Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/528

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կը պաքթանի հանրային պարտքի հարցին: Տիար Թէրզիպաշեան կը գանգատի, թէ անիրատւած ենք այդ մասին, եւ թէ Պատուիրակութեան տեղեկագրին մէջ չէ յիշուած այն տեսակ ձեռնարկ մը, որ կատարուած ըլլար այս անիրասսսութիւնը դարմանելու համար:

Տիար Ա. Չօպանեան. Տիար Թէրզիպաշեան կը գանգատի, թէ մենք անիրատւած ենք այդ հարցին մէջ: Քայց ինչո՞ւ կը մոռնայ, թէ հանրային պարտուց վճարման մասին դաշնագրին տրամադրութիւնները կը պաքթանին ընդհանուր տարրերուն եւ ոչ թէ միայն մեզի: Կարելի՞ էր բացառութիւն մը ձեռք բերել հայոց համար: Տարակոյս չկայ, որ ամէնքս ալ կը փափաքինք չվճարել, բայց խնդիրը ո՛չ թէ վճարել չուզելու, այլ չվճարելու կարելիութեան վրայ էր. եւ ատիկա անհնար եղաւ բացարձակապէս: Յոյներն ալ կը վճարէին: Ինչպէ՞ս միայն մենք կրնայինք չվճարել: Գալով Գերմանիայէ ուղղակի հատուցում ստանալու խնդրին, անշուշտ պէտք չկայ ըսելու, թէ պատերազմին պատճառաւ ամէնէն ահաւոր կերպով վնասուած ազգը մենք ենք: Յոյներն ալ կան, եւ իրենց կրած վնասին համեմատութեամբ, մեզմէ անմիջապէս վերջ անոնք կու գան: Հակառակ անոր, որ Պ. Վենիզելոսի պէս ազդեցիկ մարդ մը ունէին իրենց պահանջմանց պաշտպանութեան համար, կրցա՞ն հատուցում ստանալ:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Յոյները ստացած են:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Բայց սխալ, սխալ է: Հատուցում ստացողները Թուրքիոյ յոյները չեն, այլ՝ Հելլենիոյ, որոնք իբր պատերազմիկ կռուեցան Դաշնակիցներուն հետ, ոչ միայն Գերմանիոյ, այլ նաեւ Պուլկարիոյ եւ Աւստրիոյ դէմ:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Մենք ալ պատերազմին մէջ էինք, մենք ալ կռուեցանք:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Շատ աշխատեցանք, որ մենք ալ մեզ պատերազմիկ հռչակել տանք: Այնքան անգամներ գրեցինք այդ մասին, բայց պատասխան իսկ չտրուեցաւ: Յետոյ մինակ մենք չէինք կռուեր: Թուրքիոյ յոյները նոյնպէս կռուեցան: Ի՞նչ կրցան ստանալ: Ի՞նչ ստացան օրինակի համար Ատրպէջանի յոյները: Ամէնքս ալ զոհուեցանք, ամէնուս ալ անարդարութիւն եղաւ: Համաձայն եմ այս մասին: Բայց Դաշնակից պետութեանց դէմ ըլլալիք գանգատները չեմ հասկնար, թէ ինչո՞ւ մեզի կ՛ուղղեն:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Գոնէ պէտք էր ատիկա յիշատակել տեղեկագրին մէջ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Տեղեկագիրը չէր կրնար ամեն մանրամասնութիւն պարունակել. նոյնիսկ երկար ալ էր, եւ ճիշդ ատիկա դիտել տուի երբ պատրաստուեցաւ: Վերջապէս, պիտի վիճաբանինք մեր գործունէութեան կապուած բոլոր խնդիրներու մասին: Տեղեկագիրը պարզ ուղեցոյց մըն է: Կրնայ պակասներ ունենալ, որովհետեւ արդէն կարելի չէր ամեն բան յայտնել անով: Բայց մենք հոս ենք արդ պակասները լրացնելու համար: Գալով հանրային պարտուց սահմաններուն հարցին, ատիկա այն տեսակ խնդիր մըն էր, որ լոկ հայերը չէր հետաքրքրէր, այլ բոլոր ազգերը: Չէինք կրնար յաւակնիլ, որ մեզի համար առանձին կարգադրութիւն մը ըլլար:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Որչափ որ կը յիշեմ, Միացեալ Պատուիրակութեան տուած պաշտօնական Յիշատակագրին մէջ հատուած մը կար, որ կ՚ակնարկէր հանր. պարտուց հարցին եւ կ՚առաջարկէր փոխարինութիւն մը: Ստոր վրայ հիմնուելով թերեւս կարենանք անդրադառնալ բացառիկ կարգադրութիւն մը ձեռք բերելու մտածման: Վան, Պիթլիս, էրզրում՝ քար ու քանդ վիճակի մէջ են: Արդարութիւն է, որ հատուցում ըլլայ տեղի ունեցած քանդումներուն փոխարէն, այլ նահանգները դնելու համար այն տեսակ վիճակի մը մէջ, որ անոնց վերածնութիւնը ընթանայ եւ կարենան ի մէջ այլոց վճարել նաեւ հանր. պարտուց բաժինը: Պուլկարիոյ հետ կնքուած դաշնագրին մէջ ալ ուշադրութիւն գրաւեց տրամադրութիւն մը, որ որոշ կերպով կը նուիրագործէ en nature ըլլալիք հատուցման սկզբունքը, պուլկարները յանձնառու եղած են Սերպիոյ քանդուած վայրերը վերաշինել եւ յափշտակած անասունները հայթայթել: Նոյնը եղած է նաեւ Պելճիքայի համար: Նոյն