Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/530

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

յիմար, բայց աւելի անկեղծ եղանք: Չկրցանք արժեցնել մեր իրատւնքը: Մինչդեռ բոլոնիացիք, որոնց իրաւական հանգամանքը մեգի հետ նոյնն էր, կրցան զայն արժեցնել: Անոնք ստացան, որովհետեւ մեզի պէս նախապաշարուած չէին, թէ անկարելի է ստանալ: Ստացան՝ որովհետեւ կրցան կէտի մը մասին մանաւանդ մեր իրաւունքը հարիւրին-հարիւր անվիճելի էր: Ռուսահայերը 180 000 զինուոր տուեր էին ռուս բանակին, զինուեր էր մեր ժոովուրդին տասէն մէկը: Անոնցմէ 6-էն 7000ը ինկան պատերազմի ղաշտերուն վրայ: Չեմ հաշուեր տակաւին հաշմանդամները: Երբ հարուստ ժողովուրղներ իրենց յետին մեռած կամ հաշմանդամ զինուորներուն համար հատուցում ստացան, ինչո՞ւ այս իրաւունքը զլացուեր մեզի պէս կարօտ ժողովուրդի մը, որուն ընծայած աջակցութիւնը Դաշնակիցներուն՝ շատ մեծ բան էր բաղդատմամբ իր միջոցներուն: Եւ մեր դերը չլրացաւ Ռուսիոյ կողմէ զենքերը վար դրուելեն վերջ: Ռուսահայերը բողոքեցին Պրէսթ-Լիթովսքի Դաշնագրին դէմ, պահեցին իրենց ճակատը եւ շարունակեցին կռիւը, չնայելով իրենց անբաւականութեան եւ այն ահաւոր կորուստներուն, որոնց ենթարկուեր էին: Իրենց դիմադրութիւնը տեւեց մինչեւ այն վայրկեանը, երբ ատիկա հնարաւոր դարձաւ: Արդեօք այս ամենը իրաւական հիմեր չէի՞ն, որպէսզի կարենար իր վնասներուն հատուցումը ստանալ: Ես իրաւաբան չեմ: Բայց մեր մէջ կան իրաւաբաններ. կը ւիափաքիմ, որ իրենց կարծիքը յայտնեն այս ամէնուն նկատմամբ: Ես կ՛ուզեմ մէկ բան միայն աւելցնել, սա' թէ ժամանակն է, որ վարժոփնք պատասխանատոտւթիւնները փնտրելու, պատասխանատոտւթիւնները ճանչնալու եւ գնահատելու. այլապէս' չպիտի կրնանք լաւագոյն բախտի մը արժանացնել նոյնիսկ այն ափ մը ժողովուրդը, որ մեզի կը մնայ այս բոլոր կորուստներէն ետք:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Տիար Թէրզիպաշեանի պարզած տեսակէտներուն մէջ կը գտնուին երեք կարեւոր կէտեր: Առաջինը՝ արդարութեան տեսակէտն է, երկրորդը՝ իրաւական. իսկ երրորդը՝ դժուար է սահմանել միակ բառով մը, բայց վերջապէս կրնանք մերձաւորագոյն բացատրութեամբ մը ըսել՝ կարելիութեան տեսակէտ:

Առաջին կէտին նկատմամբ բոլորովին համաձայն եմ Տիար Թէրզիպաշեանի: Թէ արդարութեան հարկ մըն էր, որ հատուցում ստանայինք մեր բոլոր վնասներուն համար, այս մասին ո՛չ ոք տարակարծիք է: Բայց արդէն առիթը ունեցայ յայտնելու, թէ լոկ բաղձանքի խնդիր չէր ասիկա:

Երկրորդ տեսակէտին՝ իրաւական տեսակէտին համար՝ յայտնեցի իմ կարծիքս: Բայց նաեւ պիտի հարցնեմ կարող օրէնսգէտի մը, որքան ալ անխախտ մնացած ըլլայ իմ համոզումս, թէ Դաշնակից պետութիւնները երբեք մեզի համար իրաւունք մը չպիտի նկատէին Գերմանիայէ հատուցման պահանջումը:

Կը մնայ երրորդ տեսակէտը, կարելիութեան տեսակէտը: Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ ինչ որ պէտք էր եւ կարող ենք ընել՝ ըրինք: Եթէ դատարանի մը առջեւ ըլլայինք որմէ արդարութիւն պիտի պահանջէինք, խնդիրը կը տարբերէր: Այդ պարագային ամեն հնարատրութիւն կ՛ըլլար, որ պաշտպանենք մեր պահանջումները, եւ մաքառինք անոնց յաղթանակին համար: Բայց Դաշնակիցներուն եւ մեր դիրքը այդ չէր: Մենք հեռու կը պահուէինք դատավարութենէն, մեզի դէմ որոշումներ կը տրուէին, որոնց մասին տեղեակ չէինք, որովհետեւ մեզմէ գաղտնի կ՛ըլլար այս ամենը, եւ մեր մասին կարծիք մը կը գոյացուէր առանց մեզ լսելու: Այսպէս վարուեցան Դաշնակիցները: Ել իրենց արդարութեան վճիռը՝ դաշնագիրը, մէջտեդն է: Իմ մասին, կրնաք վստահ ըլլալ, որ միշտ առաջինը պիտի ըլլամ յայտարարելու համար, թէ ոչինչ այնքան անարդար, շնական ու գայթակղական է, որքան այդ դաշնագիրը: Ինչո՞ւ սակայն այս անարդարութիւնը մեր երեսին կը տրոփ հիմա այն տեսակ եղանակով մը, որ կարծես, թէ մենք ենք ատոր պատճառը:

Տիար Ա. Հանըմեան. Տիար Թէրզիպաշեան գանգատներ ունի, որոնք հեռուէն հեռու կակնարկեն ազգին ամբողջութեան վերագրելի սխալներու: Չեմ հասկանար, թէ