Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/479

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Օհանջանեան իւր առաջարկը այսպէս բանաձեւեց, թէ թրքահայեր պէտք է ճանչնան Երեւանի արդէն գոյութիւն ունեցող կառավարութիւնը, որպէս փաստ: Ան մէջ բերեց. Ա. Պոզկարիոյ, Ամերիկայի եւ Միջագետքի պատգամատրներու այն յայտարարութիւնները, թէ գիրենք ղրկող ժողովուրդին բուռն ցանկութիւնն է ճանչնալ Երեւանի կառավարութիւնը: Բ. որ մեր ամբողջ իրականութեան մէջ, որպէս ռեալ ոյժ հանրապետական կառավարութիւնը միայն կայ, որ ունի իր խորհրդարանը, բանակը եւ այլն եւ որին պէտք է կռթնել, ինչ որ Պուլկարիոյ, Ամերիկայի եւ Միջագետքի ժողովուրդի ցանկութեան կը վերաբերի: Ես չեմ կարծեր, որ նոքա Երեւանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու շեշտուած եւ բանաձեւուած պահանջ դրած ըլլան: Պուլկարիոյ պատգամաւոր Տոքթ. Սայեանի այս մտօք յայտարարութեան դէմ երբ իւր Պուլկարիոյ քոլեկը բողոքեց, տոքթորը խոստացաւ յաջորդ օրը բերել համապատասխան մանտա, իսկ յաջորդ օրը ան ոչինչ չբերաւ եւ մեկնեցաւ Պուլկարիա: Բանէն դուրս եկաւ, որ պլըֆ մըն էր իւր այդ յայտարարութիւնը:

Պ. Շանթ. Կը բողոքեմ, չվայլէր բացակայ ընկերոջ հանդէպ գործածել այդ բառը, պէտք է ետ առնէ պլըֆ բառը:

Պ. Թէրզիպաշեան. Ես կը կարծեմ, որ պլըֆ բառը խորհրդարանի մէջ ետ առնուելիք բառ մը չէ, բայց քանի որ Պ. Շանթ այդպէս կը կարծէ, ես ալ կ՛ուզեմ բացակայ ընկերոջ մը հանդէպ այնքան ազնիւ ըլլալ, որքան ինքն Պ. Շանթը եւ ետ կ՛առնեմ: Արդ, ես կը կարծեմ, որ այս յայտարարութիւնները ընողները կը շփոթեն ժողովրդեան միութիւն հռչակելու ցանկութիւնը Երեւանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու ծեփն հետ: Հոս գտնուող ամէն պատգամատրներս ալ զանազան առիթներով թարգման եղած ենք ժողովուրդի միութեան կամ միացեալ կառավարութիւն հռչակելու ցանկութեան: Բայց ահա Սրբազանը, որ Պոլիսէն կու գայ, մենք որ Կովկասէն, ուրիշներ զանազան վայրերէ, այդ տեսակ բանաձեւեր չենք լսած - ցանկութեան հիմքը միութիւնն է, որան ժողովուրդը կրնայ ձգտիլ, բայց միացեալ կառավարութեան ծեփ մասին ժողովուրդը ոչ մտածեր է, ոչ ալ կրնայ մտածել, վասնզի անոնք քաղաքականութեան գործեր էին, եւ կարելի չէ այդ մտօք մանտա տալ: Բայց պահ մը սեպենք, թէ ժողովուրդը իր ցանկութիւնը բանաձեւեր է այնպէս, ինչպէս կը յայտարարեն Պուլկարիոյ կամ Ամերիկայի պատգամաւորները: Կարելի՞ է ժողովուրդի մէկ մասի զգացումներում վրայ շրջել կատարուած իրականութիւնը: Այստեղ քաղաքական աքթեր (acte) կան կատարուած, որոնց հիմքը թրքահայ դատն է: Ես չեմ կրկներ այդ դատի հին պատմոլթիւնը, ես կը խօսիմ անիծեալ Նոյեմբերէ վերջը տեղի ունեցած քաղաքական աքթերու մասին: Դուք կը յիշէք, որ Ուիլսոնի 14 պայմաններէն մէկը կը տրամադրէր Թիւրքիոյ զանազան ազգերու համար, ֆիզիկական գոյութեան եւ ազատ զարգացումի համար ապահովութիւն եւ օթոնոմիա: Արդ, Թիւրքիա, Նոյեմբերի 11-ին Ուիլսոնի տասնեւչորս պայմաններու հիման վրայ ստորագրած ըլլալով զինադադարի պայմանները, ընդունած է նաեւ հայերու օթոնոմիան: Գերմանիա եւ միւս զինակիցներն որպէս հաշտութեան հիմք ընդունած ըլլալով Ուիլսոնի զինադադարի պայմանները, ընդունած են նաեւ հայերու օթոնոմիան: Անկից վերջ դուք կը յիշէք Դաշնակիցներու այն պաշտօնական յայտարարութիւնները, որոնց հիման վրայ հայեր թրքական լուծէն ազատուած եւ Ազգերու Միութեան պաշտպանութեան ներքեւ կը գտնոփն (ձայներ.- ո՞ւր են այդ պաշտօնական յայտարարութիւնները): Եթէ հետեւած էք թերթերում, պէտք է իմացած ըլլայիք այդ բանը: Կրնանք հարցնել Պատոփրակութեան Նախագահին:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա.- C'est juste, parfaitement.

Պ. Թէրզիպաշեան (շարունակելով). Սա մեր քաղաքական շէնքի հիմքն է: Հիմա քննենք, թէ ինչպէ՜ս կաոուցուած է շէնքը: Ամէնքդ ալ գիտէք, թէ Պօղոս Փաշայի նախագահութեան ներքեւ գտնուած հայ Ազգային Տելեկասիոն Նոյ. 30-ին յայւոարարած եւ առանձին նոթով Դաշնակիցներուն յայւոնած է միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը հետեւեալ ֆորմուլով. «Թարգման ամբողջ ազգի ցանկութեան, որի մէկ