Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/499

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

միեւնոյն հաճելի եւ օգտակար ալ ամբողջութիւնը, ոմանք իրենց եռանդով, ոմանք իրենց խոհականութեամբ, ուրիշներ իրենց ոյժով: Անշուշտ միշտ պիտի ըլլան կարծիքի տարբերութիւններ, եւ պէտք է ըլլան, բայց այդ տարակարծութիւնները, իրար սրբագրելով, իրար լրացնելով, պէտք է աւելի ազգին ընդհանրութեան բարիքին ծգտին եւ ո՛չ թէ յանգին ցաւալի շեղումներու, որոնք վնասէ զատ ուրիշ արդիւնք չեն տար, ինչպէս կ՚ըլլայ այս միջոցիս մեր ժողովուրդին մէջ, Ամերիկա կամ այլուր: Պէտք է մեր ամբողջ եռանդով աշխատինք, որ վերջ գտնեն այդ տխուր բախումները: Նպատակը ամէնուս համար ալ մէկ է, ազգին փրկութիւնը: Այս նաիրական նպատակին շուրջ, ամէնքս ալ, ինչ կարծիքի եւ համոզումի տէր եղած ըլլանք, միշտ կրնանք միանալ: Կը կրկնեմ, որ ազգին փրկութիւնը մեր գոյացնելիք այս միութենէն կախուած է:

Ուրախ ենք այսօր մեր շուրջը տեսնելով մեր հոգեւորականութեան կարկառուն դէմքերը: Վերջին երեք-չորս տարուան շրջանին մէջ մեր հոգեւորականութիւնը Դեւոնդեանց եւ Սուքիասեանց ճշմարիտ յաջորդ հանդիսացաւ, անոնց պէս նահատակուելով ազգին ազատութեան ու բարիքին դատին անունով: ՏարգաՕքով ու խանդաղատանքով կը խոնարհինք իրենց յիշատակին առջեւ: Վստահ եմ, որ ազգը Երբեք չպիտի մոռնայ զիրենք եւ միշտ երախտագիտութեամբ պիտի ոգեկոչէ իրենց նուիրական յիշատակը: Մասնաւորաբար բարեբախտութիւն ունեցանք մեր մէջ տեսնելու Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, որ անձնապէս Միջագետքի անապատներուն մէջ կրեց այն բոլոր նեղութիւնները, որոնք վիճակուած էին ժողովուրդին, միշտ աչքի առաջ ունեցաւ անոր թշուառութիւնը, եւ կը հաւատամ, որ ժողովուրդը այդպէս դժբախտ տեսնելով, իր մէջ աւելի մեծցան իր սեփական ցաւն ու տառապանքը: Մեր մէջ ունէինք նաեւ Կիլիկիոյ Վեհաշնորհ Կաթողիկոսը, որ տակաւին անցեալ օր կը յայտնէր, թէ որքան կը ցաւի յանկարծական կերպով Իտալիա մեկնելու ստիպուած ըլլալուն, այլապէս,- կը յարէր,- անձամբ իր օրհնութիւնները պիտի բերէր մեր ջանքերուն եւ մեզի գրգիռ պիտի հանդիսանար, պարզելով ժողովուրդին ցաւերը, զորս այնքան լաւ կը ճանչնայ, քանի որ ինք ալ այդ ցաւերը կրեց տարագրութեան մէջ: Դարձեալ մեր մէջ ունեցանք ևագլեան Գերապայծառը, որ այնքան անխոնջ ու եռանդուն գործակցութեան բաժին մը բերաւ Հայկական Դատին համար կատարուած աշխատութեանց ու դիմումներում: Ու նաեւ այս օրերս ալ բախտաւոր եղանք ընդունելով այցելութիւնը Գերերջանիկ Թէրզեան Ս. Կաթողիկոսի: Կը հաստատեմ այս առթիւ սա պարագան, թէ մինչեւ այսօր, հոգեւորական եւ աշխարհական չդադրեցան իրարու ձեռք տալէ Ել չտարբերեցան իրարմէ. ամէնքն ալ նոյն հոգուով եւ սրտով աշխատեցան ազգին փրկութեան համար: Ասիկա գրաւական մըն է, թէ նոր ճամբու մը մէջ մտած ենք: Կը հաւատամ, որ այս ընթացքը պիտի շարունակուի յառաջիկային, եւ այս համագործակցութեան շնորհիւ մեր կղերը առիթ պիտի ունենայ աւելի մեծ օգտակարութիւն մը ընծայելու ազգին եւ անոր նաիրական Դատին:

Սրբազան Հարք եւ Տիարք,

Պէտք չունիմ անշուշտ յիշեցնելու, թէ քանի մը ամիս առաջ տեղի ունեցաւ երջանկաբեր իրողութիւն մը՝ Հայկական Հանրապետութեան ճանաչումը Դաշնակից տէրութեանց կողմէ: Այս մեծ իրողութիւնը ներկայ է միշտ ամէնուս ալ յիշողաթեան մէջ, որովհետեւ ամէնքս ալ լեցուց հրճուանքով եւ յոյսով: Այն ատեն գրով կամ հեռագրով մեր խնդակցութիւնը յայտնեցինք Հանրապետութեան կառավարութեան: Այսօր կրնանք նոյն հրճուանքով, նոյն յոյսով անդրադառնալ այս իրողութեան եւ խնդակցիլ իրարու, որ վերջապէս ունինք անկախ կառավարութիւն մը: Իրաւ է, որ կատարուած ճանաչումը de facto ճանաչում մըն է տակաւին, բայց մտահոգ ըլլալու տեղի չկայ: Չմոռնանք, որ Հանրապետութեան կառավարութիւնը Ռուսիոյ սահմաններուն մեջ գտնուելուն, Դաշնակից տէրութեանց համար յարմար չէր առաջին քայլերով de juris ճանաչում մը: Բայց, վերջապէս, միջազգային օրինաց մէջ de facto ճանաչումը նախաքայլն է de juris ճանաչման, եւ մեզի համար ալ նոյնը պիտի ըլլայ, ապահով եղէք ասոր: Մօտ օրէն Թուրքիոյ հետ հաշտութեան դաշնագրին ստորագրութեան հարցը կը