Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/527

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Թէրգիպաշեան. Չես ըսեր, որ նուազ կարեւոր էր: Բայց մէկուն կարեւորհւթիւնը միւսին կարետրութիւնը չի պակսեցներ: Դաշնագրին տրամադրութեամբ՝ 3 միլիոն ոսկի պարտք է դրուեր ժողովուրդի մը վրայ, որուն տունը-տեղը քանդուած է, որ հիմնովին որբացած է, նոյնիսկ ապրուստի միջոցէն զուրկ է: Այս ժողովուրդը պիտի ստիպուի տարեկան 300 000 հնչուն ոսկի տոկոսի գլխավճար տալ. հաշուեցէք, թէ քանի միլիոն կ՚ընէ այս գումարը: Ես այն համոզումն ունիմ, որ զանցառութիւն մը եղեր է եւ կը փաւիաքիմ հասկնալ, թէ ինչո՜ւ եղաւ այդ զանցառութիւնը:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Կը պատասխանեմ նախ Տիար Թէրգիպաշեանի առաջին հարցման:

Գերմանիայէն հատուցում ստանալու համար ուղղակի պահանջ չդրինք, ասիկա ճիշդ է: Բայց եթէ դրած ըլլայինք այդ պահանջը, ի՜նչ պիտի ստանայինք իրմէ: Մեծ օրինակ մը ունինք այս մասին աչքերնուս առաջ' Ֆրանսան: Գերմանիայէն ամէնէն աւելի վնաս տեսած պետութիւնն է, Ել մեր դիրքին մէջ ալ չի գտնուիր: Չէ՛ք հետեւիր այն բանակցութեանց. որոնք ամիսներէ ի վեր տեղի կ՛ունենան, ստիպելու համար Գերմանիան, որ վճարէ: Ի՜նչ արդիւնք գոյացաւ: Եւ Ֆրանսայի համար իրապէս գոյութեան խնդիր մըն է այդ հատուցման հարցը: Իրեղէն դրութիւնը մէջտեղն է. առանց ԳԵրմանիոյ վճարելիք տուգանքին՝ կարելի չէ, որ կարգի դնէ իր ելեւմուտքը: Եւ սակայն ի՜նչ կրցաւ ստանալ: Երբ Ֆրանսա չի կրնար իր խօսքը քալեցնել, մե՞նք պիտի քալեցնենք մեր խօսքը: Խնդրեմ, ինքզինքնիս չխաբենք, որովհետեւ կատարեալ ինքնախաբէութիւն մըն է հաւատալ, թէ Գերմանիա պիտի գոհացներ մեզ՝ եթէ իրմէն հատուցում պահանջած ըլլայինք:

Տիար Ա. Չօպանեան. ճիշդ է, որ անցեալ տարի Համագումարը այդ տեսակ յանծնարարութիւն մը ըրաւ: Բայց չկարծուի, թէ զանցառու գտնուեցանք: Շատ դիմումներ ըրինք անձերու. սակայն խորհուրդ տուին մեզի, որ ետ կենանք, որովհետեւ, կըսէին, բացարձակապէս անկարելի է:

Տիար Ա. Թէրգիպաշեան. Ֆրանսայի պաշտօնատարները անշուշտ:

Տիար Ա. Չօպանեան. Մինակ ֆրանսացիք չէին ըսողը: Բոլորն ալ այդպէս կըսէին:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Ամեն անգամ, որ հատուցման խնդիր եղաւ, ըսին, թէ մի՛ պնդէք, ձեզի գոհացում պիտի տրուի: Տարտամ խօսք, բայց վերջապէս խոստում մըն էր. եւ մենք չէինք կրնար զիրենք ստիպել, որ անպատճառ մանրամասնութեանց մէջ մտնեն, ըսեն թէ ի՞նչ տեսակ գոհացում պիտի տան եւ ի՞նչ չափով: Ինչո՞ւ կը մոռնաք այն Յիշատակագիրը, զոր տուինք ազգին ենթարկուած վնասներուն նկատմամբ, եւ որուն մէջ միլիարդներու պահանջ դրած ենք: Արդեօք կը հաւատա՞ք, որ մենք չէինք ուզեր մեր վնասներուն դարմանումը:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Տիար Թէրգիպաշեանի յարուցած առաջին խնդիրը բաւական լուսաբանուեցաւ: Թերեւս աւելորդ չըլլայ ըսուած խօսքերուն աւելցնել, թէ դաշնագիրը հատուցման խնդրին մէջ զանազանութիւն մը կը դնէ Դաշնակից պետութեանց հպատակներուն եւ ոչ-հպատակներուն միջեւ: Այս մասին գոյութիւն ունեցող տրամադրութիւնները շատ որոշ են, իրաւական տեսակէտով՝ առաջինները նկատուած են պատերազմիկ եւ վերջինները' ոչ: Ու քանի որ մենք վերջիններուն մէջ ենք, ասիկա կը նշանակէ, թէ ճշմարիտ պատերազմիկներ չենք նկատուած: Հետեւաբար աշխատիլ հարկ է հաւասար իրաւունքներ ձեռք բերելու:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Հիմա պէտք է ընել ատիկա, եւ արդէն անգործ չենք մնար, կը խորեինք այս առիթը օգտագործելու:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Մանաւանդ որ մինակ չենք: Այդ զանազանութիւնը լոկ մեզի համար չէ տրուած. միա բոլոր տարրերն ալ մեզի պէս ու պատերազմիկ նկատուած են: Անոնց, ինչպէս մեր շահը կը պահւսնջէ, որ ձեռք-ձեռքի տանք եւ աշխատինք դաշնագրին այդ կէտը սրբագրելու: Յուզուած երկրորդ խնդիրը