Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/509

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ուրիշ խնդիր մը կայ, զոր պէտք է բացատրեմ: Անցեալ տարի Յունաստանի հայ գաղութը միայն մէկ պատգամաւոր ղրկած էր: Այս անգամ սակայն, Հին Յունաստանի հայ գաղութը առանձին ընտրութիւն կատարած է յանձին Պ. ՄիքայԷլ Պապաջանեանի, մինչդեռ նոր Յունաստանի հայ գաղութն ալ, ողբացեալ Պ. Մոստիչեանի տեղ ընտրած է Բրօֆ. Թումայեանը: Հին Յունաստանի հայ գաղութը իր ընտրութիւններն ըրած է կարգ մը առարկութիւններով, զորս անշուշտ մասնաւոր յանձնախումբը կը քննէ: Ուրիշ ընտրութիւն մը եղած է Պաղտատէն, Միջագետքի նախորդ պատգամատր Պ. Տէրվիշեանի տեղ, որ հրաժարած էր: Նախապէս՝ Տէր Նահիմ Թաճիր ստորագրութեամբ հեռագիր մը կը ծանուցանէր, թէ ընտրուած է Պ. Ահարոնեան: Երկրորդ հեռագիր մը, տրուած Պաղտատի Առաջնորդարանէն՜ ընտրական քոմիթէին անունով, կը հաստատէ Պ. Ահարոնեանի ընտրութիւնը, աւելցնելով, որ եթէ Պ. Ահարոնեան չկարենայ ընդունիլ, իրեն տեղ պիտի ընտրեն Պ. Արշակ Սաֆրաստեանը: Առիթ չեղաւ այս հեռագիրը հաղորղելու Պ. Ահարոնեանի, որ ինչպէս յայտնի է, նախորդ տարի Համագումարին աշխատութեանց մասնակցեցաւ լոկ խորհրդակցական հանգամանքով, իբր Նախագահ Հայկական Հանրապետութեան Պատուիրակութեան:

Պ. Ա. Չօպանեան. Այս մասին խօսեցայ ես Պ. Ահարոնեանի հետ. ըսաւ, թէ իրեն համար լաւագոյն պիտի ըլլայ նախորդ տարուան պէս լոկ խորհրդակցական հանգամանքով մասնակցիլ Համագումարին աշխատութեանց:

Պ. Արտաւազդ Հանըմեան. Ատիկա չի բաւեր: Պէտք է պաշտօնապէս հադորդել իրեն իր ընտրութեան պարագաները եւ ստանալ իր պաշտօնական պատասխանը:

Նորատունկեան էֆէնտի. Իրեն ալ, ինչպէս բոլոր անդամներուն, պաշտօնապէս հրաւէր ղրկուեցաւ Համագումարին աշխատութեանց մասնակցելու:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Այդ հրաւէրը կապ չունի այս խնդրին հետ:

Պ. Աւետիս Թէրզիպաշեան. Հրաւիրագրին մէջ յիշատակուա՞ծ էր իր ընտրութեան վերաբերող հեռագիրը:

Նորատունկեան էֆէնտի. Ո՛չ:

Պ. Վ. ԹԷքԷեան. Այս թուղթերուն յարակից ուրիշ թուղթ մը կար, որ պէտք է նոյնպէս կարդացուէր: Անցեալ տարի, Բողոքականաց Ազգապետարանը երկու պատգամաւոր նշանակած էր' Տոքթ. Սմբատ Գաբրէիլեանը, որ վախճանած է անկէ ի վեր ել Բրօֆ. Թումայեանը: Այն ատեն՛ Համագումարը առիթ չունեցաւ այդ ընտրութեանց տեղեկանալու, որովհետեւ գիրը չկարդացուեցաւ: Այս անգամ պէտք է կարդալ այդ գիրը, որպէսզի հասկցուի, թէ վախճանեալ Տոքթ. Սմբատ Գաբրիէլեանի տեղ ընտրուած է Բրօֆ. Լեւոնեան:

Նորատունկեան էֆէնտի. Դիւանիս քով գտնուող թուղթերուն մէջ չկայ այդ գրութիւնը. պէտք է գտնել տալ, եւ այն ատեն կը կարդացուի:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Ինծի այնպէս կը թուի, թէ ժողովը կանոնաւոր հիմքի վրայ չէ, սկսանք քննել ընտրութեան խնդիրներ, առանց անհրաժեշտ մեծամասնոլթիւնը ունենալու:

Նորատունկեան էֆէնտի. Այս թուղթերը կը կարդացուին աո ի տեղեկութիւն. մեծամասնութիւն ունենալու խնդիրը ապա նկատի պիտի առնոփ:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Անցեալ տարի խնդիր եղաւ, թէ մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի Ազգ. Համագումարին համար նոր անդամներու ընտրութիւնը: Համագումարը այն ատեն դէմ արտայայտուեցաւ նոր անդամներ ընտրելու դրութեան: Որչափ որ կը յիշեմ, նոյն ինքն Պօղոս Փաշա հակառակեցաւ նոր ընտրութեանց: Հիմա սակայն, դարծեալ նոր ընտրութեանց վերադարձանք եւ կը խօսինք ընտրելիներու մասին: Այնպէս կը կարծեմ, որ ժողովին մեծամասնութեան կողմէ տրուած որոշման մը հակառակ կերթանք: Անցած տարի ներքին կանոնագրով նախատեսուած մեծամասնութեամբ միայն կրնանք որոշել, թէ պէ՞տք է նոր անդամներ ընդունինք:

Նորատունկեան էֆէնտի. Պ. Բարսեղեանի առաջարկն է, որ այս խնդիրը մեծամասնութեան ենթարկենք: Բայց կը կրկնեմ, որ հիմւսկուան եղածը լոկ ընթերցում