Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/481

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Երրորդութիւն եկեղեցիի «Անկցի ցարիզմը» պոռացողներն էին, եւ գիտեք ի՞նչ ըրալ ան: 1919-ին երբ ռուսական բանակը Մուշի դաշտին մօտիկցած էր, տեսնելով, որ իւր յառաջխաղացումով 100 000 հայեր կ՚ազատուին, կեղծ նահանջ մը սարքեց եւ թոյլ տուաւ ամբողջ Մուշի գաւառը կոտորուի: Միեւնոյն կեղծ նահանջը ըրաւ Վասպուրականի մեծ գաղթին, որմէ ինչպէս գիտենք, 90000 հոգի ճանապարհին եւ Կովկասի մէջ մեռան հիւանդութենէն: Չէ՞ք կարծեր, որ սխալ էր, որ մենք 1917-ի Ռուսական Յեղափոխութեամբ այնքան տարուեցանք, էստէքներու եւ էսէռներու հետ այնպէս խիստ քոնքիւրանս մղեցինք եւ այս ռազմական ոգին intemationale-ի շուկայի մէջ նուազուրդի դնելով, պատերազմի դէմ այնպիսի սոսկալի բրոբականտ մղեցինք, որ երբ 1917 Դեկտեմբերին էրզրումը պաշտպանելու համար 10000 զինուորի պէտք ունեցանք, չկրցանք ղրկել, եւ կորսնցուցինք պատեհութիւն մը, որ մեր ամբողջ պատմութեան մէջ ոչ պատահեր է, եւ ոչ պատահելու է: Էրզրում ինկաւ եւ նորան յաջորդեցին Կարսի եւ Ալեքսանդրապոլի անկումները, եւ այն ամբողջ դժբախտութիւններու եւ թշուառութեանց տեսարանները, որ այսօր կը պարզոփն մեր առջեւ: Ըսէք, խնդրեմ, սխալ չէ՜ր միթէ առմիսթեսի կնքումէն վերջ, երբ մեր ամբողջ քաղաքականութիւնը Հայաստանը գրաւել կամ Հայաստանի սահմանի վրայ ռէալ ոյժի մը գտնուիլը կը պահսյճջէր, հարց մը, որ շատ ճիշդ էր դիւանագիտօրէն կամ Դաշնակիցներու արպիդրաժով կարգադրել, մեր ոյժերը փոխադրեցինք Երեւան եւ պատերազմ յայտարարելով վրացիներու դէմ, արիւնի վիհ մը բացինք մեր եւ մեզի միակ վստահութիւն ներշնչող դրացիի միջեւ. եւ այս այն օրերուն, երբ պաշարուած էինք: Մեր արեան վերջին կաթիլին ծարափ արդիւնքը այն եղաւ, որ այսօր կտրուած պարենաւորման միակ ճանապարհէն, Կովկաս մատնուած է սոսկալի սովի մը թիւրք թշնամիներով: Ես չեմ մտներ քոնֆլիքթի էութեան խորը, ուր անշուշտ վրացիներ մեղադրելի են իրենց շովինութեան ձգտումներով, բայց հաստատապէս կը հաւատամ, որ նախքան պատերազմը շատ միջոցներ կային քոնֆլիքթը հարթելու, եւ թէ այդ միջոցներէն եւ ո՛չ մէկը սպառուած չէր:

Կուզէ՞ք, որ թուեմ նաեւ թաքթիքային սխալները: Մենք մէկ հոսանքի, նոյնիսկ մէկ մարդու բերանով կը խօսինք ամէնքի հետ. Պ. Օհանջանեան կը խօսի էմբէրիալիստ Գերմանիոյ հետ, կ՛անցնի Պերն, ուր կը խօսի սոսիալիստներու հետ եւ ուր կը յայտարարէ նաեւ, որ հայերու ամբողջ յոյսը սոսիալիստներու վրայ է, Դաշնակիցներէն բան մը չեն սպասեր, յետոյ Փարիզ կու գայ Դաշնակիցներէն Հայկական Հարցի լուծումը կը պահանջէ: Կը հարցնեմ ձեզի, այս թաքթիքով կարելի՜ է վստահութիւն ներշնչել եւ մեկին եւ միւսին: Ո՞ւր է Պապաջանեանը: Դաշնակիցներն իրենց ներկայացուած Հանրապետութեան յանձնարարագրէն գիտեն, որ Պատոփրակութիւնն ունի մի երրորդ անդամ մը, գիտեն նաեւ, որ ան ներկայացուցիչ է որոշ հոսանքի մը: Արդ, նորա բացակայոլթիւնը կը կարծէ՞ք, որ նոքա նպաստաւոր կերպով կը մեկնեն:

(Պ. Համբարձումեան. Ինչո՜ւ չէք թուեր Պատոլիրակութեան սխալները): Ես չեմ ըսած, թէ Պատոփրակութիւնն անսխալ եղած է, ան ալ իր սխալներն ունի եւ պէտք է մատնանշենք թէ այս թէ այդ: Ծածկելը կ՚առաջնորդէ մեզ նոր սխալանքներու եւ մեր ազգը, պէտք է գիտնանք, որ նոր սխալներոլ վտանգներուն այլեւս չի դիմանար:

Հիմա դառնանք մեր նիւթին:

Պ. Չօպանեան սխալ բացատրեց իմ տեսակէտը միացեալ կառավարութիւն մը ստեղծելու մասին: Ես բնաւ թրքահայ կառավարութիւն մը ստեղծելու տեսակէտ չեմ ունեցած (Չօպանեան. ճիշդ է, որ ես սխալած եմ): Յանձնաժողովի աշխատութեանց առաջին օրէն ես մէկ տեսակէտ եմ ունեցած եւ զայն պաշտպանած եմ մինչեւ վերջը: Իմ տեսակէտս եղած է միշտ չշեղիլ որոշուած ուղղութենէն, ետ չդառնալ այն ճամբէն, որի մեծ մասը կտրած ենք արդէն, եւ աշխատիլ լրացնել այն շէնքը, որ, ինչպէս ըսի, բաւական բարձրացած է: Ի՜նչ է այդ շէնքը: Տեսանք, որ հայ Ազգ. Տելեկասիոնը յայտարարած է անբաժան Հայաստանի անկախութիւնը: Ան պէտք էր այդ