իսկ համահայկական, իսկ երկրորդը որ կ՚ըսէր, թէ Հայաստանին մէկ մասը կայ, որ ազատուած է ու իր կառավարութիւնն ունի, միւս մասն ալ կ՚ունենայ իր կառավարութիւնը, որոնք երբ յարմսսր ժամանակը գայ կը միանան: Արդ, երբ համաձայնութիւնը անկարելի կ՛ըլլար, ես կ՚առաջարկէի այս բանաձեւին նախ ողջոյնի եւ սիրոյ խօսքը հանդէպ Կովկասի կառավարոլթեան եւ թելադրել անմիջապէս Երեւանի Արեւմտահայ ժողովին, որ լրացնէ Կովկասեան խորհրդարանը եւ ան ալ ընտրէ միացեալ կառավարութիւնը: Երբ ասոր դէմ ալ ուշ ըլլալու եւ այլ առարկութիւններ եղան, այն ժամանակ էր, որ Պ. Փաստրմաճեան առաջարկեց ասկէ նախարարներ ղրկել, որով հոս պիտի ունենայինք միացեալ մէկ պատոփրակութիւն եւ հոն ալ մէկ միացեալ կառավարութիւն: Այս քոնկրէն պիտի հռչակէր, որ Երեւան ժամանակաւոր մայրաքաղաք է, որ հակառակ հայերու կամքին դեռ ամբողջական Հայաստանը ունենալ չկրնալուս համար ստիպուեր ենք ժամանակատրապէս հոն ընել մեր մայրաքաղաքը: Երբ այս ձեւն ալ չընդունուեցաւ, այն ժամանակ էր, որ բանաձեւեցինք այս գիրը եւ խնդիրը ուզեցինք ձգել Պատոփրակութեան, որ թերեւս լուծում մը յաջողէր գտնել: Խնդիրն այս վիճակին մէջ էր, երբ ընտրութեանց օրինագծի մշակման հարցը դրուեցաւ հոս եւ որ իր հետ բերաւ ամբողջ խնդիրը: Պ. Չօպանեան բուռն կերպով միշտ կը հերքէ այն կարծիքները, որոնք չկամութիւն կը տեսնեն խնդրին լուծման մեջ: Անոր բուն հիմը հոն չէ, հոն որ Հայկական Հարցը հիմնուած է թրքական բարբարոսութիւններուն ու լուծին վրայ եւ որուն համար կան միջազգային աքթեր, միջազգային անցքեր, որոնք աւելորդ է յիշել: Հայկ. Հարց ըսելով, բոլոր պետութիւններն ալ զայն միացած կը նկատեն թրքական խնղրոյն եւ ինչ որ շատ լաւ Երեւան կու գայ այն պատասխանին մէջ, որ ամերիկեան կառավարութիւնը տուած է Պ. Փաստրմաճեանի Հայկական Հանրապետութիւնը ճանչնալու եւ հայերը պէլիժերան ճանչցնել տալու իր դիմումին:

Պ. Փաստրմաճեան ճշդում մը կ՚ընէ ըսելով, որ պետական անձնաւորութխններ միշտ խորհուրդ տուած են, թէ պէտք է Հանրապետութիւնը առաջ քշել պէլիժերան ճանչցունելու համար:

Պ. Չօպանեան կըսէ, որ պէլիժերան ճանչցուելու համար պէտք էր Հանրապետութեան հռչակումէն առաջ ու մանաւանդ առմիստիսէն առաջ աշխատուեր հիմնուելով ամբողջ հայ ժողովուրդին պատերազմին սկիզբէն իսկ Դաշնակիցներուն մատուցած ծառայութեան վրայ: Արդ, այս բոլոր մեր բաղձանքները դարձեալ կ՚արտայայտուին մեր բանաձեւովը, այսպէս կամ այնպէս Թրքահայաստանի ազատագրումը եւ պիտի կատարուի, կը մնար մեգի բաղձանքը յայտնել, որ մեր բուռն