Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/526

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ռազմական եւ քաղաքական ծրագիրներուն դէմ [կռուեցանք] Դաշնակիցներու կողքին: Եթէ այս տեսակէտով թրքահայոց պահանջումը խնդրական ալ նկատուէր, գոնէ ռուսահայոց համար երկմտութիւն չկար: Ռուսահայերը պատերազմէն առաջ կը կազմէին Ռոաիոյ մաս. իրենց պատերազմիկ ժողովուրդի հանգամանքը բնաւ տարակոյս չի վերցներ, եւ աւելի քան 180.000 էին Կովկասի այն հայերը, որոնք ոոաերուն հետ զանազան ճակատներու վրայ կռուեցան Գերմանիոյ դէմ: Իրենցմէ 6000-է աւելին ինկան պատերազմի դաշտերուն վրայ: Երբ միւս պատերազմիկ պետութիւնները իրաւունք ունեցան իրենց բոլոր մեռած կամ հաշմանդամ զինուորներուն համար հատուցում ստանալու, ինչո՞ւ նոյն իրատւնքը չունեցանք նաեւ մենք: Հատուցման խնդրին մէջ՝ Ռոաիոյ իրատւնքը բացայայտ է, իբր Գերմանիոյ դէմ կռուած ժողովուրդ: Ռուսահայերը այս հիման վրայ նոյնքան իրաւունք ունին: Անոնք իբր մասնիկ Դաշնակից պետութիւն եղող Ռուսաստանի, իրենց յանձնառութիւնն ու դերը շարունակեցին կատարել նախ իբր բաղկացուցիչ ժողովուրդը Ռուսաստանի, յետոյ ինքզինքնին անկախ յայտարարելով, իբր քաղաքական ուրոյն միութիւն: Հանգամանք, որ իրենց իրաւունք տուաւ ներկայ դաշնագրին մէջ Դաշնակից հռչակուելու եւ հատուցում ստանալու: Տիրէքթիւ մը չէր, զոր պարտաւորեցինք Պատուիրակութեան, այլ՝ յանձնարարութիւն մը, եւ խնդրին ունեցած մեծ կարեւորութիւնը ինքնին պատճառ մը պէտք էր ըլլար, որ չանտեսուէր այս յանձնարարութիւնը: Երէկ սակայն, Պատուիրակութեան տեղեկագրին ընթերցման միջոցին տեսանք, որ չէ յարգուեր այս յանձնարարութիւնը: Կը խնդրեմ որ այս զանցառութեան պատճառը պարզեն: Այս՝ մէկ:

Երկրորդ խնդիրը կը պաքթանէր Թուրքիոյ հանրային պարտքին բաժանման: Այդ բաժանումը պէտք է տեղի ունենար Թուրքիայէն անջատուելով՝ պետութեան կազմէն ժողովուրդներու հանրային հարստութեան համեմատութեամբ: Տարրական արդարութիւնն իսկ այս կը պահանջէր: Բայց դաշնագիրը ցոյց կուտայ, թէ ո՛չ միայն չէ յարգուած այդ արդարութեան տեսակէտը, այլ ընդհակառակը, բոլորովին անարդար բաժանում մըն է եղած: Իբր օրինակ մէջ կը բերեմ էրզրում, Վան եւ Պիթլիս նահանգները: Երեքը մէկ՝ պատերազմէն առաջ տարեկան 750 000 ոսկի եկամուտ ունէին: Մօտատրապէս երկու միլիոն բնակիչ կար անոնց մէջ, 5-6 միլիոն ոչխար եւ արջառ ունէին: Բայց ասիկա պատերազմին առաջի վիճակն է: Այս վիճակին վրայ հիմնուեր է հանրային պարտքի հատուցման բաժինը, մինչդեռ այսօր այդ երեք նահանգներում մէջ ո՛չ տուն է մնացեր, ո՛չ անասուն, ո՛չ հարստութիւն, ամեն բան քանդուեր, աւերակ դարձեր է, մարդ ալ չէ մնացեր ընդհանրապէս, որով [երեքին] ալ հանրային հարստութիւնը ոչինչ կը ներկայացնէ: Այս անարդարութիւնը դարմանելու համար ոեւէ ձեռնարկ չէ եղած, ինչպէս յայտնի եղաւ տեղեկագրին ընթերցումէն: Երբ այս անգամ Երեւանէն ճամբայ ելայ, կը կասկածէի, որ այս անփութութիւնը կը գործուի, որովհետեւ տեղեկացած եմ, թէ Պատուիրակութիւնն իր ամբողջ գործունէութիւնը յաքթացուցած է ներքին վէճերու եւ սահմաններու որոշման հարցին: Այդ նկատումով ալ Պոլսոյ մամուլին մէջ բաց նամակ մը ուղղեցի Պատուիրակութեան հասցէին, որպէսզի քանի ուշ չէ՝ զբաղին նաեւ այս հարցով: Այսպէս, կը կարծեմ, թէ շատ ալ դժուար չպիտի ըլլար այս անարդարութեան բարձումը, որովհետեւ ասիկա քաղաքական հարց չէ, անկախութեան հարց չէ, սահմանի հարց ալ չէ, այլ՝ լոկ ելեւմտական հարց մը, որու մասին ոեւէ Դաշնակից պետութիւն չպիտի ուզէր ժխտել մեր իրատւնքը, քանի որ բոլոր ալ գիտեն ու կը հռչակեն, թէ հայ ժողովուրդը կողոպտուեցաւ, աղքատացաւ, վատացաւ՝ պատերազմին մէջ բռնած դիրքին բերումով: Կը կրկնեմ՝ ասիկա սահմանի հարց չէ, որ մերժուէր ...

Տիար Ա. Չօպանեան. Հայ ազգը գերութենէ ազատելու, հայ պետութիւն մը հիմնելու եւ անոր կարելի եղածին չափ ընդարձակ սահմաններ ապահովելու աշխատութիւնը նուա՞զ կարեւոր էր: