Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/483

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իրականութիւնը դժբախտ է եւայլն: Ասոր դիմաց ալ կրնայ ուրանալ, որ պետութիւններուն կամքը գերակշիռ դեր ունի մեր խնդրոյն լուծման մէջ: Բայց անմտութիւն է նաեւ յայտնել, թէ նշանակութիւն չունի մեր կամքը, երբ ան արտայայտուած է գործով, միացեալ կառավարութիւնը ճանչնալով: Կամքը ոյժ է եւ պէտք է այդ ոյժը գործածենք, պէտք է ստեղծենք այդ կառավարութիւնը եւ պէտք է ընենք այդ նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնները հակառակ ըլլան անոր: Ով որ կըսէ Կովկասի խնդիրը զատել թրքահայկական խնդրէն, ան ըսած կ՚ըլլայ կորսնցնել հայկական անկախութիւնը: Մենք համոգուած ըլլալու ենք, թէ առանց Կովկասի չենք կրնար ապրիլ, առանց Կովկասի անկախութիւն չենք կրնար ունենալ, առանց Կովկասի անապատ կ՛ունենանք:

Ես կը գերադասեմ նոյնիսկ միացեալ կառավարութիւն մը Ռուսիոյ ձեռքին տակ, քան թէ անկախութիւն մը անջատուած մասերով, որովհետեւ իտէալներու, շահերու նոյնոլթիւնն է, որ մեզ ոյժ պիտի տայ:

Եթէ այս առաջարկը անցնի այն ժամանակ ժողովը դեր մը կատարած կըլլայ:

Պ. Տէր-Ստեփանեան. (խօսքը Շանթին ուղղելով) Թուրքիոյ խնդիրը եւ Ռուսիայինը զատ են: Որոշ է նաեւ, որ Թուրքիայինը աւելի շուտ պիտի լուծուի, քան թէ ռուսականը: Արդ, եթէ միութխնը ձեր ըսած ձեւով յայտարարենք (ներքին միութիւնը արդէն գոյութիւն ունի) քանի որ կ՚ըսէք, որ Հայաստան մարդ չէ մնացած, երբ Կովկաս միայն հայ կայ, Եւրոպայի առջեւ ինչպէ՞ս պիտի դրուի մեր հարցը եւ ե՞րբ պիտի լուծուի ան:

Պ. Շանթ. Հոն կառավարութիւն գոյութիւն ունի, զայն վաղը կ՚ընդունին կամ չեն ընդունիր երկրորդական է: Դուք կը մտածէք, թէ եւրոպացիք ի՞նչ պիտի ըսեն: Քիչ մըն ալ ըսենք, թէ մենք այսպէս կը մտածենք:

Պ. Տէր-Ստեփանեան. Դժբախտաբար, Հանրապետութիւնը դեռ կագմակերպուած չէ եւ այն ոյժը չունի մեր մտածածը գործադրելոլ համար: Հետեւաբար, մենք դեռ պէտք պիտի ունենանք միւս պետութիւններու աջակցութիւնը: Այս վերջին րոպէին կազմուած Հանրապետութիւնը fait accompli մը չէ, որ մէջ բերել պիտի կարենանք, մինչդեռ ան պէտք էր յայտարարել կամաւորական կռիւներու առաջին օրէն իսկ: Այսօրուան Հանրապետութիւնը իբրեւ ազգ կռուած է: Իսկ մեր միութեան բարոյական կամքը արտայայտուած է մեմուառով եւ Մարտ 31-ին:

Ապա Պ. Տէր-Ստեփանեան կ՛անցնի բուն խնդրին ըսելով.

Միացեալ կառավարութիւն ստեղծելու հարցը հիւանդագին վիճակի մը մատնած է Համագումարը: Այս վիճակը արդիւնք է այն պարագային, որ հարցը գէշ դրուած է առաջին օրէն: Միացեալ Հայաստանի եւ կառավարութեան ստեղծումը Համագումարի ամէն անդամի կամքը, փափաքն ու նպատակն է: Այս մասին որեւէ կասկած ունենալ կամ յայտնել կը նկատեմ նպատակաւոր եւ, հետեւաբար, յանցաւոր հոգեբանութեան արդիւնք: Մեզմէ ոմանք իրենց միայն տրուած անձնական կամ կուսակցական մենաշնորհ մը կը համարեն Միացեալ Հայաստանի եւ կառավարութեան ստեղծման կամքը, եւ այդ կարծեցեալ առաւելութեամբ զինեալ ժողովրդին դէմ կ՛արձակեն սլաքներ, որոնք դաւաճաններու դէմ ուղղուած ըլլալու հանգամանքն ուսին յաճախ: Մեր այս ընկերները կ՛ուզեն մոռնալ, որ խնդիրը Միացեալ Հայաստանի եւ կառավարութեան սկզբունքին վրայ չէ, այլ քաղաքական այս վայրկեանին Միացեալ Հայաստանն ու կառավարութիւնը յանձին Երեւանի կառավարութեան արուեստականօրէն իրականացած յայտարարելուն մէջ: Անոնք կ՛ուզեն մոռնալ, որ Հայ Հանրապետութեան ներկայացուցիչները քանիցս յայտարարեցին, թէ իրենք միայն այդ ձեւով միացեալ կառավարութեան ստեղծումիս հաւանութիւն տալու իրաւասութիւն ունին, կամ աւելի ճիշդը իրենց կրնան վերագրել:

Յանձնաժողովին մէջ միացեալ կառավարութիւն ստեղծելու վեց զանազան ձեւեր առաջարկուեցան, որոնցմէ երկուսը ծայրայեղ, այսինքն մին գերազանցօրէն արեւելահայ, միաը գերազանցօրէն արեւմտահայ, երեքը միջին, եւ, հետեւաբար,