Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/489

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պատուիրակները, անգամ մը եւս հայ ազգը եւ հայ հայրենիքը կը հռչակէ մի եւ անբաժանելի Կովկասէն մինչեւ Միջերկրական:

Իր խանդաղատագին ողջոյնը կ՚ուղղէ բովանդակ հայ ազգի ազատագրական պայքարէն ծնած Հայկական Հանրապետութեան, անոր մէջ հրճուանքով տեսնելով 600 տարուան գերութենէ յետոյ հայ ազգային ազատութեան վերազարթնումը եւ ճանչնալով զայն իբր առաջին հանգրուանը վաղուան Ամբողջական հայ տէրութեան:

Կարձանագրէ Հանրապետութեան պատուիրակներու Համաժողովին մէջ ըրած յայտարարութիւնը, որա համեմատ Կովկասի Հայկական Հանրապետութիւնը իր ծնած օրէն իսկ որոշած է միանալ Արեւմտեան Հայաստանին, անմիջապէս որ այս վերջինը հայ եւ Դաշնակից ոյժերով ազատի թիւրք տիրապետութեան յետին մնացորդներէն եւ ըստ Դաշնակից պետութեանց որոշ յայտարարութիւններուն անկախ հայ կեանքի վերածոփ:

Պարտք կը դնէ Ամբողջական Հայաստանի նորակազմ Պատուիրակութեան վրայ իր բոլոր ջանքերը նուիրել նպաստելու, որ իրականանայ Հայաստանի երկու մեծ մասերում միացումը միակ հայ տէրութեան մը մէջ:

Կոչ կընէ բովանդակ հայ ժողովուրդին օգնութեան հասնիլ մեր Կովկասի եղբայրներուն, որ մահամերձ1 իուրանական բռնապետութեան նիւթած դիւային դաւին հետեւանքով, սովի եւ ժանտատենդի կրնակի չարիքին ներքեւ ահաւոր ճգնաժամ մը կանցընեն այս րոպէին, ու կը հրափրէ մեր հայրենակիցները Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան ընձեռել բոլոր նիւթական եւ բարոյական միջոցները ղիւրացնելու համար Հայաստանի բոլոր հողամասերուն ազատումը թիւիՔ իշխանութխններէ:

Բրօֆ. Խաչատուրեանի առաջարկը

Բ. բանաձեւ

Հայաստանի միացման համար առաջարկներ.

1. Նկատելով, որ հայ ազգին առաջին անգամն ըլլալով կ՚ազատագրուի իր դարաւոր ստրկութենէն իր իսկ հերոսական ճիգերով Հայաստանի մէկ մասին մէջ եւ այսպիսի պայմաններու մէջ անհնար է ամէն բան սահմանադրական կանոններով կարգադրել,

2. Նկատելով, որ փաստօրէն հաստատուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը հիմնուած է հայրենիքի այն մասին մէջ, որ միշտ պատմական աթոռանիստն է եղեր հայ քաղաքական իշխանութեան եւ դարերէ հետէ կը շարունակէ նոյնը մնալ հայ հոգեւոր նաիրապետութեան «Ամենայն Հայոց Հայրապետովը»,

3. Նկատելով, որ ընդհանրապէս նոր ազատագրուած ազգերը հազիւ անգամ կը յաջողին առաջին քայլէն իսկ տէր դառնալ իրենց ամբողջ պատմական հայրենիքին, այլ մէկ կեդրոնէ հետզհետէ կը տարածեն իրենց իշխանութիւնը ամբողջ երկրի վրայ,

4. Նկատելով, որ Հայաստանի հայութեան դուրս գտնուած շատ մասեր (Միջագետք, Սիլրիա, Գոնիա, Իզմիր, Պոլիս եւ ուրիշ գաղթավայրեր) եւ երկրի մէջ ալ Կիլիկիա ի վիճակի են մասնակցելու Հանրապետութեան խորհրդարանին անդամ ընտրելու գործողութեան,

5. Նկատելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անմիջապէս համազգային ճանչնալն ու յայտարարելը մեծ կարեւորութիւն պիտի ունենայ մեր Դատի ամբողջութեան յաջողութեանը համար Եւ միւս կողմէ ամբողջ հայութիւնը պիտի ոգեւորէ մեզի համար այնքան կենսական համերաշխութեան ու սիրոյ շունչով մը,

Կառաջարկենք, որ Համագումարն անմիջապէս յայտարարէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբր կորիզը համազգային պետութեան եւ անմիջապէս ձեռնարկէ պատրաստել ընտրական հրահանգներ, որով ապահովոփ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ դեռեւս բաժին չունեցող հայութեան մւսսնակցութիւնը:

Ա. Խաչատուրեան