Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/529

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նախընթացներու վրայ հիմնուելով կարելի է դիմումներ ընել պետութեանց մօտ, գոնէ որոշ չափով մը ձեռք բերելու համար այն. ինչ որ այնքան արդարօրէն կը պահանջ Տիար Թէրզիպաշեան: Որովհետեւ բացայայտ է, թէ Դաշնակիցները չոր նուէր մը կ՛ընեն մեզի, Հայաստանի մաս դարձնելով լոկ այն տեսակ նահանգներ, որոնք զուրկ են բարգաւաճման ամեն միջոցէ, նոյնիսկ բաւական հարուստ ժողովուրդ ալ չունին, որան արդիւնաբերութեան շնորհիւ կարելի ըլլայ այդ նահանգներ վրայ դրուած հարկը հատուցանել:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Կը վերապահեմ իմ իրաւունքս այս խնդիրներում վերադառնալու հետ անոնց էութեան մասին վիճաբանութեան ձեռնարկելու: Այդ առթիւ աւելի որոշ կերպով պիտի պատասխանեմ Վսեմ. Պօղոս Փաշայի մէջ բերած առարկութեանց, որոնք չկրցան փոխել համոզումս: Ես միշտ այն հաւատքը ունեցեր եմ, թէ իրենք նախապաշարումով, կանխակալ եւ անվստահութեամբ մօտեցած են այս հարցին, եւ ատիկա ջլատեր է իրենց գործունէութիւնը: Նախապաշարում, թէ անկարելի է Գերմանիայէն ոեւէ հատուցում ստանալ: Բայց բոլոր թշնամի ժողովուրդներու մէջ լոկ գերմաններն են, որոնք կրնային կարճ ատենուան մը միջոցին վերականգնիլ, հետեւաբար նաեւ՝ վճարել: Եւ այդ վճարումէն բաժին ստանալու համար, կը կրկնեմ, թէ մեր իրաւունքը ճիշդ ու ճիշդ այն գիծին վրայ էր, ուր որ կը գտնուէր բոլոնիացւոց եւ հէլլէններուն իրաւունքը:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Ներեցէ՚ք, որ դիտողութիւն մը ընեմ: Համոզուած եմ, որ իրաւապէս ոեւէ հիմ չունէինք Գերմանիայէն հատուցում պահանջելու: Բոլոր խօսակցութիւնները զորս ունեցած եմ այդ խնդրին նկատմամբ, աւելին զօրացուցած են այս համոզումս: Չեմ կարծեր, որ ոեւէ օրէնսգէտ երբեք իրատւնք տայ այս մասին Տիար Թէրզիպաշեանի: Բայց նորէն դիմում պիտի ընեմ կարող օրէնսգէտի մը՛ այդ մասին իր կարծիքը իմանալու համար: Գոնէ խիղճերնիս հանդարտ կըլլայ: Ով գիտէ, թերեւս Հայ Հանրապետական կառավարութիւնը իրատւնք ունէր, բայց վստահ չեմ:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Մեր յանձնարարութիւնը Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեանն եղած էր: Քանի որ այս խնդրին էութեան անցանք, ես մէջ պիտի բերեմ այն բոլոր փաստերը, որոնք կը հաստատեն իմ տեսակէտս: Մայնի առաջին ձախողումէն ետք, գերմանները Թուրքիան Դաշնակիցներուն դէմ հանեցին: Անշուշտ պէտք չկայ շեշտելու այն մեծ կարեւորութիւնը, զոր Դաշնակիցներուն համար ունէր եւ ունեցաւ Թուրքերուն պատերազմի մասնակցութիւնը:

Թուրքերը, առաջին րոպէին իսկ մեծ վտանգ մըն էին Դաշնակիցներուն համար, եւ այդ վտանգին առաջ հայերը կուրծք տոլին, իրենց բոլոր ռազմիկ տարրերով, ռուս բանակին մէջ կամ անջատ կամավորական խումբերով: Իրենց կատարած դերը ո՛չ թշնամիները ուրացան, ո՛չ ալ Դաշնակիցները: Սարըղամիշի [Ռեւանտուզի] մէջ՝ մեծապէս նպաստեցին յաղթանակին: Միւս կողմէ, գրատը անհերքելի փաստեր ունինք այսօր, թէ գերմանները ուղղակի մեղսակից էին հայոց տեղահանութեան ու ջարդերում: Իրենց այս մեղսակցութիւնը հաստատուած է նոյնիսկ գերմաններ, ինչպէս Տոքթ. Ռոյպախի եւ Տոքթ. Լեփսիուսի հրաւոարակութիւններով: Մենք ստացանք նոյն ինքը Պ. Բիշոնի «շիֆրէ»ով Պօղոս Փաշայի մեկ հեռագիրը, որ կըսէր՝ եթէ թորքահայերը ռուսահայերու հետ իրենց սեփական ոյժերով կարենան պաշտպանել Թրքահայաստանը, Դաշնակիցները պատրաստ են զինոտրական եւ ելեւմտական աջակցութիւն ընծայել անոնց եւ չպիտի հակառակին, եթէ անոնք անկախութիւն յայտարարեն: Երկրորդ անգամ՝ հայերը 1917ի վերջին մեծ դեր մը կատարեցին Կովկասի մէջ, պահելով ռուսերուն լքած ճակատը, հակառակ այն բոլոր դժուարութիւններուն, որոնցմէ շրջապատուած էին, հակառակ նոյնիսկ ամբողջովին բնաջնջուելու վտանգին: Ու տակաւին հայերն իրենց արիւնը շռայլեցին Եւրոպա, Սուրիա եւ այլուր, պատերազմի ճակատներում վրայ: Արդեօք այս ամենը իրաւական հիմեր չե ն հատուցում ստանալու համար: Բոլոնիա ճիշդ ու ճիշդ մեր դերին մէջ կը գտնուէր: Բայց անոնք աւելի իմաստութեամբ կրցան վարուիլ: Մենք չեմ ըսեր, թէ աւելի