Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/501

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հայաստանը առնել իր պաշտպանութեան տակ. պայմանաւ, որ պետութիւն մը ստանձնէ անոր հոգատարութիւնը յանուն Ընկերութեան, եւ կարգադրութիւններ ըլլան ելեւմտական օժանդակութեան մը համար:

Գիտէք նաեւ. Սրբազան Հարք եւ Տիարք, թէ Խաղաղութեան Վեհաժողովը Լոնտոնի մէջ գծած էր սահմանները Հայկական պետութեան, որ պիտի կազմուէր Թուրքիոյ հայկական հողամասերէն մէկ մասին արդի Հայկական Հանրապետութեան կցմամբ, Սեւ Ծովին վրայ ազատ ելքերով: Իրաւունք ունէինք ենթադրելու, թէ այդ սահմանները, որոնք Ազգ. Պատոփրակութեան եւ Վեհաժողովի սահմաններու գծման յանձնաժողովին միջեւ բանակցութեանց առարկայ դարձած էին, վերջնական են այլեւս: Դժբախտաբար այդպէս չեղաւ: Գերագոյն Խորհուրդը պէտք տեսաւ խնդրել վերաքննելու Սան Ռեմոյի մէջ, ուր մասնատրաբար էրզրում քաղաքը նոր խորհրդակցութեանց առարկայ դարձաւ: Լսելէ ետք Ազգ. Պատուիրակութիւնը, Գերագոյն Խորհուրդը նախ որոշ կերպով ընդունեց էրզրումը Հայաստանի թողելու «թէզ»ը, բայց յաջորդ օրը զարմացանք, իմանալով, որ մասնագիտական պատճառներու բերմամբ եւ Զինուորական Յանձնաժողովի կարծիքին վրայ որոշեր է խնդիրը առկախ թողուլ եւ վերջնական որոշում մը տալէ առաջ վերջին կոչ մը ուղղել Միացեալ Նահանգներուճ: Այս պայմաններում մէջ է, որ Հայաստանի հոգատարութիւնը առաջարկեց Նախագահ Ուիլսոնի: Դիտելի է, թէ առաջին անգամն է, որ այս տեսակ առաջարկութիւն մը կ՚ըլլայ պաշտօնապէս: Գերագոյն Խորհուրդը նոյն ատեն խնդրեց Միացեալ ևահանգներէն, որ հոգատարութիւնը մերժելու պարագային գոնէ ելեւմտական ու զինուորական աջակցութիւն մը ընծայեն Հայաստանի: Գերագոյն Խորհուրդը, վերջծւպէս, առաջարկեց Նախագահ Ուիլսոնի, որ նոյնիսկ այն պարագային, երբ այս վերջին առաջարկութիւնն ալ մերժուի, ինքն իսկ, իբր իրաւարար, որոշէ Հայաստանի սահմանները:

Համառօտակի՝ այս է արդի կացութիւնը: Անձկութեամբ կը սպասենք պատասխանին, որ անշուշտ չպիտի ուշանայ եւ որ միակ բանն է, որ կրնայ վերջ տալ մեր անհանգստութեանց: Ամեն պատճառ ունինք յուսալու, թէ այդ պատասխանը մեզի նպաստաւոր պիտի ըլլայ. որովհետեւ եթէ նոյնիսկ, ինչպէս հաւանական է, Միացեալ Նահանգները ի վիճակի չըլլան հոգատարութիւնը ընդունելու, գոնէ պիտի կրնան մտնել Ազգերու Ընկերութեան կողմէ թելադրուած կարգադրութեան մէջ, հոգատար պետութեան օգնելով եւ Հայաստանի ընծայելով այն ելեւմտական ու զինուորական աջակցոլթիւնը, որան պէտք ունի:

Հաւատք ունենանք ուրեմն, մտաբերելով Միացեալ Նահանգներու ժոդովուրդին ու կառավարութեան կողմէ մեր մասին սնուցուած ու բազմիցս ապացուցուած համակրութիւնը, եւ այն յայտարարութիւնները, որոնք այնքան անգամներ հանդիսատրապէս եղած են ի նպաստ Հայաստանի՝ Ամերիկայի ամէնէն նշանաւոր անծնաւորութեանց կողմէ: Չափազանց լաւատեսութիւն մը անտեղի է անշուշտ: Կացութիւնը այսօր այն չէ, ինչ որ էր զինադադարի պահում: Այն օրէն ի վեր, ուր Միացեալ Նահանգները այլեւս չեն մասնակցիր Գերագոյն Խորհուրդին խորհրդակցութեանց, սկզբնաւորութեան շրջանին հաւանական նկատուող լուծումները անզգուշաբար եւ միշտ աւելի մեծ համեմատութիւններով փոխուած են' ծագած նոր դժուարութեանց հանդէպ շատ մը խոստումներ որոնք եղած էին մոռցուած կամ մէկ կողմ թողուած են. կը խուսափին անոնց խօսքը ընելէ, վախնալով, որ չեն կրնար զանոնք կատարել: Ինչ որ ալ ըլլայ, պէտք է շարունակենք մեր ջանքերը մինչեւ վերջին վայրկեանը եւ սպասել Ուաշինկթոնի կառավարութեան պատասխանին:

Վերջացնելէ առաջ Ազգ. Պատուիրակութեան խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ մեր յարգելի Պատրիարքին Ամենապատիւ Տ. Զաւէն Ս. Արքեպիսկոպոսին, որ Պոլսէն յաքթապէս գալով, այս վճռական րոպէին եւ մեր բանակցութեանց ամէնէն հրատապ միջոցին մեզի օգնեց իր խորհուրդներով, եւ իր անձին յատուկ ամբողջ հեղինակութեամբ մեր ջանքերուն զօրավիգ հանդիսացաւ: Շնորհակալութիւն կը