Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/482

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յայտարարութեան օրն իսկ կազմէր միացեալ Հայաստանի կառավարութիւն: Չէ ըրած: Լաւ է ուշ քան Երբեք: Դաշնակիցներուն կատարուած իրողութեան առջեւ դնելու համար ան ընելու էր այդ բանը: Այսօր Փարիզի մէջ կառավարութեան երե՞ք անդամ կունենայ, թէ՞ հինգ, տիրէքթուա՞ր անուն կունենայ, թէ՞ տիքթաթորա, տիրող աննորմալ պայմաններում մէջ այդ մանրամասնութիւններու մասին հարցնող չկայ: Էականն այն է, որ հայերն իրենց դատը աւելի քոնքրէթ, աւելի ներկայանալի վիճակի մէջ կ՛ըլլան հռչակելու միացեալ կառավարութիւն: Ես չեմ թոլեր ուրիշ առաւելութիւններ, վասնզի միացեալ կառավարութեան սկզբունքին ամէնքս համաձայն ենք. ձեփ մասին է, որ կը տարբերուինք: Արդ, ցորչափ Հայկ. Հարցը Խաղաղութեան Քոնֆերանսին մէջ իւր վերջնական վճիռը չի ստացեր, ի՞նչ ընելու պիտի երթան նախարարներ կամ երեսփոխաններ Երեւանի մէջ: Կառավարութիւնը Փարիզի մէջ պէտք է յայտարարուի եւ նոր գործ պիտի ըլլայ, այսինքն ինքզինքը եւ անկախ Հայաստանը ճանչցնել տալ Դաշնակիցներուն, որ եթէ յաջողուի արդէն կը ստեղծուի նորմալ կառավարութիւն: Առանց Դաշնակիցներուն ճանչցնելու մեր միութիւնը եւ անկախութիւնը, Երեւանի մէջ ինչ ալ որ ընենք, ներքին զուր եւ անօգուտ ասեկոսներ պատճառելէ զատ ոչ մէկ օգուտ չի տար. իսկ եթէ կ՛ուզենք մէկ ժեսթով ազդել Խաղաղութեան Քոնֆերանսին վրայ, հենց նոցա աչքի առջեւ պէտք է առնենք այդ յեղափոխական քայլը: Այս ձեւով կառավարութիւն ստեղծելու դէմ եղած առարկութիւնները իրաւասութեան, բրէսթիժի պէս երկրորդական նշանակութիւն ունեցող հարցեր են, որոնց այս պատմական օրերուն, երբ ազգին բաղդն է, որ կը վճռուի, մէկ կողմը պէտք է դնել: Միացեալ կառավարութեան գլուխ կ՚ըլլայ միութիւնը Ել անկախութիւն յայտարարող Ազգ. Delegation-ի նախագահը կողքին կըլլայ, ինչպէս եղած է մէմուարի մէջ, հանրապետութեան ներկայացուցիչը: Մնացեալը ինչպէս կ՛ուզեն այնպէս թող լրացնեն:

Ահա՝ իմ առաջարկը ըլլալ հետեւողական, չփճացնել եղած նուաճումները եւ ձգտելով միեւնոյն նպատակներում շարունակել բացուած ճանապարհը: Շեղիլը կամ նոր ճանապարհ բանալու փորձը հիմքէն կը խախտէ այն հարցը, որու համար մէկ միլիոն հայեր իրենց կեանքը տուին:

Պ. Շանթ. Այստեղ լսուեցաւ, թէ այս խնդրին քննութիւնը շեղում մըն է, թէ այս ժողովին չպատկանիր: Ես պարտք կը զգամ յայտարարելու, որ մինչեւ հիմակուայ եղած նիստերը շեղումներ էին եւ մեր իսկական աշխատանքը, ընելիք գործը այս է: Իմ առաջարկս է ճանչնալ Կովկասի Հանրապետութիւնը իբրեւ համահայկական կառավարութիւն: Աստ իբրեւ գլխաւոր առարկութիւն ռուսական վտանգը բերուեցաւ: Պարոններ, խնդիրը պարզունի խնդիր է: Եթէ Ռուսաստանը ուժեղացաւ, եթէ միլս պետութիւններուն շահերը չարգիլեցին իր յառաջխաղացումը եւ եթէ ան վերցնէ Հայաստանը կը վերցնէ ու մեծ նշանակութիւն չունի, թէ մե՞նք անոնց ենք միացեր, թէ՞ անոնք մեզի են միացեր: Ոմանք ալ կ՛ըսեն, թէ օգուտ չունի այդ: Օգուտը այն է, որ մենք ամէնէն առաջ մէկ ժողովուրդ կ՛ունենանք, մէկ ներկայացուցչութիւն, եւ մէկ կառավարութիւն: ժամանակն է ալ, որ վերջանայ այս բաժանումը: Այդ միութիւնը մեզ անհրաժեշտ է դուրսին համար, օտարին որ անոնք մեզի միացած եւ մէկ տեսնեն, ինչ որ մեծ առաւելութիւն է: Երկիրը եւ միացեալ կառավարութիւնը անհրաժեշտ են նաեւ գլխատրաբար այն ժամանակ, երբ ասիսթան պետութիւնը պիտի սկսի մեր վրայ իր ասիսթանսը գործադրել. այլապէս, շատ ծանր կըլլայ անոր բեռը Ել ան կը դառնայ բրոթէքթորաթ: Ան մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ գոյութիւն ունեցող կառավարութեան համար: Անոր բարոյական կարողութիւնը անմիջապէս կը բարծրանայ եւ կը կարողանայ մեր անունով եւ մեզի համար ալ գործել: Կըսուի նաեւ, որ դեռ սպասենք եւ մէկ-երկու շաբաթէն լսենք այս բոլորը, երբ ամէն ինչ որոշուած, պիտի ըլլայ: Պարոններ, մարդ կը ստանայ այն, ինչ որ կրցած է առնել եւ միւսները կու գան ու կ՛ըսեն ամէն: Այստեղ դարձեալ երկու հին եւ մեծ հոսանքներ է, որ իրար կը բախին: Մէկը, որ միշտ կըսէ սխալ կ՛ընենք, անխոհեմ քայլ չընենք, յարմարոփնք,