Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/478

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Հանըմեան. նախ վերջին հոսանքին դէմ հետեւեալ հակառակ պատճառաբանութիւնները կը բերէ: Վերջին հոսանքին իբր գլխատր պաշտպան Պ. Թէքէեանը արտայայտուած է, որ չուզեր այս ժողովին տալ միացեալ կառավարութիւնը ճանչնալու իրաւասութիւնը: Սակայն Պ. Թէքէեանը ինքն էր, որ այնքան ջերմօրէն պաշտպանած էր այս ժողովին հեղինակութիւնը եւ նոյնիսկ կ՚առաջարկէր իբրեւ քոնթրոլ ընող մարմին միշտ մնայ Պատուիրակութեան վրայ, այս հակասութիւն է: Իսկ իբր պատասխան Պ. Հինդլեանին այն կըսեմ, որ լաւ է թերի կազմով խորհրդարան մը ունենալ, որ քոնթրոլ ընէ կառավարութեան վրայ, քան թէ զայն ձգել անպատասխանատու եւ ինքնագլուխ: Անհիմն է նաեւ ժողովուրդին խորհրդարանէն հեռու ըլլալու պատճառաբանութիւնը, որովհետեւ քանի մը տարիէն խորհրդարանը շրջապատուած պիտի ըլլայ հայերէն եւ յետոյ Երեւանի մէջ 4-5 հարիւր հազար թրքահայ զանգուած կայ: Պայքար առաջ գալու առարկութիւնը շատ թոյլ է: Յետոյ մինչեւ հիմա ո՞ւր կանոնաւոր եւ լաւ կատարուած են ընտրութիւնները, ինչո՞ւ ասկէ յետոյ գէշ պիտի կատարոփն: Գ.-րդ հոսանքին տարբերութիւնը այն է Գ-րդէն, որ անոնք չեն ուզեր անմիջապէս ճանչնալ Կովկասի կառավարութիւնը իբրեւ ամբողջական: Բ.-րդ հոսանքին դէմ այն առարկութիւնը ունիմ, որ այստեղէն գացած նախարարները օդին մէջ պիտի մնան, խորհրդարանին պատասխանատու չեն եւ այլն:

Պ. Տէր-Ստեփանեան. Բ.-րդ հոսանքին կարծիքը քոմբրոմի մըն է:

Պ. Հանըմեան. Իսկ Ա. հոսանքին դէմ եղած առարկութիւններէն գլխաւորը ռուսական հոսանքն է որու արդէն Պ. Օհանջանեան պատասխանեց: Եթէ նոյնիսկ պատահի, որ Կովկասը ապագային միանայ Ռուսաստանին, մեր Արեւմտեան Դատը դարձեալ չվնասոփր: Այսօրուընէ իսկ ճանչնալով Կովկասի Հանրապետութիւնը, այս հարցը ոչինչով կը փոխուի, մինչդեռ ճանչնալով զայն քաղաքական հասունութեան առիթ մը կատարած կ՛ըլլանք: Պ. Աճէմեանի առաջարկը, թէ Կովկասը յայտարարէ միացած Թրքահայաստանին, անհիմն է, որովհետեւ ինչպէ՞ս գոյութիւն չունեցողին հետ գոյութիւն ունեցողը միանայ, տրամաբանականը հակառակն է: Մեր դատը պիտի տուժէ, կ՛ըսեն, եթէ զայն Կովկասինին միացնենք: Ո՛չ, սխալ է, որովհետեւ մենք միշտ պիտի ունենանք մարմին մը, որ պիտի պաշտպանէ ոչ-ազատագրուած հայութեան դատը, ինչպէս որ յունական խնդրին մէջ տեղի ունեցած է:

Գալով Փաստրմաճեանի դիմումին տրուած ամերիկեան պատասխանին հոս մէջ բերուելուն, այն կ՛ըսեմ, որ մեր բռնելիք ուղղութիւնն ու բաղձանքները չպէտք է ձեւենք օտարներու արտայայտած տեսակէտներուն վրայ: Յետոյ, ո՞վ յայտարարած է, որ Թրքահայաստանը անկախ պիտի ըլլայ: Մենք պէտք չէ, որ վերջինը ըլլանք Հանրապետութիւնը ճանչնալուն մէջ, եւ. եթէ ճանչնանք, բարոյական օգուտէ զատ դրական գործ մը կատարած պիտի ըլլանք: Մենք անկախութիւն կը մուրանք եւ մեր ձեռք բերած անկախութեան չենք փարիր զայն միւսներուն ալ ճանչցնելուն համար: Այս ձեւով մեր դատը ոչ միայն ամուր կռուանի մը վրայ դրած պիտի ըլլանք, այլ նաեւ իրաւունքներ տուած պիտի ըլլանք անոր, որ չազատագրուած երկրամասերն ալ գրաւէ եւ խօսի բոլորին անունով:

Պ. Չօպանեան. Պատուիրակութեանց երկու նախագահները արդէն խնդրած են Դաշնակից կառավարութիւններէն, որ թոյլ տրոփ Հայկական Հանրապետութեան գրաւել Թրքահայաստանը:

Պ. Հանըմեան. Եթէ Հայկական կառավարութիւնը ինքնագլուխ ընէ այդ, այն ժամանակ Դաշնակիցները իրաւունք կ՛ունենան բողոքելու, մինչդեռ մեր միակ միջոցը հիմա այդ կը մնայ, որ Հայկական Հանրապետութիւնը գրաւէ միւս մասը եւ որուն համար պէտք է անմիջապէս ճանչնալ զայն, ուժեղացնել եւ մեծցնել բանակը:

Պ. Թէրզիպաշեան. Ես կը փաՓաքէի, որ Պ. Օհանջանեան այստեղ ըլլար, վասնզի իմ խօսքերը պիտի պատասխանէին նորա Շաբաթ օրուան առաջարկներում: Հոգ չէ, ես կը խօսիմ նորա բացակայութեան, որպէսզի Համագումարի պւստմութեան մէջ անցնի: