Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/531

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ինչպէ՞ս կարելի կըլլայ այդ բոլոր գանգատները բերել կեդրոնացնել Ազգ. Պատոփրակութեան դէմ: Եւ յետոյ՝ խօսելու եղանակ մը ունի, որան համար՝ կարծես ինք միայն գգացեր է ժողովուրդին ցաւը, ժողովուրդին եղած անարդարութիւնը:

Տիար Թէրզիպաշեան. Ես այդպէս չըսի:

Տիար U. Հանըմեան. Բայց միշտ պէտք կը տեսնէք մեգի կրկնելու, թէ բացառիկ նշանակութիւն մը պէտք է տալ ձեր ամեն ըսածին, քանի որ 700 000 ժողովուրդ կը ներկայացնէք:

Տիար Թէրզիպաշեան. Թաղթեր ունիմ ապացուցանող թէ 75 000 ժողովուրդի անունով կը խօսիմ, ժողովուրդ, որ իմ վրաս պարտք դրուած է իր շահերը պաշտպանելու եւ որան հաշիւ պէտք է տամ:

Տիար Ա. Հանըմեան. Ուրիշ թաղթեր ալ կը նկատեն, թէ իրապէս ո՛չ ոք կը ներկայացնէք. Գալով ձեր փաստերում, որոնցմով իբր թէ պիտի ապացուցենք հատուցման պահանջին օրինական հիմքը, համոզիչ չեն դժբախտաբար, արդարացնելու համար այն մեղադրանքը, զոր կուղղէք Պատուիրակութեան: Եթէ ըսէիք, թէ Պատոփրակութիւնը չէ յաջողած հայ ազգը պատերազմիկ հռչակել տալու, աստիճան մը պիտի ըմբռնոփ այն մեղադրանքը, որովհետեւ առանց այդ ճանաչման՝ հատուցման խօսք ընել կարելի չէր: Բայց կրնանք վստահ ըլլալ, որ Պատոփրակութիւնը ամեն բան ըրաւ, որպէսզի հայ ժողովուրդն ալ մտնէ պատերազմիկ ազգերու կարգը:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Աասնատրաբար շատ կարեւոր նամակ մը գրած ենք Դաշնակից պետութեանց, այն նամակը, որով կը ծանուցանենք մեր անկախութեան յայտարարութիւնը: Մեր կողմէ մէջ բերուած բոլոր փաստերը այդ յայտարարութեան մասին՝ հիմնուած էին մեր պատերազմիկ ժողովուրդի հանգամանքին վրայ, եւ ըսած էինք ամեն բան, որով կարելի էր արժեցնել այդ հանգամանքը:

Տիար Ա. Հանըմեան. Այն օրը, երբ Վերսայլի Վեհաժողովը չընդունեց հայերը իբր պատերազմիկ, հատուցման մեր իրատւնքը կորսնցուցած էինք: 180000 ռուսահայերու պատերազմին մասնակցիլը չէր կրնար բացառիկ իրատւնք մը ստեղծել հայոց համար որոնք, ռուս բանակին մէջ կը նկատոփն ռուս զինուոր, ինչպէս ռուս զինուոր նկատուեցան լէթթոնները, էսթոնիացիները, ֆինլանտացիները, ուքրէնները, որոնք հայոց նման ռուսերուն հետ կռուեցան Գերմանիոյ դէմ՝ Դաշնակիցներուն հետ կողք-կողքի, եւ որոնց նույնպէս հատուցում չեղաւ:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Հապա բոլոնիացիք, ինչո՞ւ անոնք հատուցում ստացան:

Տիար Ա. Հանըմեան. Ներողութիւն, բոլոնիացիք զինադաղարէն առաջ պատերազմիկ ազգ ճանչցուած էին Դաշնակիցներուն կողմէ, ունէին առանձին բանակ, եւ առանձին ճակատ մը կը բռնէին: Ռուսիայէն անջատուելով կազմուած միւս բոլոր պետութիւնները այդ հանգամանքը չունեցան: Լիթուանիա, էսթոնիա, Ոլքրանիա, Ֆինլանտա' հատուցման հարցին մէջ իրաւապէս այն դիրքը ունէին, ինչ որ ունի հայկական պետութիւնը: Եւ պէտք չէ մոռնալ, որ անոնք շատ աւելի մեծ ու կարեւոր դեր մը խաղացին պատերազմին մէջ: Անշուշտ տարբեր արղիւնք կը գոյանար, եթէ երբեք յաջողած ըլլայինք հայերը հռչակել տալ իբր պատերազմիկ ազգ: Բայց կը կրկնեմ, որ այդ նպատակով ամեն դիմում ըրաւ Պատոփրակութիւնը ու չյաջողեցաւ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա. Շատ ճիշդ է, շատ ճիշդ:

Տիար Թէրզիպաշեան. Պատերազմիկ ժողովուրդի հանգամանքն ու հատուցման հարցը կապ չունին իրարու հետ:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Բայց օրինական չէ ինչ որ կը հնչէ. երբեք ազգ մը, առանց պատերազմիկ ճանչցուելու, չի կրնար հատուցում ստանալ:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Ամերիկա եւ Անգլիա, Կովկասի ինչպէս Սուրիոյ ու Միջագետքի մէջ կ՛օգնեն մեր ժողովուրդին, ուրեմն կը ճանչնան մեր իրաւունքը, թէ