Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/502

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յայտնեմ նաեւ Գերերջանիկ Թերզեան Ս. Կաթողիկոսին, Նազլեան Գերապայծառին եւ Գերաշնորհ Խորէն Եպիսկոպոս Մուրատբէկեանի, որոնք այնքան հայրենասիրաբար իրենց ջանքերը միացուցին մերիններուն: Վերջապէս մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ Կիլիկիոյ Տ. Տ. Սահակ Բ. Վեհափառ Կաթողիկոսին, որ Ֆրանսա եկաւ պաշտպանելու համար ղատը Կիլիկիոյ մեր եղբայրներուն, որոնց տառապանքին ծանօթ էր ուրիշ ամեն անձէ աւելի: Իրաւունք ունինք յուսալու, որ այս բոլոր վեհանձն աջակցութիւնները, միացած մեր ջանքերուն, ի զուր չպիտի անցնին, եւ թէ մեր ազգը, այնքան ահռելի տառապանքներէ եւ զոհողութիւններէ ետք, պիտի ողջունէ վերջապէս իր փրկութեան արշալոյսին ծագումը /ծափահարութիւններ/:

Պ. Արշակ Չօպանեան, Փոխ-Նախագահ Ազգ. Համագումարին. Ազգ. Համագումարի եւ Ազգ. Պատուիրակութեան Վսեմաշուք Նախագահներուն ծանրակշիռ եւ իմաստալից յայտարարութիւններէն վերջ ինծի քիչ բան կը մնայ ըսելիք: Անցեալ դարը յոյսերու շրջան մըն էր մեզի համար, եւ այնքան մօտ ըլլալ կը կարծէինք այդ յոյսերուն իրականացման: Բայց այսօր կը գտնուինք նոր մութ րոպէի մը մէջ, որ ուրիշ ամեն ատենէ աւելի մեզի կը թելադրէ միութեան պէտքը, ինչպէս գեղեցկօրէն շեշտեց Ազգային Համագումարի Վսեմաշուք Նախագահը: Այդ մասին ամէնքս ալ համամիտ ենք իրեն: Բայց միութեան հետ եւ միութեան մէջ նոյնքան եւ աւելի անհրաժեշտաբար պէտք է ցոյց տանք մեր ցեղին ամէնէն հիմնական ու տեւական յաքթութիւններէն մէկը՝ հաւատքը մեր փրկութեան, մեր բարօրութեան, մեր ապագային նկատմամբ: Չկարծենք, թէ դժբախտութեան մէջ գտնուող միակ ազգն ենք աշխարհի վրայ. ոչ միայն մեզի պէս պզտիկ ազգերու, այլ նոյնիսկ մեծ ու զօրեղ ազգերու համար հորիզոնը նոյնքան մութ է այս րոպէիս, որքան մեզի համար: Այն դժնդակ տարիներում, ազգերու այն հսկայ բախումիս ընթացքին, մենք ալ երազեցինք, որ եթէ ցանկալի յաղթանակին օրը ծագեր վերջապէս՝ մարդկոլթխնը պիտի փոխուէր: Եկաւ այդ յաղթանակը, եւ եղաւ աւելի ջախջախիչ, քան ինչ որ կը յուսայինք, քան ինչ որ կը յուսային այն պետութիւնները, որոնք անոր համար կը կռուէին: Սակայն մարդկութիւնը չէ փոխուած, եւ նորէն շատ բան մութ է աշխարհի մէջ, մութ մեզի համար, մութ նաեւ մեզմէ շատ աւելի մեծ ազգերու համար: Բայց ասիկա պէտք չէ յուսահատութեան պատճառ մը ըլլայ: Պատերազմը չէ վերջացած իրապէս: Դեռ մէջն ենք ահաւոր բաղխումին, փոթորիկը դեռ կը տեւէ եւ չենք գիտեր, թէ ի՜նչ կրնայ ծնիլ: Մեր փոքր ազգը մանաւանդ այդ բախումիս մէջն է, շրջապատուած անոր ամբողջ արհաւիրքէն ու վտանգներէն, եւ ուրիշ ամեն ատենէ աւելի իր վրայ պարտք կը ծանրանայ այդ արհաւիրքն ու վտանգները դիմագրաւելու այն տոկունութեամբ եւ հերոսական անձնազոհութեամբ, որուն այնքան փայլուն ապացոյցները տուաւ պատերազմի ընթացքին: Բան մը վերջապէս պիտի ծնի այս վիթխարի երկունքէն: Մեր ազգը, որ դարերէ ի վեր այն դժուարութեանց մէջ կրցեր է տոկալ, աշխատիլ եւ սպասել հաւատքով, կրնայ նոյն հաւատքին եւ նոյն աշխատութեան շնորհիւ սպասել այս կարճ միջոցն ալ, այն վստահութեամբ, թէ քանի որ ամենահզոր ազգերու ճակատագիրն իսկ փոփոխութեան կ՚ենթարկոփ, իր ճակատագիրն ալ պիտի սահմանուի լաւագոյն կերպով մը, քան ինչ որ էր երէկ բռնութեան ու սարսափի այն պայմաններուն մէջ: Ազգ. Պատուիրակութեան Վսեմաշուք Նախագահը յայտնեց, թէ յոյսի ի՞նչ նշոյլ մը ունինք, որ այս մթութեան մէջ պայծառօրէն կերեւայ, մխիթարական եւ սրտապնդիչ նոյն ատեն, նշոյլ, զոր գոյացնելու համար ամբողջ տարի մը մաքառեցանք: Հայ տէրութիւն մը պիտի կազմուի Կովկասեան Հայաստանով եւ Թրքահաստանի մէկ քանի նահանգներով: Այս հայ տէրութեան կազմութեան նկատմամբ երկմտութիւն չկայ, որովհետեւ Դաշնակից պետութիւնները այդ մասին պաշտօնական յանձնառութիւն մը ստանձնած են ամբողջ աշխարհի առջեւ: Չեմ ծածկեր, որ Լոնտոնէն վերջ Սան Դեմոն հիասթափութիլն մը եղաւ: Էրզրումէն աւելին կը յուսայինք, ուրիշ նոյնքան սիրական եւ մեր պետութեան զօրեղ կազմաւորման համար նոյնքան անհրաժեշտ նահանգներ, ինչպէս Երզնկան, Խարբերդը: Բայց նոյնիսկ էրզրումը վտանգուեցաւ Սան Ռեմոյի մէջ,