Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/519

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ըլլալ Համագումարի նիստերուն: Յանձնաժողովս, ի նկատի առնելով, թէ Համագումարը արդէն անցեալ տարի անուանած էր Տիար Բրօֆ. Թումայեանը իբր բողոքական ազգայնոց պատգամաւոր, կառաջարկէ գայն նկատել միշտ իբր այդ, ցորչափ Տիար Բրօֆ. Լեւոնեան չի կրնար մասնակցիլ Համագումարին նիստերուն: Իսկ անոր մասնակցութեան պահուն՝ Տիար Բրօֆ. Թումայեանը ընդունիլ իբր Սելանիկի հայոց ներկայացուցիչ, քանի որ անընդունելի է միեւնոյն պատգամաւորին մէկէ աւելի ձայն ունենալը:

Ե. Անգլիա. Մանչեսթրի ընդհ. ժողովոյ դիւանին կողմէ պաշտօնական գրութիւն մը կը յայտնէ, թէ Լոնտոնի եւ Մանչեսթրի հայոց պատգամաւոր նշանակուած է Տիար Տիրան Տէօվլէթեան, փոխարէն Գր. Յակոբեանի, որ հիւանդութեան պաաճառաւ ստիպուած էր հրաժարիլ իր այդ պաշտօնէն:

Զ. Կիլիկիա. Կիլիկիոյ Ազգ. Միութիւնը Տիար Ձաքարիա Պգտիկեանի ուղղած Յունուար 28 թուակիր հեռագրով մը կը ծանուցանէ անոր ընտրութիւնը իբր Կիլիկիոյ պատգամաւոր: Ազգ. Պատուիրակութիւնն ալ ստացած է այդ ընտրութիւնը հաստատող հեռագիր մը, բայց ցայժմ կարելի չէ եղած գտնել այդ հեռագիրը:


2. Հրաժարականներ

է. Պարսկահայոց ներկայացուցիչ Տիար Մ. Վարանդեան Մայիս 4 թուակիր նամակով մը կը ծանուցանէ, թէ իր այժմու պաշտօնին բերմամբ չպիտի կրնայ մասնակցիլ Համաժողովին նիստերուն: Յանձնաժողովս կը խորհի, թէ կարելի չէ սոյն նամակն ընդունիլ իբր բացարձակ հրաժարական մը եւ կը նկատէ Տիար Վարանդեանը իբր բացակայ, նկատի ունենալով, թէ եթէ պատահի, որ Համագումարի տեւողութեան միջոցին Տիար Վարանդեան ազատ կացուցուի իր նոր պաշտօնէն, ան կատարեալ իրաւունք պիտի ունենայ մասնակցելու ժողովին, իբր պարսկահայ պատգամաւոր:

Ը. Ամերիկայի պատգամաւորներէն երկուքը' Տիարք Մաթիկեան եւ Համբարձումեան՝ պատճառաբանեալ հրաժարական մը ղրկած են Ազգ. Պատուիրակութեան, ինչպէս ծանուցուած է մեզ Քարտուղարութեան կողմէ: Յանձնաժողովիս ղրկուած էր միայն այդ հրաժարականի ֆրանսերէն թարգմանութիւնը: Համագումարս արդէն օրինալոր կերպով բացուած ել իր խորհրդակցութեանց սկսած ըլլալով, Յանձնաժողովս չի կրնար վէճի տակ ձգել անոր գոյութեան իրաւունքը, զոր կը մերժեն ճանչնալ Ամերիկայի յիշեալ պատգամաւորները, եւ կ՚առաջարկէ ընդունիլ անոնց հրաժարականը:

Թ. Պուլկարիոյ Հայ Ազգ. Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը պաշտօնագրով մը կը հաղորդէ, թէ Սոֆիայի վերջին ժողովը կարգիլէ նախապէս ընտրուած երկու պատգամաւորներու մասնակցութիւնը Համագումարի Բ. նստաշրջանին: Թէեւ Վառնայի Ռամկավար Կուսակցութիւնը իր հեռագրով ապօրինի կը հռչակէ Ազգ. Միութեան կագմութիւնը եւ իր վստահութիւնը կը յայտնէ Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշայի եւ Ազգ. Պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ պատուիրակներէն մին՝ Տիար Հինդլեան Մարտ 31 թուականով կը հեռագրէ, թէ հրաւէր ստացած չէ եւ հեռագրի կը սպասէ գալու համար, բայց Յանձնաժողովս կը խորհի, թէ ի նկատի ունենալով Պուլկարահայ Ազգ. Միութեան ընտրողական իրաւունքի հանգամանքը եւ անոր Կեդրոնական Քոմիթէին վերոյիշեալ մերժումը իր անուամբ ոեւէ պատգամաւորի ներկայութեան, պուլկարահայ պատգամաւորները պէտք է նկատել իբր հրաժարեցուած:

ժ. Ազգ. Պատուիրակութեան անդամ Տիար Գ. Փաստրմաճեան Յունուար 17 թուակիր հեռագրով մը կը բողոքէ Ազգ. Պատուիրակութեան ընթացքին դէմ եւ կը հրաժարի թէ՛ Պատուիրակութենէն եւ թէ՛ Համագումարի անդամակցութենէ: Վսեմ. Պօղոս Նուպար Փաշա Յունուար 23 թուականով կը հեռագրէ Տիար Փաստրմաճեանի, թէ կ՛ընդունի այդ կրկին հրաժարականները: