Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/515

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պ. Գառնիկ Ֆնտգլեան. Չեմ կարծեր, որ այդպէս ըլլայ. գոնէ իրատւնք չունինք այր ենթադրութիւնն ընելու:

Պ. Ա. Չօպանեան. Մեր մէջ էր նաեւ Տոքթ Ալթունեան, որ ստիպուեցաւ մեկնիլ հարկեցուցիչ պատճառներով: Յետոյ կայ Պ. Տէրվիշեանի պարագան:

Նորատունկեան էֆէնտի. Պ. Տէրվիշեանի տեղ ընտրուած է Պ. Ահարոնեան: Միջագետքի ազգայինները, Պ. Ահարոնեանի մերժման պարագային, փափաք յայտնած Են իբր ներկայացուցիչ ունենալ Պ. Սաֆրաստեանը:

Պ. Ա. Չօպանեան. Վերջապէս, պէտք է յիշատակել այն պատգամաւորները, որոնք կը բացակային յարգելի պատճառներով: Համաձայն եմ, որ հրաժարողները եւ պակսածները զեղչելով կազմուի մեծամասնութիւնը, որով այս ժողովը այսօր կրնայ ինքզինքը իրաւասու նկատել եւ անմիջապէս կազմել պատգամաւորներու «մանտա»ներու քննիչ յանձնաժողովը, որպէսզի իր կարծիքը բերէ կատարուած ընտրութեանց եւ ղրուած հրաժարականներում նկատմամբ: Կ՛ուզեմ ընել նաեւ դիտողութիւն մը յիշեալ հրաժարականներու մասին: Ինչ որ ալ ըլլան անոնց հիմ դարձած պատճառաբանութիւնները, անոնք չեն կրնար, ինչպէս Պուլկարիոյ, այնպէս ալ Ամերիկայի ամբողջ հայութեան կարծիքը ներկայացնել:

Տոքթ. Նեւրուզ. Չշեղինք խնդրէն: Եթէ հրաժարականներու էութեան պիտի դառնանք, ես ալ կրնամ խօսք ուզել:

Նորատունկեան էֆէնտի. ժողովը կը հաւանի ուրեմն, որ որոշ կերպով հրաժարած կամ պակսած անդամները զեղչելով պատգամաւորներու ընդհանուր թիւէն՝ կազմուի մեծամասնութիւնը: Ինչպէս յայտնի է. պակսած են 2 պատգամաւոր Ամերիկայէն, 2 պատգամաւոր Պուլկարիայէն, յետոյ Պ. Վարանդեան եւ Պ. Փաստրմաճեան. նաեւ Պ. Յակոբեան եւ Պ. Մոստիչեան, որով, բոլորովին մեզմէ անջատոտղներուն թիլը կը հասնի 8-ի: Նախորդ տարի 38 հոգի էինք, զեղչելով 8-ը, կ՛ունենանք 30: Ուրեմն, մեծամասնութիւն կը նկատուի 16 թիլը, զոր ունինք այսօր, որով նիստը կը դառնայ օրինական եւ կրնանք ձեռնարկել պատգամաւորներու պաշտօնին վաւերացման յանձնաժողովին ընտրութեան /հաւանութեան ձայներ/:


4. Ընտրութիւն Պատգամաւորներու Վաւերացման

Յանձնաժողովին

Նորատունկեան էֆէնտի. Ինչպէս յայտնի է, նախորդ տարի այդ Յանձնաժողովը կազմուած էր Ամենապատիւ Դուրեան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, անդամ ունենալով Պ. Պ. Բրօֆ. Տէր-Յակոբեան եւ Ն. Տէր-Սւոեփանեան: Կը հաւատամ, որ Դուրեան Արքեպիսկոպոս պիտի յօժարի այս անգամ ալ ստանձնել նոյն աշխատութիւնը, եթէ ժողովս փափաքի /հաւանութեան ձայներ/:

Դիւանին առաջարկութեան համաձայն, Համագումարը որոշեց Յանձնաժողովը կազմել Դուրեան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ եւ անդամակցութեամբ Պ. Պ. Գառնիկ Ֆնտգլեանի եւ Մարտիրոս Տէրպէտէրեանի:

Ընտրուողները ընդունեցին առանց առարկութեան:

Դուրեան Արքեպ. Կարծեմ Դիւանին կողմէ կարդացուած թուղթերուն մէջ պակասներ կան. կը խնդրեմ, որ ամբողջացուին եւ այնպէս ղրկուին մեզի, որպէսզի աշխատութիւնը շուտով աւարտի: Անշուշտ կը գտնուին ու կը ղրկուին Կիլիկիոյ պատգամաւորներու ընտրութեան թուղթերն ալ: Կարծեմ Պ. Պզտիկեան միասին բերած է իր պաշտօնը հաստատող թուղթերը:

Պ. Զաքարիա Պզտիկեան. Մեզի միայն լուր տրուած է մեր ընտրութեան մասին, բայց կարծեմ պէտք եղածը գրուած է Ազգ. Պատուիրակութեան:

Պօղոս Նուպար Փաշա. Կը յիշեմ, որ այդ տեսակ թուղթ մը հասաւ. կը փնտռենք ու կը ղրկենք: