Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/504

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ջանք, որ կը ձգտի ազգային դատին յաջողութեան, որքան ալ պզտիկ ըլլայ, միշտ բարի է անշուշտ: Երկուքուկէս ամիս է, որ կը գտնուիմ մեր Պատոփրակութեան հետ: Կը տեսնեմ այն անդուլ աշխատութիւնը, որուն նուիրուած են՝ լաւագոյն վիճակի մը մէջ դնելու համար մեր ազգին ճակատագիրը: Կը տեսնեմ ու կը զարմանամ, թէ ինչպէ՞ս տէր կը մնան իրենց ջիղերուն, ինչպէ՞ս կը պահեն իրենց առողջութիւնը: Որովհետեւ մշտատեւ սիրտմաշուքը, յաջորդական բուռն յուզմունքներու կեանք մըն է, որուն դատապարտուած են: Օր մըսեւ, օր մը ճերմակ, օր մը գէշ, օր մը ուրախառիթ լուրեր: Հազիւ սրտապնդիչ իրողութեան մը հրճուանքը, եւ ահա անմիջապէս վերջը նոր ջարդի մը զարհուրանքը իր բովանդակ ջլատիչ ազդեցութեամբ: Իրենց ցոյց տուած աննկուն հոգիի արիութիւնը աչքի առջեւ ունենալով մանաւանդ, կը մղուիմ ըսելու, թէ այս բոլոր տխուր իրադարձութեանց եւ աննպաստ պայմաններուն հանդէպ յուսահատութիւնէ տարուելու չենք: Իրաւ է, որ մեծ յոյսերով ճամբայ ելանք: Բայց, այդ յոյսերը մեզի իրականանալի կը թուէին անոր համար մանաւանդ, որ մեր արդար իրաւունքներուն վրայ հիմնուած էին, եւ այն մարդիկը, որոնք պիտի կոչուէին աշխարհի ճակատագիրը տնօրինելու, իրենց հանդիսաւոր յայտարարութիւններով շարունակ մեզ կը քաջալերէին հաստատ մնալու մեր ակնկալութեանց վրայ: Ես կը մտաբերեմ ինքզինքս՝ տարագրութեան դժնդակ տարիներուն, այն հեռաւոր անապատներուն մէջ: Կը յիշեմ այն վայրկեանները, երբ մեր ձեռքը կանցնէին եւրոպացի դիւանագէտներու ճառերը: Ինչ զեղումով ու սրտապնդութեամբ կը կարդայինք իրենց գնահատութիւնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ եւ որքան բերկրութեամբ կը լսէինք այն խոստումները, զորս կ՚ընէին հայ ազգին վարձատրութեան, անոր նուիրական իրաւունքներուն պսակման մասին: Եւ յոյսը օր օրի աւելի կը մեծնար ու կը զօրանար մեր մէջ: Իրերը սակայն չմնացին այնպէս, ինչպէս որ կակնկալէինք: Այսօրուան օրը մէկ տարի առաջուան չի նմանիր, ոչ ալ անկէ նախորդ տարուան: Զարնուած այն եզը բաժնելու ատենը եկած էր: Անոնք, որ մեզ կը գովէին, մեր զոհողութիւններն ու մեր հերոսական ընթացքը կը պանծացնէին, չգոհացան միայն ամէնէն խոշոր պատառները առնելով, առին նաեւ այն ինչ որ մեր արդար իրաւունքն էր: Մեզի մնացածը հազիւ պզտիկ պատառ մը եղաւ, եւ այդ պատառն ալ փրկելու համար գիտէք արդէն, թէ ինչ աշխատութիւն եւ ինչ չարչարանք պէտք կըլլայ: Ուր մեր ակնկալութիւնները, ուր այս արդիւնքը: Ա՞յս պիտի ըլլար մեր ստանալիք վարձքը այն մեծ անձնազոհութեան փոխարէն, զոր ցոյց տուինք պատերազմին ընթացքին: Գոնէ ես արդարութիւն չտեսայ Եւրոպայի մէջ: Եւ ահա այսօր՛ կռուի մէջ ենք մենք՝ գաճաճներս՝ այն հսկաներուն հետ: Բարեբախտ պէտք է նկատենք ինքզինքնիս, եթէ կրցանք պզտիկ բան մը Փրցնել անոնցմէ. պէտք է գոհ ըլլանք ատով, մտածելով, թէ ի՛նչ ահարկու առիւծներու եւ վագրերու ձեռքէն խլած ենք: Բայց որպէսզի կարենանք նոյնիսկ այդ քիչը ձեռք բերել, պէտք չէ բնաւ յուսահատինք: Եւ ժողովուրդին դատը հետապնդած ատեննիս պէտք չէ մոռնանք նոյն ինքն ժողովուրդը, որ տակաւին անօթի ու թշուառ է, մասամբ իր իսկ հայրենիքին, մասամբ նաեւ այն անապատներուն մէջ, որոնցմէ դեռ կարելի չեղաւ փրկել զինքը ծանօթ դժնդակ պայմաններուն բերումով: Պատուիրակութիւնը շատ մեծ է ամէնուս համար ալ, եւ այն որ պարտքի տակ է, յոաահատելու իրատւնք չունի: Այս բոլոր դժուարութիւնները պէտք է, ընդհակառակը, գրգիռ ըլլան մեզի՝ աւելի կորովով ու փրկունութեամբ աշխատելու, անշէջ պահելով մեր մէջ այն հաւատքը, թէ անպատճառ պիտի յաջողինք, ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, պիտի յաջողինք՝ որովհետեւ պիտի աշխատենք: Ես միշտ յոյսով եմ, որ ուշ կամ կանուխ անպատճառ պիտի ունենանք մեր հայրենիքը: Մե՞ծ պիտի ըլլայ, թէ՞ պզտիկ՛ ասոր շուրջն է կռիւը: Անշուշտ չպիտի ըլլայ այն, զոր կ՚երազէինք, զոր իրատւնք ունէինք ակնկալելու, բայց եթէ նոյնիսկ ըլլայ այնքան պզտիկ, որ չկրնայ պարփակել մեր ամբողջ ժողովուրդը, ասիկա պետք չէ մեզ մղէ յուսահատութեան յանձնուելու, պէտք չէ ջլատէ մեզ՝ մեր աշխատութեան պարտքին հատուցման մէջ: Ինչ որ մեր սերունդը չկրցաւ ընել՛ վաղուան սերունդը պիտի կրնայ ընել: Աչքի առջեւ բերենք բոլոր ազգերը, անոնց մեծութիւնը մէկ սերունդի