Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/518

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այս լսռթիւ որոշուեցաւ[1] բոլորովին մանրամասն կերպով չպատրաստել ատենագրութիւնը, ինչպէս որ եղած էր նախորդ անգամուն, եւ լոկ բացառիկ կարեւորութիւն ունեցող վիճաբանութեանց առթիւ միայն կիրարկել այդ դրութիւնը:


2. Վերակագմութիւն Ազգ. Համագումարի

Պատգամաւորներու Վաւերացման Հանձնաժողովին տեղեկաբեր Պ. Մարտիրոս Տէրպէտէրեան, Հանձնաժողովին անունով կարդաց հետեւեալ տեղեկագիրը.


ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ

ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՎԱՒԵՐԱՑՄԱՆ

ՀԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

1. Ընտրութիւն

Ա. Միջագետք. Պաղտատի ընտրական ժողովը, հրաժարեալ Տիար Տէրվիշեանի տեղ պատգամաւոր ընտրած է Տիար Ա. Ահարոնեանը, եւ հաղորդած է անոր այդ ընտրութիւնը: Ընդունելութեան մասին ոեւէ տեղեկութիւն ստացած չըլլալով Տիար Ահարոնեանէ, ընտրական ժողովը հեռագրով կը խնդրէ Ազգ. Պատուիրակութենէն ուրիշի մը ընտրութիւնը հրահանգել, եթէ անհրաժեշտ է: Հաւանական նոր ընտրելին կը ներկայացնեն Տիար Սաֆրաստեւսնը: Տիար Ահարոնեան 17 Մայիս 1920 թուակիր նամակով մը կը ծանուցանէ, թէ չի կրնար ընդունիլ այղ «մանտա»ն: Բայց Հանձնաժողովս կը խորհի, թէ այլեւս ուշ է նոր ընտրութեան հրահանգ տալու համար:

Բ. Հին Հունաստան. Աթէնքի եւ Կրետէի հայերը, Մաշթոց Քահանայ Բզնունիի նախագահութեամբ ժողով գումարելով, պատգամաւոր կ՛ընտրեն Պ. Պապաջանեանը եւ հեռագրով կը խնդրեն Ազգ. Պատուիրակութենէն՝ վաւերացնել իրենց ընտրողական իրաւունքը, նկատի ունենալով, թէ հին եւ նոր Հունաստանի գաղութները տակաւին ուրոյն կազմակերպութիւններ են: Համագումարի Դիւանը հրաւիրած ըլլալով Տիար Պաբաջանեանը իբր Աթէնքի պատգամաւոր, արդէն վաւերացուցած է գաղութին ընտրողական իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ընտրեալ պատգամաւորը:

Գ. Նոր Հունաստան. Ազգ. Պատուիրակութեան կողմէ դիմում եղած է Սելանիկի հայ գաղութին՝ հանգուցեալ Տիար Մոստիչեանի տեղ նոր ընտրութիւն մը ընելու: Այնտեղի ընտրողական յանձնաժողովը հեռագրով մը կը յայտնէ, թէ ընտրած է Տիար Ներսէս Խան Քէլէկեանը, հաւանաբար Տիգրան Խան, եւ անոր մերժման պարագային՝ Տիար Գալուստ Կիւլպէնկեանը: Տիար Քէլէկեան Խան արդէն ընտրուած ըլլալով Ֆրանսայի գաղութին կողմէ, իսկ Տիար Կիւլպէնկեանը մերժած ըլլալով, Սելանիկի հայ գաղութը կ՚ընտրէ Տիար Բրօֆ. Թումայեանը, նախապէս անոր հաւանութիւնը առնելով:

Դ. Բողոքական ազգայինք. Կ. Պոլսոյ Համազգային Խորհուրդը 1919 Հունիս 25-ին Համագումարի անդամ ընտրած է Տիար Բրօֆ. Թումայեանը եւ Տիար Սմբատ Գաբրիէլեանը: Վերջինիս մահուընէն ետք Կ. Պոլսոյ Ազգապետարանը անոր տեղ կ՚ընտրէ Տիար Բրօֆ. Լ. Լեւոնեանը, որ սակպյն Տիար Թէքէեանի ուղղուած երկու նամակներով կը յայտնէ, թէ հիւանդութեան պատճառաւ առ այժմ չպիտի կրնայ ներկայ

  1. Պահանջումը ըրաւ Պօղոս Նոլպար Փաշա, նոյնիսկ զարմանք յայ»նելով, որ այղ աստիճան ճշգրիտ, գրեթէ սղագրական կերպով մը տեղի ունեցած է արձանագրութիւնը, եւ շնորհաւորելով Ղիւանը: Բայց լոկ ներկայ նիստին ատենագրութիւնը պատրաստուեցաւ ամփոփման ձեւով, որովհետեւ, յաջորդ նիստին, Պ. Չօպանեանի պահանջման վրայ, վերստին սկսաւ կիրարկուիլ մանրամասն արձանագրութեան դրութիւնը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ նստաշրջանին փակումը: