Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/516

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՕՐԱԿԱՐԳ

1. Ընտրութիւն Համագումարի Դիւանին

Նորատունկեան էֆէնտի. Քանի որ մեր այսօրուան նիստը օրինական է, եթէ ժողովը հաւանի, կրնանք անցնիլ մեր օրակարգին ել ձեռնարկել Դիւանի ընտրութեան:

Պ. Ա. Հանըմեան. Լաւագոյն է, որ յառաջիկայ նիստին թողունք այդ գործը: Նոր ընտրուողներ կան, որոնց ընտրութիւնը պիտի վաւերացուի յառաջիկայ նիստին: Կրնայ ըլլալ, որ անոնցմէ ոմանք Դիւանի անդամ ընտրուին: Դիւանի ընտրութիւնը կրնանք կատարել անոնց վաւերացումէն ետք:

Նորատունկեան էֆէնտի. Ուրեմն յառաջիկայ՝ նիստին օրակարգի առաջին խնդիր կ՛ընենք Դիւանի ընտրութիւնը /հաւանութեան ձայներ/:


2. Տեղեկագիր Կազմական Կանոնագրի Յանձնաժողովին

Նորատունկեան էֆէնտի. Մեր օրակարգին վրայ կը գտնուի նաեւ անցեալ նստաշրջանին կազմուած Կազմական Կանոնագրի Յանձնաժողովին տեղեկագրին ընթերցումը: Այս տեղեկագրին յարակից կան Յանձնաժողովին կողմէ պատրաստուած երեք ծրագիրներ, որոնցմէ երկուքը հայկական կառավարութեան կազմական կանոններում նկատմամբ եւ երրորդն ալ այն յարաբերութեանց մասին, որոնք գոյութիւն պիտի ւսռնէին հոգատար պետութեան եւ հայկական կառավարութեան միջեւ: Պետք չունիմ անշուշտ ըսելու, թէ կանխահաս է առ այժմ զբաղիլ այս խնդիրներով: Յայտնի չէ տակաւին, թէ ի՞նչ ձեւով պիտի լուծուի Հայաստանի գոյութեան հարցը: Միւս կողմէ՝ հոգատար պետութիւն ալ չկայ: Յետոյ՝ Թուրքիոյ հետ կնքուելիք հաշտութեան դաշնագրին մէջ կը գտնուին տրամադրութիւններ, որոնք հիմնովին կը փոխեն իրերու այն դրութիւնը, որ գոյութիւն ունէր այդ տեղեկագիրը պատրաստուած միջոցին: Եթէ կը հաւանիք, կարդանք միայն Յանձնաժողովին տեղեկագիրը:

ժողովին հաւանութեան վրայ կարդացուեցաւ Կազմական Կանոնագրի Յանձնաժողովին հետեւեալ տեղեկագիրը.


Տեղեկագիր

Կազմական Կանոնագրի Յանձնաժողովին

22 Յուլիս 1919

Ազգ. Համագումարի Պատ. Նախագահութիւն,

Փարիզ.

Ազգ. Համագումարի Կազմական Կանոնագրի Հանձնաժողովը իր աշխատութիւնները Յուլիս 10-ին աւարտած ըլլալով, պատիւ ունի Պատ. Նախագահութեանը ներկայացնելու հետեւեալ նախագծերը.

Ա. նախագիծ հիմնական կանոններու Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակաւոր կարգերու համար, բաղկացած 22 յօդուածներէ:

Բ. Նախագիծ կազմական կանոններու Հայաստանի ժամանակաւոր վարչութեան համար, բաղկացած 45 յօդուածներէ, որոնցմէ հինգը կը վերաբերին Սահմանադիր ժողովոյ ընտրական օրէնքի հիմնական սկզբունքներում:

Այս երկու նախագիծերը, համաձայն Համագումարի որոշման, պիտի ներկայացուին նոյն ժողովի երկրորդ նստաշրջանին, ի քննութիւն, իսկ եթէ անոր գումարումը անկարելի ըլլայ, կը կարծենք, թէ նպատակայարմար պիտի ըլլար ներկայացնել Միացիալ Հայաստանի Ազգային ժողովին, իբրեւ նիւթ, բացի առաջին