Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/485

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

3. Հողային տարածութեան տեսակէտով Արեւելահայ Դատը զօրաւոր է, քանի որ Արեւելեան Հայաստանի բնակչութեան մէջ կայ հայ բացարձակ մեծամասնութիւն, մինչ Արեւմտահայ Դատը տկար է արեւմտահայութեան բնաջնջումիս հետեւանքով: Այս պայմաններու մէջ, հայութեան երկու հատուածներու միացումը կցումի ձեւով, մեծագոյն սխալը պիտի ըլլար եւ պիտի տկարացնէր մեր պահանջները Արեւմտեան Հայաստանի կեդրոնախոյս մասերուն, մանաւանդ Կիլիկիոյ վրայ: Միացեալ կառավարութեան հռչակումը կցումի ձեւով այն տպաւորութիւնը պիտի գործէ քաղաքական աշխարհի վրայ, որ Հայ Հարցին առանցքը հայերու իսկ գործով կը փոխադրուի դէպի Կովկաս: Անհրաժեշտ է, որ արեւմտահայ զանգուածը ճնշում գործէ դիւանագէտներու վրայ կեդրոնանալով Արեւմտեան Հայաստանի վրայ: Եւ այս տեսակէտով ես շատ կը ցափմ. որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը ամբողջական Հայաստանի անկախութիւնը հռչակած օրն իսկ չէ կազմած Բարիգի մէջ հայ կառավարութիւն մը, որուն յետոյ միացած հռչակեր ինքգինք Երեւանի կառավարութիւնը: Այս բանն այսօր ալ կարելի է ընել: Ասիկա երկու կառավարութիւն ստեղծել չէր կրնար նշանակել, այլ մէկ կառավարութիւն, որուն մէկ մասը ագատուած երկրամասին մէջ է եւ որուն միւս մասը Բարիգ կը գտնուի, որովհետեւ երկրին մէկ մեծ մասը դեռ չէ ագատուած. Բարիկի մէջ հայ պանդուխտ կառավարութեան մը գոյութեան օգտակարութիւնը չտեսնել կուրութիւն է ըստ իս, երբ մանաւանդ այդ կառավարութիւնը հիմնուած կ՚ըլլայ պանդուխտ հայութեան ներկայացուցչութեան մը վրայ, ինչպիսին է այս Համագումարը:

Ահա այս գլխատը պատճառները, որոնց վրայ հիմնուած կը հակառակին կցումի ձեւով միացեալ կառավարութիւն ստեղծելու առաջարկին: Կը կրկնեմ մենք պարտք ունինք միացեալ կառավարութիւն հռչակելու խնղրին մէջ նկատի ունենալ հարամերժօրէն արտաքին քաղաքական պարագաները: Ներքին տեսակէտով միացեալ Հայաստանի եւ կառավարութեան հարց չկայ: Միացեալ Հայաստանը եւ կառավարութիւնը Ռուս Կայսրոլթեան տապալումի օրէն ի վեր իսկ արդէն ամէն հայու սրտին մէջ կապրին ու անջնջելի են: Արեւելահայ Հանրապետութիւնը ամէն հայ արդէն կը նկատէ իր իսկ, ուրեմն հայութեան Հանրապետութիւնը, առանց ստիպուած զգալու ինքզինք հռչակելու անոր առժամեայ կառավարութիւնն ու խորհրդարանը միացեալ կառավարութիւն ու խորհրդարան. Ով որ կարդացածը հասկնալ գիտէ, այս միութիւնը իրագործուած կը գտնէ Խաղաղութեան ժողովին ներկայացուած Յիշատակագրին իսկ մէջ:

Տոքթ. Ալթունեան կ՚ըսէ. թէ ինքը որոշ գաղափար մը չէ կրցած կազմել այս խնդրոյն շուրջը եւ թէ ժողովականներուն մեծամասնութիւնը Եւրոպա ապրած ըլլալով վերջերս ժողովուրդի իսկական կամքէն եւ վիճակէն լուր չունի: ժողովուրդը իր միակ լոյսը դրած է Կովկ. Հանրապետութեան վրայ եւ կը կարծէ, թէ ան պիտի փրկէ գինքը: Երբ խաղաղութիւնը վերջնականապէս հաստատուի, այն ժամանակը կանոնաւոր եւ օրինական ընտրոլթեանց կարելի է ձեռնարկել, մինչեւ այդ պէտք է միութիւնը գոյացնել մանտաթէր պետութեան լուծը թեթեւցնելու համար:

Բրօֆ. Թումայեան առայժմ միացման հռչակուելու մէջ մեծ օգուտ մը չի տեսներ, որովհետեւ միութիւնը թոյլ պիտի տայ Երեւանի բանակին գրաւել Թրքահայաստանը: Հայկ. բանակը այնքան թոյլ է այժմ եւ այդ գրաւուածը այնքան դժուար, որ ես առ այժմ դրական օգուտ մը չեմ տեսներ միացումով:

Պ. Փափազեան նախ իւր գոհունակութիւնը կը յայտնէ վիճաբանութեանց հանդարտ եւ ակադէմիք բնոյթ ունենալուն: Այդ ապացոյց է, որ ամէնքս հաւասարապէս կըմբռնենք խնղրին լրջութիւնը: Յանձնաժողովը բանաձեւ մը բերած էր, որուն մէջ Հանրապետութիւնը նկատուած էր իբր «հանգրուան» մը, իսկ Բրօֆ. Խաչատոլրեանի բանաձեւին մէջ ան կը ճանչցուէր իբր «կորիզ»: Այս Երկու բնորոշումները, փոխաբերական իմաստով, կը յատկանշեն ժողովականներու երկու գլխաւոր մտայնութիւնները. անոնցմէ մին Հայկ. Հանրապետութիւնը կորիզ կը նկատէ, այսինքն