Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/507

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Ա. Թէրզիպաշեան. Ես եթէ փութացնել ուզեցի նիստը, պատճառը սա է, որ կարեւոր է օր առաջ տեղեկանալ Ազգ. Պատուիրակութեան գործունէութեան. որպէսզի այս վճռական օրերուն մէջ գլուխ-գլխի կարենանք որոշել, թէ ինչ կը մնայ ընելիք: Ես այնպէս կը հաւատամ, որ շատ բան պիտի ունենանք ընելիք: Հետեւաբար, որքան շուտ ւսնցնինք մեր օրակարգին, այնքան լաւ պիտի ըլլայ: Եթէ ոչ Երկուշաբթի, գոնէ Շաբաթ օրը յարմարագոյն է:

Պ. Արտաւազդ Հանըմեան. Կը մոռնանք ուրիշ բան մըն ալ. գալու վրայ եղող պատգավաւորներ կան, որոնք ճամբայ են, բայց մինչեւ Երկուշաբթի կը հասնին անշուշտ: Ինչո՞ւ զանոնք զրկենք համարատուութեան ընթերցումէն, որ մեր օրակարգին ալ ամէնակարեւոր խնդիրն է ինքնին: Արդէն այսքան ուշ մնաց մեր գումարումը, կրնանք մէկ երկու օր ալ սպասել:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Մեծ յոյս կայ, որ մինչեւ Երկուշաբթի իմանանք Ամերիկայի եղած առաջարկութեանց պատասխանը: Հետեւաբար, Երկուշաբթին նախընտրելի է:

Նորատունկեան էֆէնւոի. Քանի որ առարկութիւն չկայ եւ կ՚ընդունուի, ուրեմն յառաջիկայ նիստը Երկուշաբթի, 10 Մայիս, ժամը 3-ին: Պէտք կը տեսնեմ յայտնելու, թէ այսօր ներկայ եղող անդամներում հրաւիրագիր չպիտի ղրկուի:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 5:40-ին:

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1. գ. 48, թթ. 1-9: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ Բ

Ուրբաթ, 14 Մայիս 1920, ժամը 3-ին,

նախագահութեամբ Գաբրիէլ էֆ. Նորատունկեանի:

Ներկայ էին 19 պատգամաւոր՝

Եղիշէ Արքեպ. Դուրեան, Պ. Պ. Երուանդ Պէյ Աղաթօն. Տոքթ. Ա. Բարսեղեան, Դաւիթ- Բէկ, Ա. Թէրզիպաշեան, Վ. Թէքէեան, Ա. Հանըմեան, Պօղոս Պէյ Մսըրլը, Տոքթ. Նեւրոլզ, Նէրսէս Խան Ներսէսեան, Գաբրիէլ էֆ. Նորատունկեան, Պօղոս Նուպար Փաշա, Ա. Չօպանեան, Զ. Պզտիկեան, Գ. Սինապեան, Մ. ՏԷրպԷտԷրեան, Տ. Տէօվլէթեան, Տիգրան Խան Քէլէկեան, Գառնիկ Ֆնտգլեան:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. Ընտրութիւն Համագումարի Դիւանին:

2. Տեղեկագիր Կազմական Կանոնագրի Յանձնաժողովին:

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ատենագրութիւն

Նորատունկեան Գաբրիէլ էֆէնտի. Մեր երկրորդ նստաշրջանին բացման նիստին առթիւ, Ամենապատիլ Մ. Պատրիարք Հօր, Գերերջանիկ Թէրզեան Կաթողիկոսի, Ազգ. Պատուիրակութեան Նախագահ՜ Վսեմաշուք Պօղոս Նուպար Փաշայի, Պ. Չօպանեանի եւ նուաստիս կողմէ արտասանուած ճառերը արձանագրուած են ատենագրութեան մէջ: Դիւանիս բաղծանքն է, որ իւրաքանչիւր նիստի ատենագրութիւնը պատրաստուած ներկայացուի ել կարղացուի յաջորղ նիստին, որպէսզի եթէ արձանագրութեան վրէպներ ըլլան, ուղղուին անմիջապէս: Առ այս, Դիւանս պիտի աշխատի կարելին ընելու: Նախորդ նիստին ատենագրութիւնը