Ներկայացուցիչ Միջագետքի հայ փախստականներուն
Ամերիկահայ ներկայացուցիչներ
Պ. Պ. Միքայելեան
Զ. Մաթիկեան
Մ. Պամբարձումեան
| Յանձնաժողովի առաջարկի քուէ տուողներ | Բրօֆ. Խաչատուրեանի առաջարկին քուէ տուողներ |
| Մոստիչեան | Խաչատուրեան |
| Մալքօմ | Փափագեան |
| Ֆընտքլեան | Հանըմեան |
| Չօպանեան | Մաթիկեան |
| Աղաթօն | Փաստըրմաճեան |
| Թումայեան | Միքայելեան |
| Թէրզիպաշեան | Համբարձումեան |
| Տէր Ստեփանեան | Շանթ |
| Նորատունկեան | Բարսեղեան |
| Ներսէսեան | Տէրպէտէրեան |
| Պօղոս Փաշա | |
| Տէր Յակոբեան | 10 քուէ |
| Հինդլեան |
13 քուէ
ՀԱԱ Ֆ. 430 Ց. 1 Գ. 33, թթ. 1-32: Բնագիր: Ձեռագիր:
Նիստ 38-րդ
Նիստը բացուեցաւ Վսեմ. Նորատունկեանի նախագահութեան տակ, 28 անդամներու ներկայութեան, ժամը 5 ու կէսին:
ՕՐԱԿԱՐԳ
Միացեալ կառավարութիւն մը ստեղծելու համար կազմուած յանձնաժողովին պատրաստած բանաձեւին ընթերումը /տես ստորեւ բանաձեւը/:
Կը կարդացուի Պ. Տամատեանի՝ Մարսիլիայէն տուած մէկ հեռագիրը, որով ցաւ կը հայտներ յանկարծահաս մեկնումիս պատճառով հրաժեշտ տալ չկրնալու համար:
Դիւանին կողմե կը հարցուի, թէ նիստերուն արձանագրութիւնները պէ՞տք է անմիջապէս տպագրել տալ: ժողովը յարմար չի տեսնար քաղաքական եւ ներքին ազգ. տեսակէտով. այժմ հրապարակել տեղի ունեցած վիճաբանութիւնները:
Պ. Յինդլեան. Բուռն կերպով հակառակ է անոր եւ կը պահանջէ, որ ժողովուրդը մանրամասնօրէն տեղեակ ըլլայ հոս արտայայտուած բոլոր միտքերուն եւ անցած-դարձածէն Թէեւ խնդիրը օրակարգի նիւթ եղած չըլլար, բայց ժողովը հակառակ է.