Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/517

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նախագծի հինգերորդ /Ազգային ժողովի ընտրական մասին վերաբերող/ գլուխէն, որ Պատուիրակութեան նկատողութեան պէտք է յանձնուի:

Յիշեալ երկու նախագիծերէն զատ՝ Յանձնաժողովս քննութեան առած եւ խմբագրած է երրորդ աշխատութիւն մը՝ «Accord intervenu entre la Republique des Etats-Unis d'Amerique et I’Etat Armenien au sujet du mandat confie par la Societ6 des Nations».

Այս երեք նախագիծերուն մէջ կան շարք մը յօդուածներ, որոնք քուէարկուած են Յանձնաժողովին անդամներուն մեծամասնութեամբ, Ել որոնց մասին փոքրամասնութիւնը վերապահած է իր կարծիքը Համագումարին մէջ արտայայտելու իրաւունքը:

Ընդունեցէ՛ք մեր յարգանքներուն ջերմ հաւաստիքը:

Ատենադպիր — Ատենապետ

Ն. Տէր-Ստեփանեան — Գ. Սինապեան

Նորատունկեան էֆէնտի. Յիշեալ ծրագիրներուն խնդիրը անշուշտ կը մնայ օրակարգին վրայ, եւ միւս խնդիրներուն քննութենէն վերջ, եթէ հարկ ծագի, կը զբաղինք նաեւ այդ ծրագիրներով, որոնք տարակոյս չկայ, թէ իրենց օգտակարութիւնն ունին:

ժողովը-հաւանութիւն յայտնեց այս մասին:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 5 1/2-ին:

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 48, թթ. 11-18: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ Գ

Չորեքշաբթի, 19 Մայիս 1920, ժամը 4-ին,

նախագահութեամբ Գաբրիէլ էֆ. Նորատունկեանի:

Ներկայ էին 20 պատգամաւոր՝

Եղիշէ Արքեպ. Դուրեան, Պ. Պ. Երուանդ Պէյ Աղաթօն, Տոքթ. Ա. Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Ա. Թէրզիպաշեան, Վ. Թէքէեան, Բրօֆ. Թումայեան, Ա. Հանըմեան, Պօղոս Պէյ Մսըրլը, Տոքթ. Նեւրուզ, Նէրսէս Խան Ներսէսեան, Գաբրիէլ էֆ. Նորատունկեան, Պօղոս Նուպար Փաշա, Ա. Չօպանեան, Ձ. Պզտիկեան, Գ. Սինապեան, Մ. Տէրպէտէրեան, Ն. Տէր-Ստեփանեան, Տ. Տէօվլէթեան, Գ. Ֆնտգլեան:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. Ընտրութիւն Համագումարի Դիւանին

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ընթերցում ատենագրութեան

Կարդացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ Մարտ 14-ի նիստին ատենագրութիւնը: