Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/476

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

սակայն տուեալը, դրական տուեալը այս է: Ռուսիան միջազգային հարց չէ եւ այս Քոնֆերանսը, բացի Բոլոնիայէն, ոչ միայն չզբաղիր Ռուսիոյ հարցով, այլ մօտենալ իսկ անոր չուզէր, որովհետեւ չուզէր ուժանակով լեցուն տեղի մը մօտենալ:

Մեր ուղղութիւնը, եւ, եթէ կարելի է ըսել մեր քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ դրական: Գոնէ այս անգամ, այս այնքան փափուկ եւ այնքան պատասխանատու շրջանին: Սկսած Պերլինի Դաշնագրէն մինչեւ 1914-ի ընդհանուր պատերազմը. Հայկական Հարցը միշտ եղեր է մաս թրքական հարցին, այդ տեսակէտով մենք որոշ ստացուած իրաւունքներ ունինք նոյնպէս արիւնով եւ զոհերով շահուած: Անոնց վրայ պէտք է հիմնուինք, իսկ ընդհանուր պատերազմէն մինչեւ Armistice ել անկէ վերջ մինչեւ այսօր, նոյնպէս նոր շահուած իրաւունքներ ունինք, որոնք գլխաւոր առանցքը կը կազմեն մեր այսօրուան պահանջներում: Ընդունիլ եղած առաջարկը, որ կու գայ Պ. Բրօֆ. Խաչատուրեանէ եւ իր համախոհ ընկերներէն կը նշանակէ շրջել գլխիվայր այս ամէնը եւ փոխադրել մեր իրաւունքներուն ծանրութեան կեդրոնը այլ տեղ, Հայկական Հարցէն Ռուսական Հարց շինել: Այսքան խիզախ քայլի մը պատասխանատուութիւնը ստանձնելու քաջութիւնը կը պակսի ինծի:

Կրնայ առարկուիլ, թէ եղած առաջարկը չի փոխեր մեր ուղղութիւնը եւ Երեւանի հայ կառավարութիւնը նոյնքան կրնայ այս իրաւունքներու հիման վրայ մեր պահանջները հետապնդել, որքան Ազգ. Պատուիրակութիւնը, որ այս ժողովէն կընտրուի:

Ճիշդ պիտի ըլլար թերեւս առաջարկութիւնը, եթէ նկատի չառնուէր, որ զուտ ռուսական հողամասերու մէջ հիմնուած պետութեան մը կառավարութիւնը, հիմնաւոր բոլորովին նոր քաղաքական donne-ներու վրայ, որոնք դեռ ոչ մէկ միջազգային sanction-ը չունին, չի կրնար այլ պետութեան մը հանդէպ, Թուրքիոյ նկատմամբ այն զօրաւոր դիրքը ունենալ, ինչպէս նոյն պետութեան մինչեւ երէկ մասը կազմող եւ ասկէ վնասուած, հալածուած եւ ջարդուած ժողովուրդը, զայն ներկայացնող Ազգ. Պատուիրակութիւնը, որ /ասիկա երբեք չպէտք է մոռնանք/ 4-5 տարիներէ ի վեր անվիճելի իրաւունքը ունի խօսելու, պահանջելու եւ բանակցելու Խաղաղութեան Վեհաժողովը կազմող չորս մեծ պետութեանց հետ:

Պ. Չօպանեան կը կարծէ, թէ եթէ հարկ եղած աշխատանքը ըլլար հայերը կրնային աթոռ մը ունենալ Խաղաղութեան Վեհաժողովին մէջ եւ օրինակ կու տայ չեխօ-սլովաքները: Չեմ գիտեր որքան ճշգրիտ կրնար ըլլալ իր մատուցումը, սակայն, օրինակը համոզիչ չէ, որովհետեւ չեխօ-սլովաքները մաս կը կազմեն Աւստրօ- Հունգարիոյ, իսկ այդ երկրին հանդէպ imperialist միտումներ չունին այն պետութիւնները, որոնք Թուրքիոյ մէջ դարէ մը ի վեր միշտ իրենց ապագայ ժառանգութիւնը տեսեր են: Որքան զգոյշ պիտի ըլլանք մենք այսօր մեր քաղաքականութեան մէջ, նկատելով որ ոչ միայն մեր թշնամիները այլ բարեկամներն իսկ, իրենց աշխարհակալական ձգտումներէն առաջնորդուած, այնքան տրամադիր չեն կրնար ըլլւսլ մեր պահանջներուն նկատմամբ եւ, հետեւաբար, պիտի ուզեն մեզի դէմ գործածել մեր ամէնափոքր իսկ սխալը: Ընդունիլ Երեւանի հայ կառավարութիւնը որպէս միակ ներկայացուցիչը հայութեան պիտի նշանակէր մեզ հեռացնել մեր թէրէնէն /terrain, հողէն/: Ասիկա կրնան օգտագործել մեզի դէմ մեր բարեկամներն իսկ, ինքզինքնին ազատ նկատելով ամէն տրուած անկաժըմանէ:

Կը վերջացնեմ:

Կըսուի Երեւանի հայ կառավարութիւնը ճանչնալ այս Համագումարին կողմէ: Ասիկա կատարուեցաւ քանիցս այն օրէն, երբ Պ. Ահարոնեանը հասւսւ հոս, memoire-ը ստորագրուեցաւ նաեւ Republique-ի ներկայացուցիչէն, ասկէ ետք երկուքն ալ Համաժողովին ներկայացան եւ խօսեցան: Միեւնոյն ատեն մինչեւ այսօր դիմումներ կըլլան երկուքին, երկու Նախագահներուն կողմէ: Ասկից աւելի ի՞նչ կը նշանակէ ճանչնալու խնդիր ընել հոս: Եթէ Պ. Միքայէլեան այնքան անտրամաբան illogique պարագաներ ցոյց տուաւ անոնց նկատմամբ, որոնք ասկից նախարարներ