Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/508

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

սակայն, որ զուտ բացման ճառերէ կը բաղկանայ, կարծեմ պէտք չկայ կարդալու: Յարգելի ճառախօսները, եթէ ուզեն, կրնան աչքէ անցընել զայն:


2. Վերակազմութիւն Ազգ. Համագումարի

Նորատունկեան էֆէնտի. Կանցնիմ Ազգ. Համագումարի վերակազմոլթեան խնդրին: Ունինք հրաժարած անդամներ, նաեւ նոր ընտրուած անդամներ: Ոմանք ալ ճամբան են, եւ հաւանական է, որ մեր յառաջիկայ նիստին բախտաւորութիւն ունենանք զիրենք մեր մէջ տեսնելու: Յաջորդաբար տեղեկութիւն պիտի տամ հրաժարած կամ նոր ընտրուած անդամներու մասին, որոնց վերաբերող թուղթեր կան Դիւանիս մօտ: Ինչպէս յայտնի է, նախորդ տարի, մպսնաւոր յանձնախումբմը, որ կը գտնուէր Ամենապատիւ Դուրեան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեան տակ, կը զբաղէր այս խնդիրներու քննութեամբ: Եթէ այդ յանձնախումբին պաշտօնը մնայուն կը նկատէք, կրնանք անոր յանձնել այս թուղթերուն քննութիւնը: Եւ կամ նոր յանձնախումբ մը կ՛ընտրենք, անոր քննութեան ենթարկելու համար այդ թուղթերը: Նախորդ նիստին արդէն առիթը ունեցայ յիշելու մեր ողբացեալ անդամակցին՝ Պ. Մոստիչեանի դառն կորուստը: Վաղահաս մահը զինքը խլեց մեր աշխատութիւններէն, որոնց այնքան օգտակար կը հանդիսանար իր խանդավառ ազգասիրութեամբ եւ իմաստուն խորհուրդներով: Իրեն տեղ կատարուած է նոր ընտրութիւն, ինչպէս պիտի յայտնեմ քիչ մը վերջը: Նաեւ Անգլիոյ հայ գաղութին պատգամաւոր Պ. Յակոբեան, որ նոյնքան օգտակար մասնակցութիւն մը կը բերէր մեր աշխատութեանց, առողջական պատճառներու բերմամբ ստիպուեցաւ հրաժարիլ: Գիտէք արդէն, թէ նախորդ տարի ալ, երբ մեր մէջ կը գտնուէր, նոյն պատճառաւ ստիպուեցաւ ընդհատել իր աշխատութիւնը ու մեկնեցաւ Լոնտոն: Պ. Յակոբեանի տեղ ալ նոր պատգամաւոր մը ընտրուած է:

Պ. Վահան Թէքէեան. Կառաջարկեմ, որ Համագումարը յարգանքի ցոյց մը ընէ ողբացեալ Պ. Մոստիչեանի համար, որուն վաղահաս կորուստին առթած կսկիծը այնքան բաբախուն է մեր ամէնուս ալ մօտ: Այս յարգանքի ցոյցը պէտք է արձանագրուի ատենագրութեան մէջ եւ հաղորդուի հանգուցեալին ընտանիքին:

Պ. Ա. Չօպանեան. Կը ձայնակցին Պ. Թէքէեանի: Այս յարգանքի ցոյցը, որուն ամեն կերպով արժանի էր հանգուցեալը, պէտք է ըլլայ թէ՛ Համագումարին եւ թէ՛ Ազգային Պատուիրակութեան անունով:

Պօդոս Նուպար Փաշա. Բայց Ազգ. Պատուիրակութիւնը ըրած է արդէն ատենին, իր կսկիծը յայտնելով հանգուցեալին տիկնոջ: Լոնտոն գտնուած միջոցիս նոյնը կրկնեցի անձամբ այրի Տիկին Մոստիչեանի: Համագումարը միայն առիթ չունեցաւ իր ցաւակցութիւնները յայտնելու, եւ անշուշտ այս անգամ կ՚ընէ պէտք եղածը:

Պ. Ա. Չօպանեան. Կ՚ուզէի ըսել, որ այս անգամ նոյնը կրկնէինք Համագումարին հետ:

Պ. Թէքէեանի առաջարկը ընդունուելով, Ամենապատիւ Դուրեան Եղիշէ Արքեպիսկոպոս արտասանեց հոգոցը ողբացեալ Պ. Յարութիւն Մոստիչեանի յիշատակին: Ներկաները յոտընկայս ունկնդրեցին:

Նորատունկեան էֆէնտի. Դիւանս ալ կը գրէ առանձինն մեր ողբացեալ անդամակցին Տիկնոջ: Կը խօսէինք Անգլիոյ հայ գաղութին պատգամաւոր Պ. Յակոբեանի հրաժարականին վրայ: Պ. Յակոբեանի տեղ այս անգամ ընտրուած է Պ. Տիրան Տէօվլէթեան, ինչպէս կը տեղեկանանք նաեւ Մանչեսթրի հայոց ընդհանուր ժողովի դիւանին կողմէ իրեն ուղղուած նամակէ մը, զոր Դիւանիս յանձնեց: Այս ընտրութեան համար կը շնորհատրեմ Պ. Տէօվլէթեանը, որ մեր մէջ կը գտնոփ արդէն եւ որ անշուշտ սիրայօժար պիտի մասնակցի մեր աշխատութեանց: Իր ընտրութեան վերաբերող գիրն ալ կը յղենք պատգամաւորներու ընտրութեան խնդիրները քննող յանձնախումբին: