Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/506

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յաջողութեամբ պսակելու համար կատարուած աշխատութիւնը եւ մեր ժողովուրդը հասցնելու համար ապագայի մը, որմէ թէեւ հեռու ենք տակաւին, բայց որ նոյնիսկ այս հեռաւորութեան մէջ այնքան մեծ եւ փայլուն կերեւայ:

Խօսքս վերջացնելէ առաջ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ազգային Պատուիրակութեան Նախագահ Վսեմաշուք Փաշային, որ Պ. Ահարոնեանի հետ կ՛աշխատի կատարեալ անձնուիրութեամբ եւ անխոնջ եռանդով: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ ամեն անոնց, որոնք իրենց աշխատութեան եւ զոհոդութեան բաժինը չեն զլանար ազգին դատին: Կը մաղթեմ, որ իրենց ջանքերը պսակուին լիապէս, եւ բոլորն ալ գտնեն իրենց արժանի վարձատրութիւնը ոչ միայն այս, այլ նաեւ հանդերձեալ աշխարհին մէջ/ծափահարութիւններ/:

Նորատունկեան էֆէնտի. Յանուն Ազգ. Համագումարին կը փութամ շնորհակալութիւն յայտնել այն թանկագին քաջալերութեանց եւ օրհնութեանց համար, զորս մեզի ընծայեցին Ամենապատիւ Զաւէն Սրբազան Պատրիարքն ու Գերերջանիկ Թէրզեան Սրբազան Կաթողիկոսը: Միւս կողմէ՝ ազգին միութեան անհրաժեշտութեան մասին եղած թեալադրութեանց առթիւ կ՛ուզեմ յայտնել սա պարագան, թէ մեր Համագումարը, անցեալ տարի միաբանութեան ու եղբայրակցության օրինակ մը հանդիսացաւ: Պատգամաւորները մեծ մասամբ իրար չէին ճանչնար, եկած էին աշխարհի հեռաւորագոյն կէտերէն, ընդհանրապէս տարբեր-տարբեր համոզումներ ունէին, բայց ազգին սէրն ու հայրենիքին փրկութեան իղձը ամէնուն ալ մօտ հաւասարապէս զօրեղ ըլլալով, ամէնքն ալ գիտցան նոյն սրտով գործակցիլ իրարու, եւ խորհրդակցութեան առարկայ դարձած բոլոր խնդիրներում քննութեան առթիւ այդ սրտակից միութիւնը մանաւանդ առաջնորդեց զիրենք: Ամեն յոյս ունիմ, որ ներկայ նստաշրջանին մէջ ալ Համագումարին պատուարժան անդամները նոյն գեղեցիկ եւ օրինակելի ընթացքը ցոյց պիտի տան:

Յառաջիկայ նիստին իբր օրակարգ պիտի ունենանք 1. Ատենական գործողութիւններ /հրաժարականներ եւ ընտրութիւններ/, 2. Տեղեկագիր կազմական կանոնագրի յանձնաժողովին, 3. Տեղեկագիր եւ հաշուեցոյց Ազգ. Պատուիրակութեան ելեւմտական գործառնութեանց, համարատուութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան: Կառաջարկեմ, որ Համագումարի յաջորդ նիստը տեղի ունենայ Երկուշաբթի, 10 Մայիսին: Եթէ հակառակ կարծիք մը չըլլայ, ուրեմն կը հաւաքուինք Երկուշաբթի ժամը 3-ին:

Պ. Աւետիս Թէրգիպաշեան. Կ՚առաջարկեմ նոյնիսկ վաղը գումարուիլ, անմիջապէս լսելու համար Ազգ. Պատուիրակութեան համարատուութիւնը: ճգնաժամային օրեր են մեր խնդրին համար: Համագումարը կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է տեղեկանայ իրերու դրութեան: Թերեւս կան փոքրիկ զանցառութիւններ, որոնց մասին Համագումարին թելադրութիւնները, որքան ալ համեստ, կարենան իրենց օգուտն ունենալ:

Տիգրան Խան Քէլէկեան. Կարծեմ աւելի յարմար է, որ Շաբաթ օր կատարենք մեր գումարումը:

Պ. Դաւիթ-Բէկ. Բայց եթէ նոյնիսկ Շաբաթ օրը գումարուինք, չպիտի կրնանք լսել Ազգ. Պատուիրակութեան համարատուութիւնը, որովհետեւ անոր ընթերցումէն առաջ անհրաժեշտ ատենական գործողութիւններ կան կատարուելիք: Մնաց որ, համարատուուութեան տեղեկագիրը պատրաստ ալ չէ տակաւին:

Պ. Արշակ Չօպանեան. Տեղեկագիրը պատրաստ կըլլայ մինչեւ Երկուշաբթի, եւ կը յուսամ այդ օրը կարենանք մէյ մէկ օրինակ ցրուել Համագումարի անդամներուն:

Պօղոս Պէյ Մսըրլը. Լաւ կըլլայ, որ Երկուշաբթի օրուան թողանք յաջորդ նիստը: Թերեւս մինչեւ այդ օրը Ամերիկայի պատասխանն ալ հասած կըլլայ, եւ աւելի գիտակցութեամբ կը մօտենանք մեր օրակարգին խնդիրներուն:

Պ. Գրիգոր Սինապեան. Եթէ Պատուիրակութեան տեղեկագիրը չպիտի կարդացուի՝ աւելորդ է աճապարել: