Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/511

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պուլկարահայ գաղութին պատգամաւորները եւ չեն հաւանիր, որ անոնք մասնակցին Համագումարի ներկայ նստաշրջանին:

Կարդացուեցաւ նաեւ Հայ Սահմանադրական-Ռամկավար Կուսակցութեան Վառնայի Քոմիթէին 1920 Մարտ 30 թուակիր եւ Պօղոս Նուպար Փաշայի ուղղուած մէկ հեռագիրը, որով կը բողոքէ Սոֆիայի Ազգ. Միութեան վերոյիշեալ որոշման դէմ:

Նոյնպէս կարդացուեցաւ Պուլկարիոյ հայ գաղութին պատգամաւոր Պ. Հինդլեանի 1920 Մարտ 31 թուակիր եւ Ազգ. Պատուիրակութեան ուղղուած մէկ հեռագիրը, որով կը յայտնէր, թէ ինք պաշտօնական հրաւէր չէր ընդունած Համագումարի երկրորդ նստաշրջանին համար: Հեռագրին յարակից կարդացուեցաւ Ազգ. Պատուիրակութեան մէկ ծանօթութիւնը, որով կը յայտնէր, թէ երկու անգամ հեռագրով Եւ երկու անգամ ալ նամակով հրաւէր ուղղուած է Պ. Հինդլեանի:

ժողովը որոշեց այս գիրերն ալ ղրկել Յանձնաժողովին:


3. Մեծամասնութեան խնդիր

Պ. Ա. Թէրզիպաշեան. Կարծեմ աւելի ճիշդ բան մը ըրած պիտի ըլլանք՝ մեծամասնութիւնը ւինտռելժւ առթիւ նկատի առնելով միայն թիւը այն պատգամաւորներուն, որոնք իրենց վրայ կը պահեն ներկայացուցչական հանգամանքը: Պէտք է քննենք, թէ ո՞վ անդամ է իրօք եւ ո՞վ ոչ, եւ ըստ այնմ որոշենք մեր մեծամասնութիւնը: Համագումարի առաջին նստաշրջանին բացման օրը անդամներու թիլը 38 էր: Մեր անդամակիցներէն մէկը վախճանած է եւ վեցը հրաժարած են: Քննելով իրենց հրաժարականները, բոլորս ալ համոզուեցանք, թէ անոնք այլեւս չեն կրնար մաս կազմել Համագումարին: Ուրեմն ներկայիս Համագումարը ունի 38-էն 7 անդամ պակաս, այսինքն՝ 31 անդամ: Արդ, մեծամասնութիւնը պէտք է փնտրենք Համագումարին ներկայ անդամներուն իրական թիլը, 31 թիւը հաշուելով, որով անոնց կէսէն մէկ աւելին, 16-ը կըլլայ մեր մեծամասնութիւնը: Այսօր մենք ունինք 17 անդամներ, չհաշուելով գալիք անդամները, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ եւ Մանչեսթրի պատգամաւորները, որոնց ընտրութիւնը չէ վաւերացուած դեռ: Կառաջարկեմ, ուրեմն, մեծամասնութիւնը գոյացած նկատել եւ նիստը պաշտօնապէս բացուած յայտարարել:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Ընդհանուր դիտողութիւն մը պիտի ընեմ այս առթիւ: Կայ մեծամասնութեան որոշ կանոն մը, որ կը յարգուի բոլոր խորհրդարաններու մէջ: Առնենք օրինակի համար Ֆրանսական Խորհրդարանը: Ի՞նչ է իր անդամներուն ընդհանուր թիւը. ենթադրենք 600. մեծամասնութիւնը բնականաբար կը գոյանայ այդ 600-ին կէսէն մէկ աւելիով, այսինքն 301 թիւով: Բայց եթէ մահուամբ կամ հրաժարմամբ այդ 600-էն պակսողներ ըլլան, մեծամասնութիւնը նոյնը չի մնար, այլ կը փոխուի նոյն համեմատութեամբ, միշտ անդամներու իրական թիլին կէսէն մէկ աւելին հաշուելով: Մենք ալ, մեր մեծամասնութիւնը որոշելու համար, պէտք է նկատի առնենք Համագումարին տրամադրելի անդամներուն իրական թիւը, եւ այդ թիւին կէսէն մէկ աւելիով կազմենք մեր մեծամասնութիւնը: Այս կերպով՝ ո՛չ նոր ընտրութեան պէտք կը մնայ, ո՛չ ալ սպասելու, եւ կրնանք առաջ տանիլ մեր աշխատութիւնները:

Նորատունկեան էֆէնտի. Փաշային դիտողութիւնը անշուշտ օրինաւոր է: Բայց թերեւս դժուարութեան կը բաղխինք գործադրութեան մէջ: ժողովս պէտք է խորհրդակցի այս մասին եւ միանգամ ընդմիշտ որոշէ, թէ ի՞նչ պէտք է ընել ներկայացող երկու պարագաներուն հանդէպ: Պարզ հրաժարականներու պարագան որոշ է. հարկ չկայ անոնց մասին վիճաբանելու: Բայց ի՜նչ ընթացք պէտք ենք բռնել միւսներուն նկատմամբ, որոնք կը հրաժարին' մեր աշխատութեանց մասնակցել չուգելնուն համար:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Քանի որ չեն ուզեր մեզի հետ աշխատիլ, ի՞նչ կրնանք ընել, պարզապէս կընդունինք իրենց հրաժարականը: