Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/520

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է
Տեղեկաբեր /ստ./ Մ. Տէրպէտէրեան.

17 Մայիս 1920.

Նախագահ Գաբրիէլ էֆենտի Նորատունկեանի առաջարկութեւսն վրայ, Համագումարը որոշեց առանց օրակարգի անցնելու անմիջապէս քննել Յանծնաժողովին տեղեկագիրը, հատուած առ հատուած, եւ ներկայացուած իլրաքանչիւր խնդրի մասին եզրակացութեան մը յանգիլ ւիութով, որպէսզի կարելի ըլլայ, առանց ժամանակ կորուցելու, անցնիլ օրակարգի խնդիրներուն:

Ա. Միջագետք. Յանձնաժողովը գոհացած էր լոկ յիշատակելով Պ. Ահարոնեանի ընտրութիւնն ու հրաժարականը: Համագումարը, նկատի առնելով Պ. Ահարոնեանի հրաժարականին պարզ հանգամանքը, որոշեց ընդունիլ զայն, յոյս յայտնելով, որ Պ. Ահարոնեան կը շարունակէ խորհրդակցաբար մասնակցիլ ժողովին աշխատութեանց, ինչպէս ըրաւ անցեալ տարի:

Պ. Ահարոնեանի տեղ ուրիշ պատգամաւորի մը ընտրութեան մասին Յանձնաժողովը կարծիք յայտնած էր, թէ այլեւս ուշ է նոր ընտրութեան հրահանգ տալու համար: Բայց Համագումարը, նկատելով, որ մէկ շաբաթը կը բաւէ Միջագետքի հետ հեռագրով հադորդակցելու, պաշտօն յանձնեց Դիւանին, որպէսզի հեռագրով մը Պ. Ահարոնեանի հրաժարումը ծանուցանէ Պաղտատի ընտրողներուն, քանի որ այս վերջինները նախապէս յայտնած էին իրենց բաղձանքը՝ Պ. Սաֆրաստեանը ունենալու պատգամաւոր, եթէ երբեք Պ. Ահարոնեան չընդունէր:

Այս որոշումը տրուեցաւ նկատելով նաեւ, որ Պ. Սաֆրաստեան կը գտնուի Լոնտոն, ուրկէ կրնայ շուտով Փարիզ ժամանել, պարագայ' զոր կ՛անգիտանար Յանձնաժողովը:

Բ. եւ Գ. Հին եւ Նոր Յունաստան. Յանձնաժողովը, յիշատակելով Պ. Պապաջանեանի ընտրութիւնը հին Յունաստանի հայ գաղութին կողմէ, եզրակացուցած էր, թէ «Համագումարի Դխանը հրաւիրած ըլլալով Տիար Պապաջանեանը իբր Աթէնքի պատգամաւոր, արդէն վաւերացուցած է գաղութին ընտրողական իրատւնքը, ինչպէս նաեւ ընտրեալ պատգամատրը»:

Գաբրիէլ էֆենտի Նորատունկեան տեսնել տուաւ, թէ Դիւանը ինքնին չի՛ կրնար պատգամաւորի մը ընտրութիւնը վաւերացնել, քանի որ այդ իրատւնքը կը պաքթանի լոկ ժողովին, եւ թէ իր կողմէ եղած հրաւէրն ալ վաւերացում չի՛ նշանակեր: Այդ հրաւէրը անհրաժեշտ ձեւակերպութիւն մըն է, որ կ՚ըլլայ որոշ «մանտա»-յով մը ներկայացուած իւրաքանչիւր պատգամաւորի, որոնց ընտրութիւնը յետոյ ժողովը կրնայ վաւերացնել կամ բեկանել:

Պ. Արտաւազդ Հանըմեան ժխտեց Հին Յունաստանի գաղութին ընտրողական իրաւունքը, առարկելով, որ անցեալ տարի արդէն իսկ խնդիր կար այս մասին ու մերժուած, եւ թէ Համագումարը չէր կրնար այս անգամ ընդունիլ իրաւունք մը, զոր մերժած էր ընդունիլ նախորդ նստաշրջանին: Պ. Հանըմեան յիշատակեց նաեւ ուրիշ գաղութներու կողմէ, ինչպէս Պէլճիքա, Հապէշստան, եւ այլն, եղած համանման դիմումները, որոնք նոյնպէս մերժուեցան: Եւ արդէն, յարեց, Աթէնքի, Պերէսնի եւ Կրետէի հայերը, որոնք կը կազմեն Հին Յունաստանի հայ գաղութը, անցեալ անգամ Պ. Մոստիչեանի ընտրութեան մասնակցեցան Սելանիկի մէջ, Նոր Յունաստանի հայոց հետ:

Պ. Վահան Թէքէեան պատասխանելով յայտնեց, թէ Աթէնքի հայերը անցեալ տարի առանձինն ընտրութիւն կատարած էին յանձին Պ. Խանզատեանի, որ այդ ընտրութիւնը հաստատող նամակ մը բերած էր՝ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաշթոց Քահանայի սւոորագրութեամբ: Հաւանական է որ, յարեց, եթէ Պ. Խանզատեան կամովին չհեռանար եւ պնդէր իր ընտրեալի իրատւնքին վրայ, Համագումարը պիտի ընդունէր զինքն ալ, ինչպէս ընդունեց օրինակի համար Պ. Տէրպէտէրեանը, զոր Ռումանիոյ հայ գաղութը ընտրած էր առանց ընտրութեան հրահանգ ստացած ըլլալու: Հաստատելով