Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/480

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մասը Կովկասի մէջ անկախ հանրապետութիւն կը կազմէ, կը յայտարարեմ Ամբողջական Հայաստանի անկախութխնը եւ այլնը»: Արդ ոչ ոք չկրնար անգիտանալ, որ Հանրապետութխնը չէ ճանչցուած, կամ նորա ոէալ ոյժեր յայտարարուած անկախութեան ոյժերը չեն: Խնդիրը դորա վրայ չէ, այլ, ինչպէս ըսի, շէնքի հիմքին եւ կառուցուածքին վրայ: Այս քաղաքական աքթէն վերջ, Փետրուար 12-ին նորէն Ազգ. Պատուիրակութիւնը բոլոր հայ ազգի անունով կը դիմէ Քոնֆերանսին, եւ միշտ միեւնոյն միջնակէտէն, այսինքն թրքահայ դատէն սկսելով իւր արկիւմանթասիոնը, Կը պահանջէ ուրիշ սահմաններու մէջ հայոց անկախութեան հաստատութիւնը եւ այլն: Իսկ Հանրապետութեան ներկայացուցիչը իւր ստորագրութեամբ կը հաստատէ, ոյժ կու տայ Տելեկասիոնի պահանջներուն: Իսկ մէկ առանձին տեղ Կովկասեան բաժինն իր կողմէ կը յայտարարէ հետեւեալը. «Որովհետեւ . Հայաստանի ամէնամեծ մասը ազատուած է Թիւրքիոյ խորտակումով, անկարելի է այլեւս ռուսահայ ձգել Հայաստանի մի մասը»: Հիմա կը տեսնա՞ք, Պ. Հանըմեան, որ թրքահայ հարցն է, որ գոյութիւն ունի եւ ոչ թէ ռուսահայ, իսկ Ռուսահայաստանի մէջ կան ռէալ ուժեր, զորս պէտք է միացնել բուն հարցին: Ես չեմ խօսի անպաշտօն տեսակցութխններու, հաւաստիքներու, կիսապաշտօն յայտարարութիւններու մասին, որոնց նմանները շատ լսած ենք եւ յոաախաբ եղած, նոքա խօսքեր են որք կը թողին, ես ասացի ինչ որ չթողիր, ինչ որ թուղթի վրայ մնացեր է: Այսպէս գործը քննելով իր տօքիւմենթներով կը տեսնանք, որ մեր քաղաքական շէնքը 100-ին 90-ով կառուցուած է: Ես չեմ ժխտեր, որ քաղաքական աննպաստ պայմաններ չեն կրնար աննպաստ ւիոփոխութիւններ կամ դժուարութիւններ չառաջացնել: Բայց ներկայ րոպէի դրութիւնը այն է, ինչ որ կը պատկերացնեմ: Արդ, ինչո՞ւ կուզէք, որ մէկ հարուածով քանդելու ելլենք այս կառուցուածքը: Երեւանի կառավարութեան ենթարկելով թրքահայ դատը, մենք մեզի աննէքսէ կ՛ընենք հողամասի մը, որ միջազգային օրէնքով ռուսական է: Ձեզ յայտնի է, որ Ռուսական Յեղաւիոխութեան պատճառով այսօր Ռուսաստան գոյութիւն ունին զանազան կառավարութիւններ, որոնց հետ Դաշնակիցները յարաբերութիւն կը պահեն պարզ այն պատճառով, որ այդ բանը անհրաժեշտութիւն կը համարեն տեղական կարգ պահպանելու համար: Բայց դուք գիտէք նաեւ, որ ո՛չ Դաշնակիցները, ո՛չ ալ ռուսական այս կամ այն հոսանքը, Բոլոնիայէն զատ, չեն ճանչցած յիշուած կառավարութիւնները: Հիմա ինչպէ՞ս կուզէք, դուք որ թրքական բովէն մեր հարցի քիչ թէ շատ կռուած, կոփուած երկաթը հանենք եւ տանինք այն բովի մէջ ձգենք, որ ռուսական մարքա կը կրէ, որուն Դաշնակիցները յայտարարած են, որ չպիտի դպչին: Մենք ամէնքս ալ գիտենք, որ Դաշնակիցներուն համար շատ աւելի հեշտ է գործ ունենալ Թուրքիոյ պէս քաղաքակրթութեան առջեւ վարկաբեկ եւ քայքայուած պետութեան մը հետ, քան Ռուսիոյ պէս 170 միլիոննոց ժողովուրդի հետ: Պ. ՕհաՕջանեան անցեալ օր փոշիացած անուանեց այդ պետութիւնը: Ես չեմ ըմբռներ, թէ հայ մը ինչպէ՞ս կրնար փոշիացած համարել պետութիւն մը, որ ամէն վեց ամիսը անգամ մը հայերու չափ ժողովուրդ կը ծնի:

Միեւնոյն մտահոգութիւնն ունինք նաեւ ասիսթան պետութեան համար: Առնենք Ամերիկան: Կը կարծէ՞ք, որ ան յօժարութիւն պիտի ունենայ մեր մանտան վերցնելու, երբ տեսնայ, որ վաղ թէ ուշ գործ ունենալու է ռուս ժողովուրդին հետ: Խօսք չի կրնար ըլլալ քատէթներու մօտիկ օրերս ընելիք յայտևյրարութեան մասին, կարելի չէ վէրէսիցէ տոքիւմաններու վրայ քաղաքականութիւն հիմնել, որ եթէ կանխիկ ալ ըլլայ արժէք չունի, վասնզի այսօր ոչ ոք Ռուսիոյ անունէն չկրնար խօսիլ: Այդ տեսակ խոստումներու կարեւորութիւն տալ քաղաքական սխալ մը կ՛ըլլար: Արդէն ահաւոր սխալներ:

Պ. Համբարձումեան. Ի՞նչ սխալներ են, կրնա՞նք իմանալ:

Պ. Թէրզիպաշեան. Չէ՞ք կարծեր, որ սխալ էր, որ մենք 1911-ին Երրորդութեան եկեղեցին միթինկ կազմեցինք Ռուսիոյ դէմ եւ «Անկցի ցարիզմը» պոռացինք, իսկ 1914- ին միեւնոյն ցարիզմի հետ դաշնակցեցանք: Ցարը գխոէր, որ իր հետ դաշնակցողները