Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/514

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

այս խնդիրը: Նախկին անդամներուն մեծամասնութիւնը անհրաժեշտ է այս ժողովին օրինական հանգամանք մը տալու համար: Այդ մեծամասնութեամբ պէտք է քննենք նաեւ նոր ընտրուած պատգամատրներու պարագան: Բացառութիւն կը նկատեմ միայն Պ. Մոստիչեանի տեղ ընտրուածը, զոր կրնանք մեր մէջ ընդունիլ առանց վիճաբանութեան, իբր մահուամբ պակսած պատգամաւորի մը յաջորդը:

Ամեն. Եղիշէ Արքեպ. Դուրեան. Նախկին անդամներու թխին հետ կապուիլը օրինական հիմ չունի: Որովհետեւ չենք կրնար ամբողջական նկատել այդ թիլը: Անցեալ տարի այս Համագումարը Կիլիկիայէն ներկայացուցիչ չունեցաւ, մինչդեռ պզտիկ գաղութներ պատգամատրներ տուին. նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք երբեմն իրար ալ խաչաձեւեցին: Պակաս մըն էր անշուշտ Կիլիկիայէն պատգամաւոր չունենալը: Իզմիրի պէս մեծ գաղութ մըն ալ բացը մնաց: Ստիպուած ըլլալով անցեալ տարուան ուղղութեան վրայ քալել, մենք մեր կողմէն չենք կրնար սրբագրել այս թերիները: Բայց կընդունինք ինչ որ ինքնին սրբագրուեր է, տեղ տալով մեր մէջ նոր ընտրուողներուն: Գալով հրաժարականներու խնդրին, ի՞նչ պէտք ունինք հրաժարողներուն կապուած մնալու, երբ մանաւանդ իրենց հրաժարման գիրերը պատճառաբանութենէ ալ անդին կանցնին: Չե՞ն ուզեր մեզի հետ գործել՛ կը գործենք առանց իրենց, քանի որ ուրիշ միջոց չունինք: Եթէ շարունակենք կապուած մնալ անոնց, չպիտի կրնանք մեծամասնութիւն գոյացնել եւ մեր աշխատութեանց ձեռնարկել: Մահուամբ կամ մեզի հետ մնալու կամք չունենալնուն համար պակսողները չհաշուելով ալ կրնանք կազմել մեր մեծամասնութիւնը:

Տիգրան Խան Քէլէկեան. Մեր երկու պաւոուական անդամակիցներուն հրաժարականին պատճառաբանութիւննեը ոչինչ կ՛արժեն արրքէն: Եթէ մեր Համագումարը օրինաւոր չէր, ինչո՞ւ անոր մասնակցեցան անցեալ տարի, ամեն խնդրի վիճաբանութեան մասնակցեցան, պոռացին-կանչեցին: Համագումարը ինչ որ էր անցեալ տարի, նոյնն է նաեւ այս տարի: Եթէ չեն ուզեր անոր մասնակցիլ, ատիկա կը նշանակէ, որ չեն ուզեր մեզի հետ աշխատիլ:

Պ. Ա. Հանըմեան. Հրաժարականներու էութեա՞ն մասին կը վիճաբանինք, թէ՞ մեծամասնութեան խնդիրը կը քննենք: Եթէ հրաժարականներու էութեան վրայ կը խօսուի, ուրեմն ես ալ այդ մասին խօսք կ՛ուզեմ:

Պ. Ա. Չօպանեան. Շատ լաւ կ՚ըլլայ, որ վերջնական որոշման մը գալու համար թուէինք, թէ ի՞նչ պատճառներու բերումով այս անգամ չեն գար այն բոլոր պատգամաւորները, որոնք պիտի բացակային մեր նիստերէն: Պ. Մոստիչեանի պարագան յայտնի է: Մեր նախկին անդամակիցներէն երկու հոգի պատճառներ գտած են հրաժարելու: Պուլկարիոյ հայոց պատգամաւորները նոյնպէս: Օանօթացանք նաեւ Պ. Վարանդեւսնի հրաժարման պատճառին: Կայ տակաւին Պ. Փաստրմաճեանի հրաժարականը, որուն առիթ տուող պատճառները պէտք են ծանօթ ըլլալ ամէնուդ: Բայց կան նաեւ ուրիշ բացականեր, որոնք շատ յարգելի պատճառներով չպիտի կրնան Համագումարի այս երկրորդ նստաշրջանին մասնակցիլ: Օրինակի համար, մեր թանկագին ընկերը՛ Պ. Տամատեան, որ ամէնադժուարին, եւ ներկայ պարագաներուն բերմամբ բոլորովին տաժանելի աշխատութիւն մը ստանձնած է Կիլիկիոյ մէջ. այլապէս՝ սիրով պիտի ուզէր մեր մեջ ըլլալ այսօր: Իր կատարած գործը այնտեղ՜ահագին կարեւորութիւն ունի, եւ ասիկա ըստ ինքեան յարգելի պատճառ մըն է իր բացակայութեան համար: Կը յիշատակեմ նաեւ Բրօֆ. Աբրահամ Տէր-Յակոբեանը, որ այլապէս կարեւոր պաշտօնով մը Ամերիկա կը գտնուի, եւ որ նոյնպէս եթէ այդ յարգելի պատճառը չըլլար, այստեղ ներկայ պիտի գտնուէր այսօր: Միւս կողմէ' Պ. Պ. Սեղբոսեան, Վահան Փաւիազեան, Արսէն Միքայէլեան, Բրօֆ. Ա. Խաչատուրեան չեն եկած եւ տեղեկութիւն ալ չեն տուած իրենց բացակայութեան նկատմամբ: Գիտենք, որ չորսն ալ Երեւան կը գտնուին: Բայց իրենց լռութիւնը թերեւս համամտութիւն մըն է Ամերիկայի պատգամաւորներուն բռնած ընթացքին: