Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/475

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

փափաքն է տեսնել Կովկասեան Հայաստանի միացումը Թրքահայաստանին: Թրքահայաստանը անպատճառ պիտի կազմուի իբր ազատ երկիր: Արդ եւրոպական պետութեանց շահուն համար իսկ, ատոր շնորհքս կը վերնայ ռուսական վտանգը Կովկասեան Հայաստանի համար, որովհետեւ եթէ նույնիսկ Ռուսաստանը այսպիսի մեծ գրաւումներ ընելու չափ զօրանայ, այդ շատ ուշ պիտի ըլլայ եւ մտածել Թրքահայաստանը գրաւել Անգլիան երբեք թոյլ չի տար զայդ: Պ. Չօպանեան նորէն կառաջարկէ համախումբոփլ այդ բանաձեւին շուրջ:

Պ. Հինդլեան. Անգամ մը եւս հոս կը շեշտոփ համերաշխութեան եւ համաձայնութեան անհրաժեշտութխնը բերուած առաջարկին առթիւ: Շատ բաղձալի է, որ խնդրի նկատմամբ եւս այս ժողովը համերաշխ արտայայտութիւն մը ունենայ, սակայն երբ մերձեցման կէտեր չի գտնուին հակառակ ըմբռնումներու միջեւ, բնական է, որ համերաշխութխն չի կրնար գոյանալ համոզումներ եւ հասկացողութխններ ղրկելով: Բռնազբօսիկ համերաշխութխն մը չէ, որ մեզ պիտի միացնէ հոս եւ նամանաւանդ ասկէ դուրս: Բաւական է միայն գիտակցութխնը ունենանք, սակայն ճշգրիտ եւ ամբողջական գիտակցութխնը այն խիստ պատասխանատու շրջանին, զոր կապրինք այսօր, եւ միւս կողմէ համեստ ըլլանք ամէն մէկու տրուած հարցին առթիւ մեր ունեցած ձեռնհասութեան մէջ, որպէսզի իրական համոզումներ ունենանք կանխակալ կարծիքներու եւ նախասիրութիւններու տեղ: Վիճելու ատեն չէ հիմա եւ ոչ ալ քաղաքական փորձերու /էքսբերիմենթներու/:

Կառաջարկուի այս ժողովին մասնակցող մէկ քանի անդամներէն,- քաղաքական հոսանքի մը ներկայացուցիչներէն,- որ Համագումարն իր նիստերը փակելէ առաջ Միացեալ Հայաստանի մը ստեղծման համար' Երեւանի Հայ Հանրապետութիւնը հռչակէ ամբողջ հայ ազգին, իբր բոլոր հայերուն միակ կառավարութիւնը:

Այս առաջարկը պէտք է քննել միակ տեսակէտէ: Նման ուղղութիւն մը, ընթացք մը այս Համագումարին կողմէ որքա՞ն կրնւսյ օժանդակել եւ ինչքա՞ն ձեռնտու է զօրացնելու մեր միջազգային դիրքը ներկայ քաղաքական պայմաններու մէջ, եւ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ներգործել մեր դատին յաջողութեան համար: Երբ այս տեսակէտէն քննելով խնդիրը հաստատ համոզում մը գոյացնենք եւ ամէնքս ալ որոշապէս տեսնենք, թէ ասով մենք կը բարելաւենք մեր դիրքը, ուրեմն ուրիշ բան չի մնար, բայց եթէ ընդունիլ առաջարկը: Երկու օր է, որ առաջարկողները կը խօսին եւ սակայն ոչ մին մեզի ցոյց չտուաւ, չպարզեց այդ ուղղութեամբ եւ ոչ իսկ Պ. Օհանջանեան կրցաւ շօշափելի փաստ մը տալ այս առաջարկին անժխտելի եւ անվիճելի օգուտներուն մասին: Ո՞վ մենէ կրնայ հերքել, մերժել, որ նման ընթացք մը մեր ներքին կեանքին մէջ կրնայ նոր եւ մեծ ոգեւորութիւն մը /elan/ ստեղծել, աւելի մեծ զոհողութիւններու տրամադրութիւններ պարտադրել ազգին բոլոր նիւթական եւ բարոյական ոյժերը համախմբելով: Ել սակայն ասիկա չէ կարեւորը եւ կամ աւելի ճիշդ այս օգուտը անբանական է եւ չարդարանար երբ ասիկա կ՚ըլլայ ի գին քաղաքական սխալի մը մեր միջազգային դիրքը խախտելով, տկարացնելով անոնց հանդէպ, որոնցմէ կախում ունի մեր հարցին լուծումը:

Եթէ Երեւանի հայ կառավարութխնը ճանչցուած ըլլար Քոնֆերանսին կողմէ, եթէ անոր միջազգային դիրքը ճշդուած ըլլար, մի՞թէ կարելի էր կասկածիլ վայրկեան մը. որ այս Համագումարը իր առաջին գործը չպիտի նկատեր զայն յայտարարելու նաեւ իր կառավարութիւնը: Եթէ Երեւանը եւ ընդհանրապէս Հայ Հանրապետութեան կառավարութեան տիրած հողամասերը ըլլային փոխան Ռոաիոյ Թուրքիայի հողամասերը, վայրկեան մը չպիտի ուշանայինք միանալու եղած առաջարկին: Հայկական Հարցը միջազգային հարց չէ: Միջազգային խնդիրը Թուրքիան է:

Հայաստանը եւ Հայկական Հարցը այնքան ալ միջազգային է, որքանով որ մաս կը կազմէ Թուրքիոյ, եւ, հետեւաբար, ստորադասուած Թուրքիոյ ընդհանուր ճակատագրին, միջազգային ընդհանուր դրութեան: Ցաւալի իրականաթիւն է ասիկա,