Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/513

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հրաժարողները պակսեցնելով` տրամադրելի պատգամաւորներու թիւին վրայ աւելցնել նաեւ նոր անդամներուն թիւը, եւ անկէ վերջ միայն գոյացած ընդհանուր թիլին վրայ կազմել մեծամասնութիւնը: Այսօրուան համար, սակայն հարկ չկայ այս յաւելումին: Այսօր կրնանք մեր մեծամասնութիւն հաստատել պակսածներէն զատ տրամադրելի եղող պատգամաւորներու ընդհանուր թիւը միայն նկատի առնելով: Այս կերպով կազմուած մեծամասնութիւնը մը օրինական է եւ կը բաւէ մեզի որպէս զի անմիջւսպէս սկսինք մեր աշխատութեանց: Եթէ նոր պատգամաւորներու ընտրութեան վաւերացումը կատարուի, այն ատեն միայն անոնց թիլը կը բարդենք մեր ընդհանուր թիլին Ել ըստ այնմ կ՛որոշենք նաեւ մեր մեծամասնութիւնը:

Պ. Վ. Թէքէեան. Ուրեմն երկո՛ւ մեծամասնութիւն:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Այո՛, մեծամասնութիւն մը այս օրուան համար, որպէսզի կարենանք անմիջապէս աշխատութեանց սկսիլ, եւ մեծամասնութիւն մը այն օրուան համար, երբ ատիկա անհրաժեշտ դաոնայ մեր ընդհանուր թիլին յաւելման պատճառաւ:

Պ. Տիրան Տէօվլէթեան. Առաջին անգամն է, որ խօսք կ՛առնեմ ժողովին մէջ. պիտի ներէք անշուշտ, եթէ պզտիկ դիտողութիւն մը ընեմ: Իմ կարծիքովս' կարծեմ չափագանց ձեւակերպութեևւն կ՚երթանք: Այսօր օրինական մեծամասնութիւն չունինք. խորհրդակցական ժողով մըն է միայն եղածը, հետեւաբար՝ հարկ չկայ, որ այս բոլոր մանրամասնութեանց մտնենք այն տեսակ խնդրի մը մասին, զոր լոկ մեծամւսսնութեամբ կրնանք լուծել: Երբ այդ մեծամասնութիւնը ունենանք եւ նիստը դառնայ օրինական, այդ պարագային կ՛որոշենք, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեծամասնութեան թիւը, պիտի պահե՞նք 20-ը, թէ* զայն պիտի իջեցնենք 15-ի կամ 16-ի:

Երուանդ Պէյ Աղաթօն. Բայց մեր այսօրուան նիստը օրինաւոր է, որովհետեւ ունինք մեծամասնութիւն: Անցեալ տարի 38 հոգի էինք, մեծամասնութեան թիլն էր 20. այս տարի 32 հոգի ենք, կէսէն մէկ աւելին կ՚ըլլայ 17, որ մեծամասնութեան թիլն է: Եթէ ներկաները հաշուենք, պիտի տեսնենք, որ մեծամասնութիւն ունէինք արդէն:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Իմ սիսթէմս է ատիկա:

Պ. Վ. Թէքէեան. Պայմանաւ սակայն, որ Պ. Պզտիկեան, Կիլիկիոյ պատգամաւորը չհաշուուի ներկաներու թիւին մէջ:

Երուանդ Պէյ Աղաթօն. Ո՛չ ալ Պ. Տէօվլէթեանը, քանի որ իրենց ընտրութիւնը չէ վաւերացուած տակաւին:

Նորատունկեան էֆէնտի. Ուրեմն կրնանք ըսել, թէ մեծամասնութիւն ունինք այսօր եւ ըստ այնմ ընթացք տալ մեր աշխատութեանց /հաւանութեան ձայներ/:

Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Մեծամասնութիւն կազմելու համար առաջարկուած ձեւը շատ իրաւական չէ ըստ իս: Այս Համագումարը անցեալ տարուանին շարունակութիւնն է եւ անոր մէջ պէտք է մնայ այն մեծամասնութիւնը, որուն վրայ կը հիմնուէինք: Մեր անդամակիցներէն ոմանք որոշ պատճառաբանութիւններով կը մերժեն մեզի աշխատւսկցիլ. կրնա՞նք զանոնք հրաժարած նկատել այն մեծամւսսնութեամբ, զոր կ՛ուզենք կազմել այսօր: Թէեւ այդ պատգամաւորները հրաւիրուած էին անձնապէս, բայց իրենց յարուցած պատճառաբանութիւնները լոկ իրենց անձին չեն պաքթանիր, կը շահագրգռեն նաեւ այն ժողովուրդը, որուն ներկայացուցիչներն էին: Արդէն պուլկարահայ գաղութին պատգամաւորները չեն դրկուած նոյնիսկ զիրենք ընտրողներուն կողմէ: Ամերիկահայոց պաւոգամաւորներուն հրաժարագիրն ալ գաղտնի բան մը չէր, հրապարակուեցաւ այնտեղ եւ ընտրող ժողովուրդը չբողոքեց: Երբ խնդիրը այսքան կարեւոր է, ինչպէ՞ս կրնանք անոր մասին որոշում տալ ձեւական մեծամասնութեամբ մը: Փոխանակ մեզ օրինաւոր խորհրդարաններու հետ բաղդատելու, լաւագոյն բան մը ըրած կ՛ըլլանք հետեւելով Ներքին Կանոնագրին, որ մեր միակ առաջնորդը պէտք է մնայ: Եւ Ներքին Կանոնագիրը կը տրամադրէ 20 ձայնի մեծամասնութիւն մը: Չենք կրնար ուրեմն ձեւակերպութեան մը աստիճանին իջեցնել