Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/477

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նշանակելու եւ Երեւան ղրկելու առաջարկը կ՚ընէին, ինքը նոյնքան անտրամաբանական չէ՞, երբ այսօր Պ. Խաչատուրեանին կը միանայ, առաջարկելով Երեւանի հայ կառավարութիւնը ընդունիլ միակ կառավարութիւնը ամբողջ հայոլթեան. իսկ դեռ երկու օր առաջ մասնակցեցաւ Ազգ. Պատուիրակութեան ընտրութեան այս Համագումարին կողմէ հետապնդելու համար համահայկական պահանջները: Ես ամէնէն բարեբախտ եւ նախախնամական կը նկատեմ այն պարագան, երբ առանց այս Համագումարին հարցնելու երկու Նախագահները ստորագրեցին մեր memoire-ը: Թերեւս, եթէ հարցուեր, դժուար, թէ այս լուծումը ստանար: Այն օրէն մեր ուղղութիւնը որոշ է: Ագգ. Պատուիրակութիւնը եւ Հանրապետութիւնը մեր քաղաքական պայքարին երկու բերդերն են, երկու ամրութիւնները, որոնք համաձայնուած, ներդաշնակուած գործակցությամբ ու աշխատակցութեամբ, մէկ ճակատ եղած, մեր պահանջները պիտի հետապնդեն: Հիմա կրնամ պատասխանել Պ. Ահարոնեանին ասկէ մէկ քանի օր առաջ ըրած հարցումիս թէ ի՞նչ պիտի ընենք եթէ միայն զինքը կանչեն Համաժողովին: Առաւել եւս լաւ, դուռ մը եւս ունինք Համաժողով մտնելու համար, անկէ պիտի մտնենք, Պ. Ահարոնեան:

Այսօրուան համար մեր ազգային միակ հարստութիւնն են այս երկու բերդերը: Պահենք, զգոյշ ըլլանք պահելու մեր ազգային այս հարստութիւնը առանց զայն բաժնելու, առանց զայն կոտորակելու եւ ատով անոր արժէքը կորսնցնելու:

Բրօֆ. Ա. Տէր-Յակոբեան կը յայւոնէ իր խորին վիշտը թրքահայի եւ ռուսահայի զանագանութեան համար, ինչ որ Պոլիս չեն գիտցած այդպիսի բան: Կ՚առաջարկէ վերջ տալ խնդրոյն, քանի որ այդ մասին արդէն որոշում կայացած է, թէ այդպիսի բան ընել չկրնալնուս համար կընտրենք միացեալ Պատուիրակութիւն: Իրեն ուղղուած հարցումին վրայ Բրօֆ. Տէր-Յակոբեան կը պատասխանէ, թէ ինք ալ այսպիսի ժամանակ նման յայտարարութիւն մը յարմար չի տեսներ:

Նիստը վերջացաւ ժամը 8-ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 32, թթ. 6-24: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 37-րդ

8 Ապրիլ 1919.

Նիստը բացուեցաւ ժամը 7-ին, Նորատունկեան էֆ.-ի նախագահութեան տակ, 23 անդամներու ներկայութեամբ:


Օրակարգ.

Միացեալ կառավարութիւն ստեղծելու խնդիրը

Պ. Հանըմեան նախ կը շէշտէ այն կէտը, թէ ժողովը պէտք չէ աշխատի խուսափիլ, որովհետեւ Պատուիրակութեան ձգուելու առաջարկներ կան, այս խնդրոյն լուծման պատասխանատուութենէն, եթէ նոյնիսկ ան շաբաթ մը եւս պահանջէ: Այս խնդրոյն շուրջ գլխաւոր չորս հոսանք կայ: Ա.- այն, որ կը պահանջէ ճանչնալ անմիջապէս Կովկասի կառավարութիւնը իբրեւ կորիզ ամբողջ Հայաստանի կառավարութեան եւ միջոցներ ձեռք առնել միացեալ խորհրդարան եւ կառավարութիւն ստեղծելու համար: Բ.- այս Համագումարը զուտ արեւմտահայ նկատել եւ մէջէն նախարարներ ընտրելով ղրկել Կովկաս: Գ.- այն, որ շատ չարտորար եւ կ ըսէ սպասենք քիչ մը նայինք ի՞նչ կ՚ըլլայ եւ առ այժմ խորհրդարանի ընտրութեանց ձեռնարկենք: Դ.- որ բոլորովին աւելորդ կը նկատէ կարգ մը դժուարութեանց համար թէ խորհրդարանը եւ թէ կառավարութիւնը: