Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/491

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հինդլեանի երկրորդ եւ այս անգամ ըստ կարգի բողոքին քուէարկութեան հասցեից եւ նկատի ունենալով կարգ մը անպատեհութիւնք, 8 ձայնով ընդդէմ 5-ի կորոշէ առայժմ շարունակել նիստերուն արձանագրութիւնները եւ ժողովուրդին հաշիւ տալ միայն Դիւանին ընելիք յայտարարութիւններուն սահմաններուն մէջ: Առ այս Պ. ատենադպիրը ատենագրութիւններէն քաղուած մը պիտի պատրաստէ, որը այս նստաշրջանի բացման օրը ժողովոյ մէջ կարդացուելով հրատարակութեան պիտի դրուի:

Յետոյ կը կարդացոփ Հալեպէն եկած հետեեւալ գիրը.

«Վսեմափայլ

Պօղոս Նուպար Փաշա.

Նախագահ Հայկական Պատոփրակութեան

ի Փարիզ:

Վսեմաշուք Փաշա.

Եգիպտական «էլ.-Մոգաթթամ» թերթին մէջ մը հրատարակուէր է

Ձեր Վսեմութեան մէկ յայտարարութիւնը, որուն մէջ

Կիլիկիոյ իբրեւ արեւելեան սահման կը հիշոլին Ամանոս լեռները: Այս դիութեամբ[1]

Մարաշ եւ Այնթապի սանճակները ել Քիլիս դուրս կը ձգուէին Կիլիկիայէն:

1. Նկատելով, որ վերոյիշեալ տեղերը պատմական օրէն եւ ազգագրականօրէն կը պաքթանին բուն իսկ հայկական Կիլիկիային.

2. Նկատելով, որ այն տեղերը ռազմագիտական, առեւտրական, ուսումնական եւ երկրագործական տեսակէտներով առաջակարգ դիրք մը կգրաւեն Կիլիկիոյ մէջ:

3. Նկատելով, որ այս վայրերու հայութիւնը վերջին քառորդ դարու ընթացքին իր հարիւր քսան հազար զոհերու արիւնովը նուիրւսգործած է իր սեփականութեան իրատւնքը.

4. Նկատելով, որ հակառակ թուրքի սիստեմատիկ հալածանքներուն ու ջարդերում, սոյն տեղերը այսօր իսկ կը պարունակեն մօտ վաթսուն հազար վերապրող հայութիւն մը:

Հետեւաբար, վերոյիշեալ վայրերում Կիլիկիայէն անջատումը պիտի ըլլայ պատմական ամենամեծ զրկում մը եւ անդարմանելի կորուստ մը Կիլիկիային:

Ուստի, խուսափելու համար պատմական ամէնամեծ անիրաւութենէ մը ել անոր աղիտալի հետեւանքներին, եւ խնայելու համար այսքան ստուարաթիւ հայութեան մը նորանոր տեղափոխութիւններէն կխնդրենք, որ անմիջական դիմումներ ընենք առ որ անկէ, որպէսզի Այնթապի եւ Մարաշի սանճակները եւ Քիլիս եւս մաս կագմէին նորակազմ Կիլիկիային:

Հաճեցէք ընդունիլ խորին յարգանաց հաւաստին

Ձեր խոնարհ ծառաներն

Ի դիմաց Քիլիսի մասնախեւմբեն, ի դիմաց Մարաշի մասնախումբին, ի դիմաց Այնթապի մասնախումբին, Ի դիմաց Քիլիսի համախումբին

Ատենադպիր
Հ. Քէշիշեան»


ԱՄՓՈՓՈՒՄ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

ԱՇԽԱՏՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՈՐՈՇՄԱՆՑ

Հայ Ազգային Համագումարը, հաւաքուած ի Փարիզ, ունեցաւ ընդամէնը 43 նիստ, որոնց հինգը՝ նախապատրաստական:

  1. Տեքստում այդպես է: Օանոթ.կազմ.: