Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/503

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ճիշդ այն միջոցին, ուր ամեն բան մեզի իրատւնք եւ ապահովութիւն կու տար հաւատալու, թէ այն ահագին պետութիւնները վերջնականապէս վճռած են էրզրումի կցումը Հայկական տէրութեան: Սակայն նոյնիսկ այս հիասթափութեան մէջ ունեցանք Ամերիկայի կատարուած դիմումին մխիթարութիւնը, որ յոյսի նոր հորիզոն մը կը բանայ մեզի համար: Դժուար է երեւակայել, որ Ամերիկա մերժէ այդ դիմումը, դժուար է երեւակայել, որ այդ դիմումը մերժելով Ամերիկա լքէ մեր ժողովուրդը եւ մեր յոյսերն ի դերեւ հանէ: Գոնէ իրեն եղած առաջարկներէն մէկը պիտի ընդունի անշուշտ, եւ այդ մէկը, որն ալ ըլլայ, միշտ նպաստաւոր է մեզի համար: Որովհետեւ կռուան մը պիտի ըլլայ ատիկա, որ մեզի կարելիութիւն պիտի ընծայէ խաղաղութեան եւ ապահովութեան մէջ աշխատելու ել մեր աշխաւոութեամբ ձգտելու այն աղուոր ապագային, որան ցեղը երազեց դարերու ընթացքին, եւ որուն համար այնքան սիրով ենթարկուեցանք թերեւս զոհողութեան ծանրագոյն հարկին, որ երբեք վիճակուած ըլլայ ազգի մը: Մօտ օրէն կ՛իմանանք Ամերիկայի պատասխանը: Միլս կողմէ, Պ. Լլոյտ ճորճ, քանի մը օր առաջ արտասանած ճառին մէջ, քիչ մը հեգնօրէն յայտարարելէ ետք, թէ հայերը վիթխարի Հայաստանի մը կագմութեան ձգտեցան Ամբողջական Հայաստանի իրենց պահանջմամբ, ըսած, էր թէ հայերը մինակնին չունին անհրաժեշտ ոյժը, եւ եթէ նոյնիսկ իրենց բանակը գօրացուի' չպիտի կարենան ցոյց տալ այն գինուորական կարգապահութիւնը ել մարտական յւսքթութիւնները, որոնք պէտք են էրզրումի գրաւման համար: Բայց նոյնիսկ այս թերահաւատութեան մէջ կը տեսնենք ապահովութիւն մը, թէ մեզ երբեք մինակ չպիտի թողուն մեր հայրենիքին վերստեղծման գործին մէջ, ու մեգի պիտի ընծայեն իրենց խորհուրդներն ու աջակցութիւնը: Եւ արդէն Պ. Լլոյտ ճորճ, որ այդ գնահատութեան աւելցուցած էր նշանակելի «ֆրազ» մը, որ եթէ նոյնիսկ Ամերիկա իրեն եղած ամեն առաջարկները մերժէ, իրենք՝ Դաշնակիցները, հաւաքական գոհողութեամբ ել օժանդակութեամբ պիտի աջակցին Հայկական Պետութեան: Հաւատքով նայինք ուրեմն վաղուան:

Անհունապէս աւելի յուսահատեցուցիչ պարագաներու մէջ անգամ յոյսը միշտ անշէջ մնացեր է մեր ցեղին մօտ: Չքնանանք, շարունակենք աշխատիլ, շարունակենք մանաւանդ հաւատալ, այն խոր ու անյեղլի հաւատքով, որ ինչպէս անցեալին մէջ մեր գոյութեան առանցքն է եղած, այնպէս ալ այսօր ու ապագային մեր մեծութեան աղբիւրը կրնայ դառնալ: Չեմ ըսեր միանանք, որովհետեւ միութեան անհրաժեշտութիւնը ամէնուս գիտակցութեան մէջ ներկայ է միշտ, բայց մէկդի դնենք աւելորդ վէճերը եւ մեր մէջ զօրացնենք այն, ինչ որ ունինք իւրաքանչիւրս իբր առանձին անհատ: Ամեն հայ խորապէս ագգասէր է: Հայերը հաւաքաբար իրենց ազգը կը սիրեն, բայց առանձին իրար չեն սիրեր: Շրջենք այս թերութիւնը, եւ ինչ զգացում, որ կը սնոլցանենք ազգին ընդհանրության մասին, փոխադարձաբար աշխատինք մշակելու անհատէ անհատ: Մեկ ամիսէն կամ երկու ամիսէն հայերը կողք-կողքի պիտի հաւաքուին, երբ Հայկական Խնդիրը լուծուի եւ որոշուի վերջնականապէս մեր ամէնուս Հայրենիքը: Այս լուծումը դժբախտաբար այնքան փայլուն չպիտի ըլլայ, քան ինչ որ կը յուսայինք, եւ պիտի ունենանք շատ աւելի սահմանափակ հայրենիք մը, քան ինչ որ կը պահանջէինք անցեալ տարի: Բայց վերջապէս դրական արդիւնք մըն է, որ նոյնիսկ համեստութեան հակառակ, պիտի կրնայ ցեղին միջոց ընծայել իր գոյութիւնը պահպանելու, հաւատքով ու կամակորութեամբ աշխատելու, եւ շարունակելու այն գեղեցիկ քաղաքակրթական գործը, զոր դարերու ընթացքին կատարած է անհունապէս աւելի դժուարին պայմաններու եւ գերոլթեան կաշկանդիչ շրջանի մը մէջ /ծափահարութիւններ/:

Ամեն. Զաւէն Ս. Պատրիարք. Ինչ որ զիս ստիպեց Եւրոպա գալու՝ Հայկական Դատին ծառայելու կարող ամեն ոյժ այս վճռական օրերուն Եւրոպայի մէջ կեդրոնացնելու անհրաժճշտութեան մտածումն էր, զոր ունէին նաեւ Պոլսոյ մեր Ազգային ժողովները, որոնց հաւանութեամբ ճամբայ ելայ արդէն: Թէեւ հոգեւորականները մեծ ոյժ մը չունին, բայց վերջապէս կրցածնին կ՛ընեն, եւ ամեն