Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/500

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հասնի անշուշտ իր լուծման, մեր խնդիրն ալ պարզուելով կունենանք կաւոարեալ անկախ կառավարութիւն մը. եւ վերջապէս կը մտնենք բարօրութեան ու երջանկութեան ճամբու մը մէջ: Ոյժ եւ կարողութիւն մը մաղթեմ բոլոր անոնց, որոնք ազգին համար կաշխատին, եւ կը հաւատամ, որ անոնց համախումբ ջանքերը վերջ ի վերջոյ պիտի կրնան իրականացնել ինչ որ մեր ժողովուրդը երազեր է դարերէ ի վեր:

Այսօր չպիտի մտնենք խնղրոյ կարգին մէջ: Նախ ամբողջ չենք: Ունինք անդամներ, որոնք քանի մը օրէն միայն կրնան հասնիլ եւ որոնց գործակցութիւնը անհրաժեշտ է անշուշտ մեզի: Յետոյ իրաց ընթացքը պաքթերացնելու ծառայող քանի մը գրեր կան, որոնք պատրաստելու վրայ են: Կը յուսամ յաջորղ նիստին ամեն բան լրացած կըլլայ եւ կը սկսինք մեր աշխատութեանց: Այսօրուան համար կը խնդրեմ Ազգային Պատուիրակութեան Վսեմաշուք Նախագահէն, որ գոնէ համառօտ կերպով հաղորղէր իր մտածումները իրաց կացութեան մասին /ծափահարութիւններ/:

Պօղոս Նուպար Փաշա, Նախագահ Ազգային Պատուիրակութեան. Սրբազան Հարք, Տիար Նախագահ եւ Տիարք,

Յանուն Պատուիրակութեան՝ բարի գալուստ մաղթելով ձեզի կուզեմ յայտնել նաեւ, թէ որքան երջանիկ ենք տեսնելով, որ այսքան մեծ բազմութեամբ պատասխանեցիք մեր Ազգային Համագումարի երկրորդ նստաշրջանի գումարման հրաւէրին: Երկիւղն ունեինք, թէ այն հապճեպ կոչը, զոր պարագաները մեզ ստիպեցին ձեզի ուղղելու հեռագրով, եւ այն երկար հեռաւորութիւնը, որ ձեզմէ ոմանք ստիպուած էին կտրել, կարելիութիւն չպիտի ընծայեն իրենց որոշուած թուականին Փարիզ հասնելու: Շատ վարանեցանք որոշելէ առաջ այղ թուականը, որ կախում ունէր Խաղաղութեան Վեհաժողովին աշխատութեանց յառաջացումէն, որովհետեւ ստիպուած էինք, ձեր՝ մեզի տուած ուղեգծին համաձայն, ձեզ նիստի հրաւիրել այն պահուն, ուր Հայկական Խնդիրը լուծուելու վրայ ըլլար: Բայց Խաղաղութեան Վեհաժողովը երկարաձգուեցաւ ամեն նախատեսութենէ անդին: Յաջորղական յետաձգումներ տեղի ունեցան, եւ քանի ղժուարութիւններ կը ծագէին, Թրքական Հարցին լուծումն ալ օր օրի կը յետաձգաէր: Ասոր համար է, որ ձեզ Փետրուար 15-ին գումարուելու հրաւիրելէ ետք,- որովհետեւ կը կարծէինք թէ այղ թուականին ամեն բան աւարտած կ՚ըլլայ,- ստիպուեցանք Մարտ 31-ին յետաձգել մեր Համագումարին բացումը: Այսօր ալ հարկաղրուած ենք սպասելու, որ Գերագոյն Խորհուրդը վերջնականապէս վճռէ Թուրքիոյ հետ հաշտութեան պայմանները ու միեւնոյն ատեն որոշ կերպով մը հաղորղէ իր որոշումները Հայաստանի նկատմամբ:

Մեր Պատուիրակութիւնը իրեն պարտք պիտի նկատէ յառաջիկայ նիստի մը մէջ ձեզի ներկայացելու մանրամասն տեղեկագիր մը, ձեզի ծանօթացնելու համար այն զանազան երեւոյթները, որոնցմէ անցաւ Հայկական Խնդիրը, ինչպէս նաեւ արդիւնքները այն բանակցութեանց, զորս ունեցանք Դաշնակից կառավարութեանց հետ մեր վերջին նստաշրջանէն ասդին: Բայց կերեւակայեմ ձեր անհամբերութիւնը, եւ երկու բառով ձեզի պիտի յայտնեմ, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի այսօր մեր հարցը: Ասիկա օգտակար կը նկատեմ մանաւանդ անոր համար, որ անհրաժեշ՜, պէտք է քիչ մը լոյս սվտել եւ ցրուել այն տեսակ մը շվտթութիւնը, որ առաջ եկաւ Հայաստանի հոգատարութեան մասին Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ նախ Ազգերու Ընկերութեան եւ յետոյ Նախագահ Ուիլսոնի յղած կրկին առաջարկներուն պատճառաւ:

Մեր բանակցութիւնները մասնաւորաբար գործօն բնոյթ մը ստացան այն երկու ամիսներուն մէջ, որոնց ընթացքին Խաղաղութեան Վեհաժողովը գումարուեցաւ Լոնտոն, ինչպէս նաեւ Սան Ռեմոյի վերջին տասնօրեայ նստաշրջանին ընթացքին: Ինչպէս գիտէք, Լոնտոնի նստաշրջանի ընթացքին է, որ Գերագոյն Խորհուրդը Հայաստանի հոգատարութիւնը առաջւսրկեց Ազգերու Ընկերութեան: Ընկերութիւնը, առանց մերժելու, ինչպէս յանիրաւի յայտարարուեցաւ, դիտել տուաւ Գերագոյն Խորհուրդին, թէ իր կազմական կանոնագրին համաձայն չի կրնար ուղղակի հոգատարութիւն մը ստանձնել, բայց, միլս կողմէ, պարտականութիւն մը կը նկատէ