Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/486

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հունտ մը, որ հողին մէջն է, ան պիտի բուսնի եւ ուոճանայ, եթէ ան առողջ է, որուն չեմ կասկածիր, միաը զայն կը նկատէ հանգրուան մը, այսինքն տառապանքի երկար ժամանակէ մը յետոյ հասած կ՛ըլլանք կայանի մը, սակայն շունչ մառնելոլ, որպէսզի աւելի հաստատուն քայլերով կարենանք դիմել ղէպի նպատակը: Այս վերջինը պիտի նախընտրենք մենք: Մենք հին սահմանին երկու կողքը ապրող հայերս այո՛, կորիզ եւ կայուն պիտի նկատենք զայն, եւ աւելի շատ խարիսխ մը մեր յոյսերուն եւ նպատակներուն: Երկու հատուածները ազգային վիշտը երկար տանջանքի տարիներով բաժներ են: Մէկը իր կաշիով զգացած է, միւսը հոգով, որ աւելի ուժեղ է, քան թէ առաջինը: Պիտի վճռապէս գիտնանք, պարոններ, որ մանաւանդ ներկայ պարագաներու մէջ, անկախութիւնն առանց հատուածներու լուծման անհնար է եւ կորստաբեր: Թրքահայ ժողովուրդը, բարեբախտաբար, ըմբռնած է այս, որուն ապացոյցը Երեւանի մէջ գումարուած Արեւմտահայ Համագումարն է, ուր ներկայ եղած է, ի միջի այլոց, Կովկասի Հանրապետութեան վարչապետը, որ յայտարարած է, թէ ինքը կու գայ Արեւելեան Հանրապետութեան կողմէ ողջունելու Արեւմտահայ Համաժողովը, որ սակայն ալ վերջինը պիտի ըլլայ, որովհետեւ այլեւս հատուածական բաժանում չկայ: Ուրեմն, դուք ճանչնաք-չճանչնաք ժողովուրդը արդէն հոն կեանքին մէջ իրականացուած է այդ միութիւնը եւ ընդառաջ չերթալ անոր ինքնասպանութիւն է:

Պ. Փափազեան կը ծանրանայ նաեւ Հանրապետոլթիւնը «ճանչնալ» բառի վրայ, որ շատ կը գործածոփ ժողովին մէջ: Ոչինչ կ՚արտայայտէ այդ բառը, կըսէ ան, որովհետեւ այդ դիւանագիտական բառ մըն է եւ պետութիւն մը չենք, որ ճանչնալ կամ չճանչնալու հարց կը դնենք: Հայկական Հանրապետութիւնը մեր ցեղի մէկ մասնիկն է: Կարելի՞ է օրկանիզմի մը իր մէկ մասը չճանչնալ իր աչքը, իւր ձեռքը, եւայլն, երբ անոնք կան եւ գոյութիւն ունին իրենց function-ներով: (Ձայներ. «Անշուշտ կը ճանչնանք»): Ուրեմն, մենք պէտք է, որ ճանչնանք ան, իսկ երբ կը ճանչնանք աւելի պիտի ընդունինք, որ հայկական պետութիւն մը ունինք, որ մերն է: Կը թուի, թէ ճանչնալու հակառակողները երկիւղ մը ունին, որ կողմը պարզել. այդ երկիւղն է, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այստեղի Պատուիրակութեան իրաւական դրութիւնը այղ պարագային: Բայց կրնամ զանոնք հաւատացնել, որ Հանրապետութեան ընդունիլը այժմ իսկոյն միայն քաղաքական բարոյական նշանակութիւն ունի, իսկ ներքին մեր յարաբերութիւնները պիտի մնան անփոփոխ, մինչեւ որ արեւմտահայ ներկայացուցիչները կարենան մասնակցիլ պետական կազմին:

Ընդունիլ այդ Հանրապետութիւնը անհրաժեշտ է հետեւեալ գլխաւոր երեք պատճառներով. Ա.- Պէտք է մենք պետութիւն մը ունենանք, որ ներկայացնէ մեր ազգը, որպէսզի Հանրապետութիւնը պետութեան մը հետ խօսի եւ ոչ թէ ազգի մը հետ: Կասկած չկայ, որ ազգի մը հետ իբրեւ անկազմակերպ մասսա աւելի տիրաբար կը փարի ան եւ կ՚ըլլայ պահանջատէր, քան պետութեան մը հետ: Բ.- Մենք ունինք արտաքին աշխարհի մէջ թշնամիներ, որոնք ամէն կերպ կ՚աշխատին բաժան-բաժան տեսնալ, տարբեր շահաստաններ ցուցնել մեզ: Օրինակներ մեր նորագոյն դիւանագիտական պատմութիւնը կը ցուցնէ եւ ծանօթ է ձեզ:

Պ. Փափազեան կը յիշատակէ այն պարագան, որ Քոնֆերանսին ներկայանալու համար միայն Պատուիրակութեան նախագահին գովելի յամառութեան կը պարտինք երկուքին միասնաբար ներկայանալը: Արդ, եթէ այս ժողովը այդ միութեան խօսքը չըսէ կը նպաստէ դաւադիրներու ձեռնարկներուն: Ուշ կամ կանուխ, այս կամ այն մորթին տակ Երեւան պիտի գայ: Մենք պէ՞տք է մտածենք նաեւ Կովկասի հայութեան քաղաքական ապագային մասին ալ, թէ’ ոչ, որ մերն է եւ առանց որուն մենք չենք կրնար ապրիլ: Մենք միացման աքթովը կը փրկենք զանոնք այդ վտանգէն: Եւ եթէ չկատարենք այդ աքթը թրքահայ ժողովուրդը կը դատապարտէ մեզ:

Վսեմ. Պօդոս Նուպար Փաշա իր խորին զարմանքը կը յայտնէ նախ, որ հոս ճանչնալու-չճանչնալու խօսք կ՚ըլլայ եւ չի կրնար երեւակայել, որ ըլլայ այնպիսի մէկը, որ չճանչնայ Կովկասի Հանրապետութիւնը եւ ամէն ինչ չընէ զայն միւսներուն ալ