Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/488

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Աղաթօն Պէյ կըսէ, որ Պատոփրակութեանց Նախագահները իրենց կարծիքը յայտնեցին, կը փափաքէինք իմանալ թէ Համագումարին Նախագահը ի՞նչ կը խորհի անձնապէս այս կարեւոր հարցին վրայ:

Վսեմ. Նախագահ. Պ. Ահարոնեանի տուած այս բացատրութիւններէն կը յայտնուի, որ իւր եւ Պօղոս Նուպար Փաշայի միջել կարծեաց հիմնական տւսրբերութիւններ կան: Շատ փափաքելի էր, որ այս անհամաձայնութիւնները իրենց մէջ պարզուէին եւ կարգադրուած ըլլային: Յայտնի է, որ ընդհանուր ժողովները եւ բառլըմանները կառաջնորդուին իրենց վարչութիւններէն կամ պաւոուիրակութիւններէն, որոնք իրենց պաշտօնին բերմամբ մօտէն տեղեակ ըլլալով քաղաքական եւ յարաբերական իրաց ճշգրիտ ընթացքին աւելի ձեռնհաս կը գտնուին, ճանապարհ գծելու, ուղեցոյց ըլլալու: Արեւմտեան հայութիւնը, արեւելահայութեան հետ այժմէն, մեր միջոցաւ, պաշտօնապէս միացնելու բարդ եւ ուշադրութեան արժանի հարցը ներքին եւ արտաքին հանգամանքներ ունի, զորս պէտք է ի նկատի առնել: Ըստ իս հարկ է այսպիսի ձեռնարկի մը մեր քաղաքական յարաբերութեանց եւ դատին վրայ ունենալիք ազդեցութիւնը լաւ քննել ու խորհրդակցիլ նախապէս որոնց հետ որ անկ է: Արդ, Պ. Ահարոնեան երկրորդական կը նկատէ այդ կէտը քանի որ կըսէ, թէ Դաշնակից ու պաշտպան տէրութիւնք եթէ նոյն իսկ մեզ հակառակ խորհուրդ տան ու սպասեցէք ըսեն, պէտք չէ անսալ: Արդ, չի՞ կարելի արդեօք, որ ինքը եւ մեր Պատուիրակութեան Նախագահը որ լսեցին ժողովոյս մէջ վիճաբանութիւնները, միասին վերստին խորհրդակցելով համաձայնութեան եզր մը գտնան ու այնպէս արտայայտուին որով ժողովը երկու հոսանքի բաժանուած չի մնար ու անգամ մը եւս համերաշխության ոգին մեր մէջ հաստատուած ըլլալու գոհունակութիւնը կ՛ունենանք: Յիշենք, կաւելցնէ Պ. Գ. Նորատունկեան, որ անցեալի անմիաբանութեան հետեւանքն է, որ մեր հայրենիքը անբաղդ եղած է ու ի հեճուկս մատնուած: Յոյց տանք գործով եւ բանիւ, որ այս հարցի առթիւ եւս գիտցանք հարթել զմեզ բաժանող հայեցակէտները: Ասոր համար կառաջարկեմ քուէի չդնել այս բանաձեւերը, այլ Պատուիրակութեանց թողուլ, որ խորհրդակցին ձեռնհաս անձանց հետ եւ ժողովոյն հաղորդել կամ ենթարկել իրենց վերջնական որոշումը, եթէ պէտք ըլլայ մինչեւ իսկ առաջիկայ երկրորդ նստաշրջանի (session) բացման առթիւ ու պահուն:

Պ. Փաստրմաճեան եւ այլք դիտել կու տան, թէ այսքան օրերէ ի վեր թէ Յանձնաժողովոյ եւ թէ Համաժողովի մէջ առ այս տեղի ունեցած ջանքերը ապարդիւն եղած են: Նոյնը կըսէ Պօղոս Նուպար Փաշա, որ նմանապէս կը խնդրէ վերջ տալ խնդրոյն քուէարկութեամբ: Հետեւաբար, բանաձեւերը քուէի կ՚ենթարկուին: Առաջինը որ է Յանձնաժողովի առաջարկը անուանաբար կը քուէարկուի (տեսնել վարը):

Բ. բանաձեւը (տեսնել ստորեւ) կը ստանայ 10 քուէ:

Վսեմ. Նախագահ. Ըստ այսմ Ա. բանածեւը ստացած է 13 քուէ, իսկ Բ.-ը 10 քուէ միայն: Ձեռնպահ մնացած են Դուրեան Սրբազան եւ Տոքթ. Ալթունեան. ժողովէն արդէն մեկնած ըլլալով քուէարկութեան չէ կրցած մասնակցիլ Պ. Դաւիթ-Բէկ: Հետեւաբար, օրինական 19 թիլը չէ գոյացած:

Ապա Վսեմ. Նախագահը կը ծանուցանէ, թէ ատենադպիրք զբաղած ըլլալով ւստենագրութեանց պատրաստութեամբ ժողովոյ յառաջիկայ նիստը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի միայն:

Նիստը ւիակուեցաւ ժամը 8-ին:

Յանձնաժողովի կողմէ Պ. Չօպանեանի առաջարկը.

Ա. բանաձեւ

Փարիզի մէջ հաւաքուած Հայ Ազգային Համագումարը, որուն մասնակցեցան Թրքական Հայաստանի, Պարսկահայաստանի եւ հայկական բոլոր գաղութներու