Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/487

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ճանչցնել տալու համար: Իւր առաջին գործը որ եղաւ, երբ Պ. Ահարոնեան այստեղ հասւսւ, այն էր Հանրապետութեան ներկայացուցիչները ճանչցնել տալ Քոնֆերանսին եւ ձայն խնդրել հոն: Ապա մէմորանտումը մեր երկուքին կողմէ ստորագրուիլը միութեան հրապարակային արտայայտութիւններ են եւ երբ առիթը գտնանք գործնականապէս ալ մարմինը պիտի ընենք: Բայց, դժբախտաբար, մեր վիճակը որոշելը միայն մեզմէ կախուած չէր: Եթէ այդպէս ըլլար ես պիտի ըսէի թող թրքահայերը Կովկասի:[1] Բայց, դժբախտաբար, մեզմէ կախուած չէ եւ գլխաւորապէս կախուվ ունի քաղաքական պարագաներէ: Այնպիսի դժուարութիւններ կան, որ ամէնէն մեծ քաղաքագէտներն իսկ շուարումի մատնած են: Բայց անտարակուսելի է, որ Թրքական Հարցը պիտի լուծուի եւ աւելի առաջ քան, թէ Ռուսականը եւ այն ժամանակ, ըլլայ մարդկայնօրէն, ըլլայ քաղաքական շահու տեսակէտով անկարելի է, որ ան թրքահայով չզբաղի: Արդէն Դաշնակիցները որոշած են Հայաստանը թիւրքին լուծին տակ չթողալ...

Պ. Շանթ կընդմիջէ. Սպահո՞վ էք ատոր:
Փաշան կը պատասխանէ.
Տարակուսիլը չարագուշակութիւն է:
Փաշան կը շարունպկէ.

Եւրոպան ստիպուած է լուծելու Արաբական, Սիւրիական հարցերու հետ նաեւ Հայկականը: Դաշնակիցները այն օրը, երբ Թիւրքիոյ հաշտութեան պայմաններու բանակցութիւններ սկսին, այն ժամանակ պաշտօնապէս եւ վերջնականապէս պիտի գործաղրեն իրենց խոստումը թրքահայոց ազատումը ու անկախութիւնը կնքելով: Արդ, զգացումները մէկ կողմ ձգենք եւ աւելի քաղաքականօրէն վարոլելով օգտուինք խնդրոյն այս վիճակէն: Այլապէս, ռուսահայոց կապուելով, Եւրոպան կրնայ մեղմով չզբաղիլ ու լքանել, որպէս Վրաստանի եւ Ատրպատականի եւ այլ Կովկասի մասերն: Ասկէ զատ միոլթիւնը եթէ այժմէն յայտարարելու ըլլանք յետոյ չպիտի կարենանք պահանջել, որ Ligue des Nations գմեգ իւր պաշտպանութեան տակ առնէ:

Պ. Ահարոնեան նախ կ՚ուզէ մէկ-երկու թիւրիմացութիւններ ճշդել թերահաւատութեան մասին, որ կը յայտնուի Հայկական Հանրապետութեան բարոյական եւ ֆիզիկական արժէքներու մասին: Պ. Ահարոնեան կը յայտնէ, որ Հանրապետութիւնը 90000 զօրք ունի, թէ բազմաթիւ յաջող կռիւներ մղած է վրացոց դէմ, թէ միայն քաղցն է, հացի պակասն է, որ կը նեղէ զանոնք: Պ. Ահարոնեան կը յայտնէ նաեւ, որ Երեւանի խորհրդարանը թէեւ հոսանքներ ունի, բայց իւր գործը արժանաւոր կերպով կը տանի, թէ հոս աւելի վէճ կայ, քան թէ հոն, թէ տարաձայնութիւններ կան, թէ այնտեղի կառավարութիւնը սոսիալիսթներէ բաղկացած է, որոնք էջմիածնայ կալուածները բաժներ են, թէ այդպիսի բան տեղի չէ ունեցած եւ եթէ տեղի ալ ունենայ ան կատարուած պիտի ըլլայ Հայ ժողովրդական Կուսակցությեան հաւանութեամբ, որովհետեւ Դաշնակցականները, զգալով դրութեան ծանրութիւնը, նոյնիսկ կառավարութեան մէջ մեծագոյն մասը տուած են այդ կուսակցութեան: Գալով բուն խնդրին, Պ. Ահարոնեան կը յայտնէ, թէ ոչ ոք կրնայ ժխտել, թէ Թրքահայ Դատը ուրոյն դատ մըն է, թէ ան ունեցած է բոլորիս ծսսնօթ միջազգային զանազան փուլեր: Բայց այժմ միեւնոյնը չէ. այդ ըսելը մեր թշնամիներուն հացին իւղ քսել ըսել է: Սխալ է նաեւ, որ Թրքահայ Դատը հիմնուած է միայն թրքական բարբարոսութիւններուն վրայ. եթէ մէկ հայ իսկ ջարդուած չըլլար, հայերը պիտի ունենային այն: Ապա Պ. Ահարոնեան, ցոյց կու տայ, թէ Կովկասն ու Թրքահայաստանը որքան սերտօրէն կապուած են իրարու, թէ առանց Կովկասի Թրքահայաստան չի կրնար ունենալ, որովհետեւ ժէոն Թիւրքերը արդէն լուծած են Թրքահայկական Հարցը:

  1. Տեքստում այդպես է: Ծանոթ.կազմ.: