Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/492

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Սոյն նախապատրաստական նիստերու գումարումէն, այն է, 1919 Փետր. 18-էն առաջ, աւելի քան մէկ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցան գրեթէ ամենօրեայ հաւաքոյթներ, մասնակցութեամբ Ազգ. Պատուիրակութեան հին եւ նոր կազմի (ըստ հրաւիրագրի զօրեղացած Պատուիրակութեան) եւ հետզհետէ հասնող Համագումարի անդամներուն, որոնք կատարեցին աշխատութիւններ, ինչպէս Խաղաղութեան Վեհաժողովին ներկայացուելիք Յիշատակագիրին վիճաբանութիւնը, եւ ընտրեցին Յանձնաժողովներ հաւատարմագրերու ճշդման, Հայկական Լեգէոնի վերաբերեալ խնղրոց. Նպաստից եւ Համագումարի կանոնագրին պատրաստութեան համար:

Համագումարի անդամ ճանչցուեցան, Ազգ. Պատուիրակութեան պաշտօնի վրայ գտնուող անդամներէն զատ, նաեւ Պատուիրակութիւնը ուժեղացնելու համար կամ Պատուիրակութեան մօտ իբրեւ ներկայացուցիչ զանազան հայ համախմբումներու կողմէ ընտրուած անձնաւորութիւնները, Վեհ. Կաթողիկոսի Ամերիկայի ներկայացուցիչը եւ Համագումարին կողմէ հրաւիրուած հինգ ծանօթ գործիչներ: Պատուիրակութեան անդամներէ, ինչպէս եւ հրաւիրեալ անդամներէ ոմանք ունէին կամ վերջէն ունեցան նաեւ Համագումարի համար ընտրուած պատգամաւորի հանգամանք: Կովկասի եւ Ռուսաստանի հայութիւնը քուէի ձայնով մասնակցելու համար պատգամաւորներ ղրկած չէր Համագումարին, որովհետեւ Խաղաղութեան Վեհաժողովին համար ընտրուած Պատուիրակութեան Երեւանէ մեկնած միջոցին, Հայ Հանրապետութեան կառավարութիւնը ստացած չէր Ազգային Պատուիրակութեան հրաւիրագիրը, ինչպէս յայտարարեց Նախագահը Պ. Ա. Ահարոնեան, որ նոյն պատգամաւորութեան անդամ Պ. Հ. Օհանջանեանի հետ մասնակցեցաւ Համագումարին միմիայն խորհրդակցական հանգամանքով: Համագումարի քուէարկու անդամներուն թիլը այսպէսով աստիճանաբար բարձրացաւ, մինչեւ իր փակումէն քիչ առաջ հասնող նոր պատգամաւորներով, երեսուն եւ ութի:

Ահաւասիկ Համագումարի նախապատրաստական վերոյիշեալ հինգ նիստերուն եւ պաշտօնական բացումէն մինչեւ ւիակումը, այն է Փետրուար 24-էն մինչեւ Ապրիլ 22, գումարուած 38 նիստերուն, ընդամէնը 43 նիստի մէջ կատարուած աշխատութեանց համառօտ մէկ ամւիուիումը:

1. ննտրութիւն Համագումարի Դիւանին: Ընտրուեցան

Նախագահ՝ Վսեմ. Գ. Նորատունկեան, դեր-Նախագահներ՝ Պ. Պ. Բրօֆ. Տէր- Յակոբեան եւ Ա. Չօպանեան, ատենադպիրներ Պ. Պ. Վ. Թէքէեան եւ Ն. Տէր-Ստեփանեան. այս վերջնոյն հրաժարելէն յետոյ Պ. Գ. Ֆնտգլեան:

2. Քննութիւն եւ վաւերացում Համագումարի ներքին կանոնագրին:

3. Քննութիւն եւ վաւերացում ժողովի իրաւասութեան եւ աշխատութեանց ծրագրին:

4. Վաւերացում նախապէս պատրաստուած եւ Խաղաղութեան Վեհաժողովին ներկայացուած Հայկական Պահանջներու Յիշատակագիրին:

5. Զեկուցում Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշայի Պատուիրակութեան ի սկզբանէ մինչեւ այժմ կատարած աշխատութիւններուն եւ ստացած արդիւնքներուն վերաբերմամբ:

6. Քննութիւն եւ վաւերացում հայ ազգին Թուրքիոյ եւ Կովկասի մէջ այս պատերազմի ընթացքին կոտորածներու, տեղահանության եւ այլ աղէտներու հետեւանօք կրած վնասներուն հատուցման վերաբերող Յիշատակագիրին, որ ներկայացուեցաւ Խաղաղութեան Վեհաժողովին եւ, որուն համաձայն, վերոյիշեալ վնասուց ամբողջական գումարը կը յանգի 19 միլիառ 130 միլիոն 982 հազար ֆրանքի: Այս գումարին 14 միլիառ 598 միլիոն 510 հազարը արեւմտեան հայոց պահանջներուն եւ մնացեալ 4 միլիառ 532 միլիոն 472 հազարը արեւելեան հայոց պահանջներում համար:

7. Քննութիւն եւ վաւերացում Ելեւմտական Յանձնաժողովին կողմէ Ազգ. Պատուիրակութեան յառաջիկայ վեց ամսուան գործունէութեան համար