Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/493

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պատրաստուած ելեւմտացոյցին, որան համաձայն՝ ազգային զանազան պէտքերու համար նուազագոյն 15 եւ առաւելագոյն 30 միլիոն ֆրանքի ծախուց գումար մը կը նախատեսոփ, հասոյթի զանազան եղանակներու առաջարկութեամբ, որոնց յարմարագոյն գործադրութիւնը յանձնուած է նոր Ազգ. Պատուիրակութեան:

8. Քննութիւն եւ վաւերացում յատուկ Յանձնաժողովի մը կողմէ պատրաստուած նոր Ազգ. Պատուիրակութեան տրուելիք ուղեցոյցներու (Տիրէքթիւ) ծրագրին, որուն մէջ մանրամասնուած են պետութեանց հետ բանակցութիւններու ընթացքիս Պատուիրակութեան հետեւելիք ուղղութիւնն ու դնելիք պահանջները հիմնուած Յիշատակագիրի գլխաւոր սկզբունքներուն վրայ:

9. Քննութիւն եւ վաւերացում Հայկական Լեգեոնի ներկայ վիճակին, կամաւորներու վերստին յանձնաոագրամին եւ Լեգէոնի ապագւպ գործածութեան հարցերուն մասին յատուկ յանձնաժողովի մը կողմէ բերուած առաջարկներուն:

10. Քննութիւն Պատուիրակութեան տրուելիք ուղեցոյցներու առթիւ վերապահուած յաւելուածական մասի մը, որով կը փափաքուէր Համագումարի ընթացքին իսկ կարելի դարձնել թրքական եւ ռուսական Հայաստաններու միացումը, միակ ներկայացուցչութեան մը եւ միակ կառավարոլթեան մը ստեղծմամբ: Յետ բազմաթիւ խորհրդակցութեաճց' որոշուեցաւ սոյն խնդրոյն իրականացումը յանծնել նորընտիր Պատուիրակութեան ըստ ուղեցոյցներու տրամադրութեան:

11. Ընտրութիւն Ապրիլ 2-ի նիստին մէջ Հայ Ազգային Պատուիրակութեան, բաղկացած վեց անղամէ, որ համաձայն նոր Պատուիրակութեան համար ընղունուած ուղեցոյցներուն Հայ Հանրապետութեան Պատուիրակութեան հետ կը կազմէ «Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութիւնը» եւ անոր հետ միասին պիտի աշխատի ձեռք բերել Յիշատակագիրով բանաձեւուած հայկական պահանջներու գործադրութիւնը եւ պիտի հետապնդէ ազգային դատին յարակից բոլոր հարցերուն բարւոք լուծումը: Նորընտիր Պատուիրակութեան անդամ ընտրուեցան Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար, Պ. Պ. Բրօֆ. Տէր-Յակոբեան, Ա. Չօպանեան, Գ. Փաստրմաճեան, Տոքթ. Յ. Նեւրուզ, Վ. Թէքէեան:

12. Քննութիւն Հայկական Վնասուց Հատուցման Յիշատակագիրին վրայ աւելցուելիք նոր յուշագրի մը վնասուց պատասխանատոտւթեւսն եւ գանձման վերաբերեալ: Սոյն յուշագրին ամբողջացումն ու առաքումը յանձնուեցաւ Պատուիրակութեան:

13. Ընտրութիւն, համաձայն Համագումարի իրաւասութիւնն ու գործունէութիւնը ճշդող ծրագրին, յանձնաժողովի մը, որան պաշտօնն է մօտաւոր փոխանցման շրջանին համար Հայաստանի վարչական կազմը ճշդող առժամեայ ծրագիր մը կազմել ել զայն ենթարկել Համագումարի վաւերացման երբ Համագումարը վերստին ի նիստ հրաւիրուի Պատուիրակութեան կողմէ, ինչպէս պարտաւոր է ընել այն ատեն, երբ Հայաստանի քաղաքական բախտին մասին Խադաղութեան Վեհաժողովն իր որոշումը տայ, կամ երբ Պատուիրակութիւնը հարկ տեսնէ Համագումարին դիմել ուրիշ որեւէ անակնկալ հարկեցուցիչ պարագայի առջեւ:

Օրակարգի նիւթ կազմող եւ վերեւ թոտւած այս խնդիրներէն զատ, Համագումարը իր նստաշրջանի միջոցին զբաղեցաւ նաեւ կարգ մը խնդիրներով, որոնցմէ յիշենք հայկական հողամասերու զինոտրական գրաւման, Կիլիկիոյ եւ Սիւրիոյ մէջ ապրող տարագիր հայ ժողովուրդին ապահովութեան, Արեւելեան Հայաստանի սովաբեկ հայ ժողովուրդին պարենաւորման, Կիլիկիոյ համար բժշկական միսիոնի մը, հիւանդանոցի կազմածներով դեղօրէից եւ զգեստեղէնի, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Հայաստանի համար դեղօրէից առաքման խնդիրները: Ասոնցմէ վերջիններուն Համագումարը յաջողեցաւ մասամբ գոհացում տալ Պատուիրակութեան տրամադրելի միջոցներով:

Համագումարը իր նստաշրջանին միջոցին դժբախտութիւնն ունեցաւ լսելու Հալէպի մէջ հայերու վրայ գործադրուած կոտորածի մը գոյժը, ինչպէս նաեւ