Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/505

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գործ չէ, եւ անոնք ընդհանրապէս իրենց անկախութեան շրջանը մտած են ճիշդ այն հիասթւաիութիւննէրով եւ զրկանքով, որոնցմով կը մտնենք մենք ալ: Ես վստահ եմ, որ մեր ազգը պիտի կրնայ ինքզինքը բարձրացնել նոյնիսկ պզտիկ կէտի մը վրայէն: Քանի որ կրցաւ իր գոյութիւնը պահպանել այն զարհուրանքի պայմաններուն մէջ որոնք դարհրէ ի վեր կը ծանրանային իր վրայ, պիտի կրնայ ապրիլ ու մեծնալ, երբ իր անկախութեան տիրանայ, եւ աւելի գեղեցկօրէն ի յայտ բերէ այն յաքթութիւնները, զորս ցոյց տուած է անցեալին մէջ: Կարողութիւն կը մաղթեմ Ազգ. Պատոփրակութեան պատ. անդամներում, մանաւանդ անոր Վսեմաշուք Նախագահին, որ եօթ տարիէ ի վեր կը ճգնի ազգին համար: Զինքը յոյսով զեղուն եւ միշտ աշխատելու տրամադիր ճանչնալուս համար մանաւանդ, վստահ եմ, որ պիտի յաջողի իր ծանր ու դժուարին պարտականութեան կատարման մէջ: Ասկէ քանի մը տարի առաջ՝ ինք Փարիզէն, մենք Պոլսէն՝ կը թղթակցէինք պզտիկ ռեֆորմի մը իրականացման համար: Այսօր երկրի մը կը տիրանանք: Փա՛ռք տանք Աստուծոյ: Ինծի համար առաջին հանդիսաւոր առիթն է ասիկա, որ կը ներկայանայ՝ Նորին Վսեմութեան յայտնելու համար իմ խորհակալութիւններս: Ազգը անշուշտ կը գնահատէ, եւ տարակոյս չկայ, որ պիտի շարունակէ գնահատել իր տարած ջանքերը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ կզգային Պատոփրակութեան նյատ. անդամներուն, Ազգ. Համագումարի Վսեմաշուք նախագահին եւ բոլոր պատուարժան պատգամաւորներուն, այն վստահութեամբ, թէ իրենց ամէնուն մէկանց ջանքերը իրար պիտի լրացնեն յօգուտ Ազգային Դատին աջողութեան: Աստուած Ձեզի հետ ըլլայ /ծափահարաթիւններ/:

Գերերջ. Տ. Թէրզեան Կաթուղիկոս. Թէեւ ամեն բան ըսուեցաւ արդէն, բայց քանի մը խօսք ալ ես ըսել կ՛ուզեմ, ամէնէն աւելի շեշտելու համար սա՝ թէ հուսահատելու չենք, որքան ալ աննպաստ երեւան պայմանները: Յուսահատութիւնը քլատում կը նշանակէ, եւ մենք հիմա ուրիշ ամեն ատենէ աւելի պէտք ունինք աշխատելու: Մեծ բարեկամներ ունինք, եւ որքան ատեն, որ բարեկամութիւններ կան մեզի հետ. մեր դատը կորած չէ: Հռոմ եղած ատենս Սրբազան Քահանայապետը վերջին աստիճան հետաքրքիր գտայ Հայկական Խնդրին նկատմամբ: Կարդինալ կասպարի ալ յայտնեց ինծի, թէ Սրբազան Քահանայապետը, Նազլեան Գերապայծառի միջոցով հաղորդած լուրերս ընդունելով, մեծ շահագրգռութիւն ցոյց տուած է, ուրախառիթ լուրերը իմանալով ուրախ եղած է, տխուր լուրերը իմանալով տխրած է: մեկնած ատենս ալ' երբ Մօնսինեօր Թէրէթթիի միջոցաւ իր օրհնութիւնները կը հայցէի, ստացայ նաեւ բոլոր քաջալերութիւնները այն ջանքերուն համար, որոնք պիտի ըլլային իր մասնաւոր ուշադրութեան առարկան եղող մեր դատին համար: Աշխատութեան հարկը, որ կը ծանրանայ ամեն մէկերնուս վրայ՝ շատ մեծ է: Պէտք է ամեն բան շինենք եւ երկիրը հասցնենք այն տեսակ վիճակի մը, որ մեր բազմաչարչար Ժողովուրդը այլեւս շունչ առնէ, հանդարտութեան ու ապահովոլթեան մէջ ապրի, կարենայ աշխատիլ, շէնցնել իր հայրենիքը: Կաղօթեմ, որ Աստուած յաջողութեամբ պսակէ սկսուած գործը եւ արդխնատրէ այն ջանքերը, որոնք կ՛ըլլան այդ նպատակով: քանի որ հաւատքի վրայ հիմնուած են անոնք, ինչպէս ըսաւ յարգելի ատենախօսներէն մէկը, համոզուած եմ, որ Աստուած պիտի բեղմնատրէ գանոնք, եւ կազմուելիք Հայաստանն ալ երկնային օրհնութեան պիտի արժանանայ: Ես վստահ եմ, որ այս անհրաժեշտ աշխատութիւնը չպիտի զլացուի ո՛չ մէկուն կողմէ, բայց որպէսզի այդ աշխատութիւնը տայ ակնկալուած արդիւնքը, պէտք է որ տեղի ունենայ կատարեալ իաբանութեամբ: Մեր գտնելիք յաջողութիւնը մեր միութենէն կախուած է: խոստովանինք, որ մեր ազգը այս յաքթութենէն զուրկ եղած է ընդհանրապէս: Այստեղ ալ կը տեսնեմ մեր այս թերութիւնը, եւ նոյնիսկ մէկ քանի նշանաւոր անձնաւորութիւններ, որոնց հետ առիթ ունեցայ խօսակցելու, ըսին թէ հայերը ամեն աքթութիւն ունին, բայց պէտք է միաբան ըլլան: Պարագաները իրենց աննպաստութեամբ անշուշտ առիթ պիտի դառնան, որ սրբագրենք այս թերութիւնը, ամեն բանի մէջ անձնազոհութիւն բայց մանաւանդ միաբանութիւն ցոյց տանք,