Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/510

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

մըն է՝ առ ի տեղեկութիւն: Երբ այս մասին Յանձնախումբին տեղեկագիրը ստանանք, այն ատեն մեծամասնութեամբ կը քննենք խնդիրը:

Պ. Վ. ԹԷքԷեան. Անշուշտ առ ի տեղեկութիւն կը կարդացուին այս թուրթերը, եւ անհրաժեշտ չէ, որ մեծամասնութիւն ունենանք: Երբ Յանձնաժողովին տեղեկագիրը գայ, մեծամասնութեամբ կը քննենք; Կ՛ուզեմ սակայն դիտել տալ, թէ Համագումարին անցեալ տարուան որոշումը կը պաքթանէր նշանակովի անդամներուն: Վախճանած անդամներու տեղ նոր անդամ ընտրելու արգելք կա՞ր իրապէս: Յետոյ, զոր օրինակ, Կիլիկիոյ պէս կարեւոր շրջանի մը պատգամաւորները մերժելու միտում ունէ՞ր այդ որոշումը: Համագումարը անշուշտ այս անգամ նկատի պիտի առնէ կատարուած ընտրութիւնները, որոնց, եթէ ուզէ, կրնայ սահման մը դնել: Ամեն պարագայի մէջ, պիտի յարգուի այս հարցը մեծամասնութեամբ քննելու պահանջումը: Գալով մեծամասնութեան, անոր գոյացման համար աչքի առջեւ պիտի ունենանք այն նոր պայմանները, որոնք առաջ կու գան այս անգամուան ընտրութիւններով:

Պ. Ա. Թէրզիպաշեան. Անցեալ տարուան որոշումէն վերջ Համագումարը ընդունեց Պոլսոյ Հայ Կաթոլիկ Պատրիարքարանի ներկայացուցիչները: Տրուած որոշումը իսկապէս նշանակովի անդամներուն համար էր:

Պ. Ա. Չօպւսնեւսն. Եւ ւսրդէն ժողովը մերժեց հաւանիլ՝ երբ անցեալ տարի առաջարկեցի հինգ անձեր իբր անդամ Համագումարի:

Կարդացուեցաւ պարսկահայոց պատգամաւոր Պ. Մ. Վարանդեանի կոդմէ 1920 Մայիս 4 թուականով Փարիզի Համագումարի Դիւանին ուղղուած նամակ մը, որով կը յայտնէր, թէ իր նոր պաշտօնին բերումով եւ այդ պատճառաւ Հռոմ մեկնելու ստիպուած ըլլալով, չպիտի կրնայ մասնակցիլ Համագումարին աշխատութեանց:

Նորատունկեան էֆէնտի. Այս նամակն ալ կը ղրկենք Յանձնաժողովին:

Ձայներ. Այո՛, այո՛:

Պ. Ա. Թէրզիպաշեան. Պարզ, եւ առանց պատճառաբանութեան հրաժարական մըն է. ինչո՞ւ ղրկենք Յանձնաժողովին:

Ձայներ. Նամակին մէջ հրաժարականի խնդիր չկայ:

Նորատունկեան էֆէնտի. Քանի որ Պ. Վարանդեան գրած է, թէ իր պաշտօնին բերումով չպիտի կրնայ մեր աշխատութեանց մասնակցիլ, ուրեմն կը նշանակէ, թէ կը հրաժարի: Գալով Պ. Թէրզիպաշեանի առարկութեան, անպատեհութիւն մը չկայ այս նամակը Յանձնաժողովին ղրկելուն մէջ, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ Յանձնաժողովը պէտք տեսնէ նոր ընտրութիւն առաջարկել հրաժարեալին տեղ:

Կարդացուեցաւ ամերիկահայոց պատգամաւորներ Պ. Պ. Մ. Համբարձումեանի եւ Զ. Մաթիկեանի 1920 Մարտ 20 թուակիր մէկ նամակը, Պոսթոնէն ուղղուած առ Պօղոս Նուպար Փաշա, որով, կարգ մը պատճառաբանութիւններով, կը հրաժարէին իրենց պատգամաւորի հանգամանքէն, նոյն ատեն բողոքելով Ազգ. Համագումարի վերստին գումարման դէմ:

Պ. Ա. Չօպանեան. Այս նամակը գոնէ փոքր պատասխանի մը կը կարօտի: Համագումարը երկրորդ անգամ նիստի հրաւիրելը ո՛չ միայն անհրաժեշտութիւն մըն էր Ազգ. Պատուիրակութեան համար, այլ՛ պարտականութիւն մը, եւ այս պարտքը իր վրայ դրած էր նոյն ինքն Համագումարը, իր նախորդ նստաշրջանին մէջ, որուն մասնակցած էին նաեւ Պ. Պ. Համբարձումեան եւ Մաթիկեան:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Պատասխան տալու հարկը կը պաքթանի Համագումարին, պատասխանին մէջ յիշատակելով անշուշտ այն պարագան, զոր պարզեց Պ. Չօպանեան:

Նորատունկեան էֆէնտի. Այս գիրն ալ կը ղրկենք Յանձնաժողովին:

Կարդացուեցաւ Սոֆիայէն՛ Ազգ. Միութեան կողմէ Ազգ. Պպփուիրակութեան ուղղուած 1920 Ապրիլ 7 թուակիր նամակ մը որով, համանման պատճառաբանութիւններով, կը յայտարարեն, թէ հրաժարած կը նկատեն