Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/484

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ճիշդ ու արդար, իսկ մէկը երեք քառորդով արեւելահայ: Հանրապետոլթեան ներկայացուցիչները այս հինգ առաջարկներում մէկ հատը միայն ընդունելու իրաւասութիւնը վերագրեցին իրենց: Եւ քանի որ անոնք միացեալ կառավարութիւն ստեղծելու իրաւասութիւն ունին, չեն կրնար իրաւասութիւն չունենալ ընդունելու ոեւէ ձեւ, որուն մէջ հայութեան երկու հատուածները իբր հաւասարներ կը միանան: Ես կը ստիպոփմ հւսմոզոփլ, որ այս ժողովին մէջ ոչ թէ իւրացուելոլ վախ կայ ոմանց կողմէ, այլ ընդհակառակը Երեւանի կառավարութիւնը իբրեւ ամբողջ հայութեան կառավարութիւնն ընդունելու անհեթեթ ձեւով միացեալ կառավարութիւն ստեղծելու գաղափարը բանագովներուն[1] կողմէ մարմաջ կայ իւրացնելու:

Հակառակ այս ամէնուն, կ՛ըսեմ, ես պիտի ընդունէի միացեալ կառավարութիւն գոյացնելու այդ անհեթեթ ձեւն իսկ, եթէ քաղաքական աչք ծակող իրականութիւններ մեր վրայ պարտք չդնէին չաճապարել միացեալ կառավարութիւն գոյացնելու, մանաւանդ Արեւմտեան Հայաստանը Արեւելեանին կցելու ծեփն տակ, որուն ընդգրկումը պիտի նշանակէր պատմական ու քաղաքական մեծ սխալ մը գործուած միասնութեան դիմակին տակ եւ անոր յառաջացուցած բարոյական ճնշումին:

Ես հակառակ եմ, ուրեմն, Երեւանի կառավարութիւնն ու խորհրդարանը միացեալ ընդունելու առաջարկին, զանազան պատճառներով, որոնցմէ մին բացասական է, իսկ միաները դրական: Բացասական պատճառն այն է, որ այդ ձեւով միացումը ամէն պարագայի ոեւէ կերպով չի բարւոքեր մեր դատին քաղաքական դրութիւնը. ան կրնար յառաջ բերել միայն հայ ներքին կեանքին մէջ որոշ խանդավառութիւն, որուն կարետրութիւնն ալ պէտք չէ չափազանցել, որովհետեւ ամէն հայու սրտին մէջ միութիւնն արդէն իսկ իրականացած է: Անձնապէս կրնամ ըսել, որ ոեւէ խտրութիւն չէի տեսած եւ դրած հայութեան այս կամ այն հատուածին մէջ մինչեւ այն օրն, որ Բարիզ գալով, արեւմտահայ Պ. Լեւոն Սեղբոսեանի ճառերը լսեցի: Ու ես կը վախնամ, որ այս կցումի ձեւով միացեալ կառավարութեան հռչակումը կրնայ մեր ներքին ճակատը տկարացնել որոշ տարրերու խանդավառութեան կողքին յառաջացնելով ուրիշ տարրերու դժգոհութիւնը արուեստականօրէն ստեղծելով շատ մը հայերու մէջ գոյութիւն չունեցող խտրական ոգի: Այս բացասական պատճառն է: Գլխաւոր դրական պատճառներն են հետեւեալները.

1. Քաղաքական ու միջազգային հողին վրայ հայկական երկու Դատերուն զօրաւորագոյնը, անտարակուսելիօրէն, Արեւմտահայ Դատն է, որ մինչեւ երէկ միակ Հայ Դատն էր, հետեւաբար, կամ այս երկու Դատերը պէտք է ներկայանան Խաղաղութեան ժողովին կողք-կողքի եւ կա մ եթէ պիտի միացեալ մարմնի մը միջոցով ներկայացոփն, այդ միացեալ մարմինին կորիզը պէտք է ըլլայ արեւմտահայ մարմինը, որուն միանալու է արեւելահայը: Այս վարկեանին միացեալ կառավարութիւն ստեղծելու միակ ոչ-վտանգաւոր ձեւն է ստեղծել արեւմտահայ կառավարութիւն մը, որուն անմիջապէս միանայ արեւելահայ կառավարութիւնը: Այս կարծիքն է արեւելահայ Պ. Աճէմեանի:

2. Ցնոր կարգադրութիւն Արեւմտեան Հայաստանի Դատը կապուած է Թրքական Խնդրին լուծման, իսկ Արեւելեան Հայաստանի Դատը կապուած է Ռուսական Խնդրին լուծման: Այս երկու խնդիրներէն Թրքականին լուծումը մօտաւոր է եւ, ըստ ամէն հաւականութեան, պիտի կատարուի մեր Դատին նպաստաւոր ձեւով, այսինքն թիւրք կառավարութեան ջնջումով, մինչ Ռուսական Խնդրին լուծումը ոչ միայն նուազ մօտաւոր է, այլ նոյնիսկ հարցական, եւ լուծման պարագային կարելի չէ լսել, թէ հաւանական է, որ ռուս կայսրութիւնը ջնջոփ եւ կամ ան դաշնակցական պետութեան մը չվերածուի: Ընդհակառակը: Բարիզի Ռուս Համագումարը կ՛աշխատի պահելու Ռոաիան ինչպէս որ է, բացի Չինաստանէն, որուն մասին, եւ որուն մասին միայն ըրած է ցարդ վերջնական հրաժարման յայտարարութիւն:

  1. Տեքստում այդպես է: Ծանոթ.կազմ.: