Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/512

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Ա. Հանըմեան. Կրնայինք այդպէս ընել՝ եթէ զանոնք նկատէինք իբր սոսկական անհատներ, բայց անոնք անհատներ չեն ներկայացներ, այլ' ամերիկահայ գաղութը, որուն կողմէ ընտրուած են իբր ներկայացուցիչ: Այդ նամակները պէտք ենք հաղորդել ամերիկահայ գաղութին, հասկնալու համար, թէ ինք ի՛նչ կը խորհի անոնց մէջ յարուցուած պատճառաբանութեանց մասին: Պէտք է լսենք ամերիկահայ հանրային կարծիքը:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Ո՛չ. ով որ հրաժարական կու տայ, հրաժարած կը նկատուի, պէտք չկայ, որ ատոր համար զինքը ընտրողներուն կարծիքը առնոփ կամ անոնց հաղորդուի հրաժարականը: Եթէ նոր ընտրութիւն կատարել պէտք ըլլար, այդ պարագային կը հասկնամ, որ ամերիկահայ գաղութին դիմելու պէտք տեսնէինք:

Տիգրան Խան Քէլէկեան. Արդեօք այդ պատգամաւորները իրենց ընտրողներուն հաղորդա՞ծ են այն պատճառաբանութիւնները որոնցով հրաժարած են:

Պ. Ա. Հանըմեան. Ո՛չ:

Տիգրան Խան Քէլէկեան. Ուրեմն մե՞նք ինչու հաղորդենք:

Տոքթ. Նեւրուզ. Իմ գիտցածը սա է, որ իրենց հրաժարականը պիտի տային Ազգ. Միութեան: Չեմ գիտեր, թէ տոփ՞ն: Չեմ կարծեր, սակայն, որ պէտք ըլլայ անոնց տեղ նոր ընտրութիւն ընելու, որովհետեւ մեր այս երկրորդ նստաշրջանը առաջին նստաշրջանին շարունակութիւնն է պարզապէս: Եթէ նախորդ տարի Համագումարը վերջացած նկատէինք, կրնայինք հիմա նոր ընտրութեան ձեռնարկել: Մենք այսօր կատարուած իրողութեան մը հանդէպ կը գտնուինք: Պատգամաւորներ հրաժարեր են. պէտք չունինք անոնց տեղ նոր ընտրութիւն ընելու: Վերադառնանք մեր աշխատութեանց:

Պ. Ա. Հանըմեան. Հապա մեռնողնե՞րը, ինչո՞ւ Պ. Մոստիչեանի տեղ նոր ընտրութիւն կատարուեր է:

Պ. Վ. Թէքէեան. Անշուշտ մեծամասնութեան կազմութեան խնդրին մէջ նկատի պիտի առնենք նաեւ հրաժարած պատգւսմաւորներու պարագան: Եթէ իրօք խորհրդարանի նման մարմին մը ըլլայինք, հրաժարածներում տեղ նոր ընտրութիւն կը կատարուէր եւ այդ միջոցին ժողովը իր նախորդ մեծամասնութեամբ կը շարունակէր գումարուիլ: Բայց մենք այդ տեսակ մարմին մը չենք, ժամանակ չունինք նոր ընտրութիւն կատարելու: Մեզմէ շատեր հեռատր տեղերէ եկած են եւ չեն կրնար երկար ատեն մնալ այստեղ: Արդէն որոշ գործով մը գումարուած ենք, թերեա մեր աշխատութիւնը քանի մը շաբաթ միայն տեւէ: Հետեւաբար, չենք կրնար հրահանգ տալ նոր ընտրութիւններու, որոնց արդիւնքը Համագումարին փակումէն վերջ միայն պիտի կրնար իմացուիլ: Որպէսզի գործնական ելքի յանգինք, պէտք է հրաժարողները պակսեցնենք մեր ընդհանուր թիւէն, մնացածներում վրայ աւելցնենք անոնք, որոնք անցեալ տարի մեր մէջ չէին եւ նոր ընտրուած են, ինչպէս Կիլիկիոյ պատգամաւորը եւ բողոքականներու Ազգապետարանին պատգամաւորները, եւ այսպէսով գոյացած ընդհանուր թիլին վրայ կազմենք մեծամասնութիւնը: Հակառակ պարագային, պիտի ծագին անպատեհութիւններ, որոնց մէկ օրինակը կրնանք նկատել Բրօֆ. Թումայեանի պարագան: Ինչպէս կը յիշոփ, Բրօֆ. Թումայեան անցեալ տարի Համագումարին մասնակցեցաւ իբր հրաւիրեալ անդամ: Անկէ ի վեր յայտնուած է, թէ ընտրուած է իբր բողոքականներու Ազգապետարանին երկու պատգամաւորներէն մէկը, եւ հին Յունաստանի հայ գաղութին կողմէ՛ իբր յաջորդ հանգուցեալ Մոստիչեանի: Արդ, պէ՞տք է մեծամասնութիւնը փնտռած ատեննիս նկատի ունենանք Բրօֆ. Թումայեանի երեք պատգամաւորի հանգամանքը: Եւ եթէ ընդունինք, ասիկա մեր թիլը չի՞ պակսեցներ:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Պ. Թէքէեան երկու առաջարկ ըրաւ: Առաջին առաջարկով` ինծի համամիտ է, այսինքն՝ հրաժարողները պակսեցնել՞մեր ընդհանուր թիլին, մնացողներուն վրայ կազմելու համար մեծամասնութիւնը: Բայց ըրաւ նաեւ ուրիշ առաջարկութիւն մը, որուն համամիտ չեմ: Պ. Թէքէեան առաջարկեց